image

Անի Պալըխեան ստացաւ ՄԱԿ-ի յատուկ մրցանակ. Ան 2017 տարուան «Խիզախ կին»ն է

Անի  Պալըխեան   ստացաւ ՄԱԿ-ի    յատուկ  մրցանակ. Ան  2017 տարուան «Խիզախ  կին»ն է

Հալէպահայ Անի Պալըխեան յատուկ միջոցառման մը ընթացքին այսօր արժանացաւ ՄԱԿ-ի կողմէ սահմանուած Universal Rights Award-ի  Woman of   Courage Award մրցանակին:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի կողմէ սահմանուած այս մրցանակի գործընկերներն են Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանի մէջ գործող Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ  Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները:  

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեծարեալին հարազատներէն: «Խիզախ  Կին»   մրցանակը յանձնուած է UNHCR-ի   երեւանեան գրասենեակի տնօրէնին  կողմէ: Ներկայ եղած են Պալըխեան ընտանիքի անդամները եւ «Հալէպ»  կազմակերպութեան  պատասխանատուներէն ներկայացուցիչներ:

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Անի Պալըխեան նախագահն է սուրիահայերու օգնութեան հարցերով զբաղուող եւ կարեւոր գործունէութիւն  ծաւալող «Հալէպ» կազմակերպութեան:

«Արեւելք» այս առթիւ կը կիսէ «Հալէպ» կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Պալըխեաններու ուրախութիւնը՝ մաղթելով տիկին Անիին արեւշատութիւն եւ նորանոր  նուաճումներ իր  ազգանուէր  գործունէութեան  մէջ: