image
Հրատապ լուրեր:

Վեր. համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանը կը պարգեւատրուի «Swords into Plowshare» խաղաղութեան մրցանակով

Վեր. համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանը կը պարգեւատրուի «Swords into Plowshare» խաղաղութեան մրցանակով

Գերմանիոյ Տրէստըն քաղաքի  Խաղաղութեան Յեղափոխութեան յիշատակման օրուան մէջ՝ Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2017-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան հրաւիրուած էր մատուցելու Աստուծոյ խօսքին պատգամը  տեղւոյն Ս. Խաչ Լուտերական Աւետարանական պատմական Եկեղեցւոյ մէջ, խաղաղութեան նուիրուած  միջազգային  հաւաքի ընթացքին:  


Արարողութեան ընթացքին, յանուն Սուրիոյ ժողովուրդին, Վերապատուելի Համայնքապետը փոխանցեց  Հալէպէն բերուած ափ մը հողը տեղւոյն եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն:


Մատուցուած հողը կը խորհրդանշէր տեղի ունեցած անհամեմատելի քանդումը, որ անարդարօրէն կատարուեցաւ ընդդէմ Սուրիոյ բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի խորհրդանշէր վերաշինութեան եւ վերակառուցման անդրդուելի կամքը Հալէպի բնակիչներուն:


Պաշտամունքէն ետքՎերՀամայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան Սուրիոյ Խաղաղութեան
վերականգնմաննկատմամբ ունեցած ծանրակշիռ  առաքելութեան իբրեւ արգասիք, պարգե-ւատրուեցաւ խաղաղութեան մրցանակի միջազգային յանձնախումբի կողմէ եւ Գերմանիոյ Տրէստըն քաղաքի քաղաքապետի Տէթլէֆ Սիթըլի ձեռամբ “Swords into Plowshare” խաղաղութեան մրցանակով: 

 

Սոյն մրցանակը շնորհուեցաւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին իր  անխոնջ, նուիրակամ ու անձնուրաց ծառայութեամբ ձեռք բերած խաղաղութեան միջոցներու  որոնման եւ գործունէութեան համար, որը բարձրօրէն գնահատուեցաւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայրենիքի խաղաղութեան եւ արդարութեան ոլորտներուն մէջ իբրեւ նշանակալից ծառայութիւն:


Վերապատուելին իր խօսքին մէջ հետեւեալը արտայայտեց. «Սոյն մրցանակը կը ստանամ, խոնարհաբար, յանուն Սուրիոյ բնակիչներուն եւ անգամ մը եւս յանձնառութեամբ կը յայտարարեմ, թէ հայ համայնքը կար եւ կը մնայ նախապատերազմական, պատերազմական եւ յետ պատերազմական շրջաններուն մէջ՝ իբրեւ խաղաղարար եւ ստեղծագործ ժողովուրդ, եւ պիտի ունենայ հաստատաբար իր դրական ներկայութիւնը խաղաղութեան ամբողջական գործընթացին եւ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագիրներուն մէջ:


Հետեւաբար սոյն յուշամետալը արդարօրէն պիտի նկատեմ իբրեւ խորհրդանիշ Սուրիաբնակ Սուրիացիներուն հաստատակամ կեցուածքին»: