image

Հոս՝ Սուրիոյ մէջ ամէն մէկ քար, անկիւն եւ թաղ մեր զաւակը կը յիշեցնէ. Աբրահամ եւ Հռիփսիմէ Մկրտիչեան

Հոս՝ Սուրիոյ մէջ  ամէն մէկ քար, անկիւն եւ թաղ մեր զաւակը կը յիշեցնէ.  Աբրահամ եւ Հռիփսիմէ  Մկրտիչեան

Վեց  տարի  առաջ   սկիզբ  առած սուրիական պատերազմը  պատճառ  դարձաւ մարդկային ծանրագոյն ողբերգութիւններու: Պարզ ու  համեստ մարդիկ, որոնք  կ'ապրէին խաղաղ երդիքի տակ  եւ կը վարէին իրենց բնականոն կեանքը՝  դարձան զոհ պատերազմի մը, որ  սկիզբ առաւ իբրեւ թէ Սուրիան  «բարեփոխելու» պահանջով եւ աւելի ուշ դարձաւ դարուս ամէնէն բարբարոսային տեսարանները բովանդակող արիւնալի  պատերազմ:

Տակաւին տարբեր անուանումներ  ունեցող այս  պատերազմը, որ  կոչուեցաւ ներքին, քաղաքացիական,  շրջանային եւ միջազգային  պատերազմ, տակաւին երկար  ժամանակ առիթ պիտի դառնայ երկար  եւ ծաւալուն քննարկումներու՝ հասկնալու համար, թէ ինչ էին այն պայմանները, որոնք հիմք դարձան  այս զազրալի պատերազմի ստեղծման:

Այս բոլորէն անդին ալ այսօր շատ բացայայտ է, որ նախքան սուրիական պատերազմը, ոչ միայն այդ երկիրը,  այլ նաեւ ամբողջ  տարածքաշրջանը  ապրեցաւ մարդկային ըմբռնումներու մեծագոյն անկում, որուն հետեւանքով ալ «խաւարը սիրող»  ուժեր  իրենց բոլոր կարելիութիւնները ծառայեցուցին, որ Սուրիան դառնայ  բզկտուած ու տկար երկիր մը: Սուրիոյ իշխանութիւնները իտէալական չէին,  սակայն այդ իշխանութիւնները երկիրը կը վարէին բնականոն հունով  մը ու նաեւ կը ծառայէին, որ շրջանին  մէջ անվտանգութիւնը, մարդկային ընկալումները, խղճի  եւ մտքի ազատութիւնները   յարգուին:

 


 

 

 

Ու այսօր   այս  պատերազմէն վեց տարի անց, բոլորին համար  յստակ սկսած է  դառնալ, որ շրջանին համար  խոստացուած «արաբական գարուն»ը  դարձաւ    սարսափ եւ մահ տարածող    «գարուն» մը,  որուն նպատակները եւ    թաքուն ծալքերը   արժանի պէտք է դառնան  մանրամասն քննարկումի եւ  եզրակացութիւններու:

«Արեւելք», նախանձախնդրութիւնն ունենալով սուրիահայութեան կրած տառապանքներն ու  ապրած գողգոթան ներկայացնելու,  հերթական  անգամ  կը ներկայացնէ հարցազրոյց մը, որ  կատարուած է Սուրիոյ պատերազմի  ամէնէն թէժ փուլերուն  զոհուած   Սուրիոյ բանակի զինուոր  Գէորգ Ժան Մկրտիչեանի   ծնողներուն հետ:

Մեր Հալէպի աշխատակիցին կատարած սոյն հարցազրոյցը հալէպահայերու ցաւը ամոքելու եւ հայութեան լայն խաւերուն  անոնց կրած  տառապանքն ու ապրումները ներկայացնելու փորձ մըն է:

Այսպիսով, մենք եւս կ'ուզենք մասնակիցը դառնալ հալէպահայութեան  ապրած փորձութեան, փորձել ներկայացնելով մահը մերժող եւ ապրելու կամքով հզօր դարձած մեր  հայրենակիցներուն  իրական  պատկերը:       

 

 

-Պիտի խնդրէինք,  որ սեղմ տողերու մէջ     ներկայացնէք ձեր   ընտանիքը:  

 

-Անունս Աբրահամ Մկրտիչեան է:  Մասնագիտութեամբ կանացի դերձակ եմ, 45 տարիէ ի վեր: Այս բնագաւառի մէջ ունիմ երկար  վաստակ եւ հռչակ՝ Հալէպի մակարդակով:

Տիկինս Հռիփսիմէ  Մկրտիչեանն է: Ունինք 3      որդիներ: Այժմ կ'ապրինք Հալէպ, եւ  պատերազմի  ամէնէն դժուար օրերուն ալ    չհեռացանք   մեր սիրելի քաղաքէն:  

Անդրանիկ զաւակս այժմ կը բնակի  այլ  երկիր, 7 տարիէ ի վեր: Միջնեկ զաւակս արդէն 7 տարիէ ի վեր կը ծառայէ սուրիական բանակին մէջ   եւ   մարտեր մղած է այս երկիրը  հարուածել  փորձող ահաբեկիչներուն  դէմ:   Ան  ներկայիս   կը  ծառայէ  մայրաքաղաք  Դամասկոսի ճակատի ամենաթէժ կէտին՝  «Հայ Ճոպար» կոչուած  շրջանին  մէջ: Կրտսեր որդին Գէորգ Ժան Մկրտիչեանն է, որ նահատակուեցաւ  պատերազմի   ժամանակ:

 



 

-Կրնա՞ք մեզի  պատմել նահատակուած  զինուորին  մասին:

 

-Հանգուցեալ նահատակ զաւակս ծնած է Հալէպ՝ 1995-ին:   Սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն իսկ ան զինուորագրուեցաւ բանակի շարքերէն ներս:

Կռիւներ մղեց Սուրիոյ ամէնէն  տաք ճակատներուն վրայ եւ յատկապէս մասնակցեցաւ Հալէպի  դէմ մղուող ամէնէն ծանր մարտերուն: Բոլորս  գիտենք, ո՛ր երկիրն էր, որ Հալէպը հարուածել փորձող ահաբեկիչներուն նեցուկ կը կանգէր ու տղաս հաւատքով,  ծննդավայրին հանդէպ ունեցած  սիրով  զինուած  մասնակցեցաւ  այդ ռազմերուն:  Ան նահատակուեցաւ Հալէպի հողի վրայ՝  20 մարտ 2016-ին: Անոր  նահատակման օրը Ծաղկազարդի  օրն էր: Երեկոյեան  մահուան գոյժը ստացանք եւ իր հետ պատերազմող 100 զինուորներ եկան  մեր տուն եւ հերոսին մահուան  բօթը տուին մեզի:  Յաջորդ օրը մայրերու օրն էր եւ գարնան առաջին օրը (մարտ 21) եւ մեր զաւակի  դին սպիտակ դագաղով հասաւ  տուն:  Կարծէք  «նուէր» մըն էր իր մօրը՝  ծածկուած սուրիական եւ հայկական դրօշներով...

 

-Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:  Պիտի շարունակէ՞ք Հալէպ ապրիլ:

 

-Այժմ՝ ինչպէս ըսի, միջնեկ տղաս զինուոր է եւ կը սպասենք որ զօրացրուի եւ մենք անպայման Հայաստան պիտի տեղափոխուինք:  Կ'ուզենք   Հայաստան  հաստատուիլ եւ պատճառը      շատ յստակ է.  հոս՝ Սուրիոյ մէջ  ամէն մէկ քար, անկիւն եւ թաղ իմ զաւակս  կը յիշեցնէ, որը շատ ծանր կ'անդրադառնայ մեր վրայ: Մենք ամէն գիշեր Աստծոյ կ'աղօթենք, որ մեր զինուոր որդին՝ Արա-Շանթը  անոր խնամակալութեամբ վերադառնայ տուն, որ մենք միասին մեկնինք Հայաստան:


 


-Սուրիոյ կառավարութիւնն ու պետութիւնը նահատակներու համար յատուկ օգնութիւններ կը ցուցաբերե՞ն:

 

-Պետութիւնը  իր նահատակ զինուորներու թաղման ծախսերը լրիւ կը հոգայ եւ կը փոխանցէ ընտանիքին, որ կը  կոչուի «արեան գին»: Իւրաքանչիւր ընտանիք, որ ունի նահատակ զինուոր, ունի յատուկ թոշակ պետութեան կողմէ նշանակուած: Մեզի  յաճախ կը հրաւիրեն ընթրիքներու, միջոցառումներուն մեզի կը փոխանցեն վկայագրեր, յուշանուէրներ եւ խրախուսական գումարներ: Նահատակները միշտ պետութեան ուշադրութեան կեդրոնի կիզակէտին են եւ  Սուրիոյ կառավարութիւնը ոչ  մէկ անգամ մեզ լքեց:

 

-Տիկին Հռիփսիմէ, դուք իբր նահատակ   զինուորի մայր, ի՞նչ կ'ուզէք փոխանցել  ընթերցողներուն:

 

-Ես Աստուծմէ խնդրանք մը ունիմ, որ ոչ մէկ մայր չանցնի այն «դժոխք»էն, որմէ  մենք  անցանք...

Զաւակ թաղելն ամենածանրն է կեանքի մէջ: Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ բոլոր նահատակ զինուորներու մայրերը, հայրերը, այրիները եւ զաւակները համբերութեամբ օժտէ եւ մխիթարանք նուիրէ իրենց խոցուած հոգիներուն: Կը յուսամ, որ Սուրիոյ  այս խելագար պատերազմը շուտով վերջ գտնէ եւ բոլոր զինուորները՝ ըլլան անոնք հայ կամ արաբ, վերադառնան իրենց ապահով եւ տաք օճախները  ու  միշտ  վառ  պահենք Սուրիոյ  թանկ  հողին  համար ինկած զինուորներու յիշատակը: