Լոս Անճելըսի մէջ իր աչքերը յաւիտենութեան փակած է հայ քաղաքական բանտարկեալ Համբիկ Սասունեանի մայրը՝ Ժորժէթ Սասունեանը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ՝ «Ասպարէզ»ը:
Թերթին մէջ տեղադրուած մահազդով վերահասու կը դառնանք, որ հանգուցեալը ծնած էր Պէյրութ 1930-ին:
Ան մայր էր հինգ զաւակներու, որոնցմէ Համբիկ Սասունեանը 1982 թուականէն ի վեր բանտարկուած կը մնայ Լոս Անճելըսի մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Live Oak Memorial Park-ին 200 E. Duarte Rd., Monrovia CA 91016 գերեզմանատան մէջ:
«Արեւելք» այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս մերօրեայ հերոս՝ Համբիկ Սասունեանին: