image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ պատահար. 14 տարեկան պատանին սպաննած է իր հօրն ու երեք այլ անձեր

Պէյրութի մէջ  պատահար. 14 տարեկան պատանին սպաննած է իր հօրն ու երեք այլ անձեր

Այս առաւօտ «Արեւելք», յղում տալով  լիբանանեան աղբիւրներու, լուր  մը տուած է Պէյրութի մէջ հնչած կրակոցներու մասին: Աւելի ուշ պարզ դարձած են  դէպքին հանգամանքները եւ ըստ ներկայացուցած լրատուութեան, պատանի մըն է կրակոցներուն հեղինակը: Ըստ LBCI կայանին, 14-ամեայ պատանի մը վէճի բռնուած է իր հօր  հետ, որմէ ետք  կրակած ու տեղն ու տեղը սպաննած  զինք: Աւելի վերջ  պատանին կրակ բացած է իրենց  շէնքի  սուրիացի պահակին վրայ ու նոյնպէս  սպաննած է խնդրին հետ կապ չունեցող մարդը:  Վերջապէս ան փողոց դուրս գալով կրակ բացած է անցորդներու վրայ,  նոյնպէս սպաննելով մէկ անձ եւ պատճառ   դառնալով երեք անձերու վիրաւորման:

Աղբիւրը կը նշէ, որ  պատանին  օգտագործած է տան մէջ եղող «Բոմբ Աքշըն» տիպի հրացան մը: Կան տեղեկութիւններ, որ եղած են ընտանեկան վէճեր եւ ընտանիքը կ'ապրէր անհանգիստ վիճակ մը:

Յիշեցնենք, որ  դէպքը տեղի ունեցած է արեւմտեան Պէյրութի «Զոքաք ալ պլաթ» թաղամասին մէջ,  որ մօտիկ անցեալին կը համարուէր հայահոծ թաղամաս մը: