image

Սուրիոյ պատերազմը նոր թափով վերսկսելու վտա՞նգ

Սուրիոյ պատերազմը նոր թափով վերսկսելու վտա՞նգ

«Նիզաւիսիմայա Կազեթա» թերթի քաղաքական վերլուծաբան Վլատիմիր Մոխին մէկն անդրադարձած է Սուրիոյ ճգնաժամին, նշելով, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը վերստին «բռնկելու» հաւանականութիւնը մեծ է:

Մոխին նշած է, որ Սուրիոյ Պուքամալ քաղաքի ազատագրումը երկրին մէջ պատերազմական գործողութիւններու աւարտը չի նշանակեր, որովհետեւ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կառավարական բանակին եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ բախումները տակաւին կը շարունակուին: Այսինքն քաղաքացիական պատերազմը դեռ չէ հանգած եւ որեւէ պահու կրնայ նոր թափով բռնկիլ:

Վերլուծաբանին կարծիքով, պատերազմի վերսկսելու պատճառներէն առաջինն այն է, որ մինչեւ օրս Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատման գործընթաց չէ սկսած, եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական ուժերը երկրէն դուրս բերելու մտադրութեան մասին չէ յայտարարած: Իսկ ինչ կը վերաբերի լարուածութեան նուազեցման շրջաններու հաստատման, անոնք շատ փոքր տարածքներու վրայ հիմնուած են եւ այնտեղ գործող ընդդիմութեան շահը կը բախին Դամասկոսի եւ Մոսկուայի շահերուն հետ:

Երկրորդ պատճառն այն է, որ Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համագումարը, որ Ռուսիոյ մէջ պիտի կայանար, յետաձգուեցաւ, իսկ Ժնեւի բանակցութիւնները ընթացքը դանդաղեցաւ, արեւմտեան երկիրները վերստին սկսան պնդել Սուրիոյ կողմէ քիմիական զէնքեր կիրառուելու միտքը, եւ եթէ կարողանան ապացուցել այն, Սուրիոյ կառավարութիւնն անվաւեր պիտի ճանչցուի:

Երրոդ պատճառը կապուած է այն բանին, որ «Իսլամական Պետութեան» դէմ յաղթանակ տանելու մասին խօսելու համար տակաւին շատ շուտ է, բան մը, որ ՆԱԹՕ նոյնպէս կը գիտակցի, նկատի ունենալով որ անոր քարտուղարը յայտարարած էր, որ վերջինս պատրաստ է «Տահէշ»ի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարելու:

«Հաւանաբար այս հարցերուն շուրջ պիտի ըլլայ նախագահ Փութինի զրոյցը Թրամբի եւ Էրտողանի հետ, Վիեթնամի ու Սոչիի մէջ»:

Քաղաքական վերլուծաբանին կարծիքով, այս հարցին մէջ մութ կէտը քիւրտերու դիրքորոշումն է: Վերջիններս աջակցութիւն կը ստնան Միջազգային դաշնութեան ուժերուն կողմէ:

Ըստ սուրիացի քաղաքական վերլուծաբան Օմար Պասսամի, մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը քիւրտերը երկրի բնակչութեան 9 տոկոսը կը կազմէին, սակայն այսօր երկրի հողերուն մէկ երրորդին կը տիրապետեն, ուր հաստատուած են 70 ամերիկեան ռազմակայաններ, եւ այս է, որ անընդունելի է արաբներուն համար: Վերլուծաբանը աւելցուցած է, որ արաբ բնակիչներու արտաքսումն ու անոնց ունեցուածքի կողոպտումը քիւրտերու կողմէ պատճառ կրնայ հանդիսանալ արաբներու եւ հիւսիսային շրջաններու քիւրտերուն միջեւ պատերազմի բռնկման: