image

Վերջին հանգիստ՝ Տ. Անդրանիկ ծ. Վրդ. Կռանեանի

Վերջին  հանգիստ՝    Տ. Անդրանիկ  ծ.  Վրդ. Կռանեանի

 Պէյրութի  մէջ  այս առաւօտ   վախճանած է    երախտաշատ  եւ նուիրեալ  կրօնաւոր   Տ. Անդրանիկ Անդրանիկ   ծ.վրդ.  Կռանեանը:  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ   յայտնեց, որ  վարդապետը  իր   հոգին աւանդած է այսօր վաղ  առաւօտուն   Զմմառու վանքի իր սենեակին  մէջ:

 Հակառակ  յառաջացեալ  տարիքին,  Անդրանիկ   ծ. վարդապետը  մինչեւ   վերջին  շունչը մնաց  պատնէշի վրայ:

Հայութեան      տագնապներով   տրոփող անոր սիրտը   այս  առաօտ  դադրեցաւ   գործելէ, եւ ան գնաց  միանալու    մեր ազգի  երախտաւոր  եւ անձնուէր  զինուորեալներու  փաղանգին:

Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց      ցաւակցութիւնները կը յայտնէ   համայն   հայ  ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս  Արծիւեան   Միաբանութեան, որուն   անշէջ  լոյսերէն  մին էր       վախճանեալ      վարդապետը: