image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ երիտասարդները Գանատայի մէջ սափրած են իրենց գլուխները՝ յաջակցութիւն հիւանդներուն

Սուրիահայ երիտասարդները Գանատայի մէջ սափրած են իրենց գլուխները՝ յաջակցութիւն հիւանդներուն

Գանատական montrealgazette-ն անդրադարձած է Գանատայի Մոնրէալ քաղաքի Սուրբ Յակոբ հայկական վարժարանի վեց աշակերտներու արարքին, որով վերջիններս աջակցութիւն ցուցաբերած են քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն: Վեց հայ աշակերտ ցանկութիւն յայտնած է սափրել գլուխը եւ մազերը տրամադրել քաղցկեղով հիւանդ այն մարդոց, որոնց կ'աջակցի Cedars Cancer Foundation-ը:  Հիւանդութեան պատճառով իրենց մազերը կորսնցուցած երեխաներուն համար հայ աշակերտներու մազերով կեղծամներ պիտի պատրաստուին:

Կայքը յատուկ անդրադարձած է վեց աշակերտներէն երկուքին, որոնք Գանատա հասած են սուրիական պատերազմի հետեւանքով. Մկրտիչ Տէրտէրեանն ու անոր ընկեր՝ Արթուր Գայապալեանը ձեռնարկի ժամանակ առանձնակի ոգեւորութիւն ցուցաբերած են ծանր հիւանդներուն իրենց մազերու միջոցաւ աջակցելու եւ  միջոցներ հայթայթելու՝ յիշելով աջակցութեան կարիք ունեցող իրենց հազարաւոր հայրենակիցներուն: 

Լրատուամիջոցը նշած է, որ երեք տարի առաջ Մկրտիչը դպրոց կը յաճախէր Հալէպի մէջ, ուր հրթիռակոծութեան պատճառով ընդհատուած էին դասերը:  Անոր ընկերը՝ Արթուրը, Գանատա եկած է աւելի շուտ՝  2012 թուականին: Սուրիոյ պատերազմէն առաջ ընտանեօք Հայաստան էին, երբ սկսած էր պատերազմը, ազգականները լուր ուղարկած են, որ ետ Հալէպ չվերադառնան: Ընտանիքը որոշ ժամանակ մնացած է Հայաստան, յետոյ՝ Լիբանան, իսկ այսօր արդէն Գանատա կը գտնուին: 


Լրատուամիջոցը նշած է նաեւ, որ Գանատան այն երկիրներէն էր, որ սուրիական պատերազմէն ետք կազմակերպուած ձեւով ապաստան տրամադրած է սուրիացի փախստականներուն, որոնց մէջ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կան: Շատ են նաեւ Սուրբ Յակոբ դպրոցէն ներս սորվող սուրիահայերը: Անոնց թիւը այս կրթօճախէն ներս մօտ 100-ն է: Նշուած ձեռնարկի ծիրէն ներս իր մազերը կտրած է նաեւ սուրիահայ աղջնակ մը՝ Սիլվիա անունով: