image

Վառուած են Հալէպի աւանդական տօնածառի լոյսերը (Լուսանկարներ)

Վառուած  են Հալէպի աւանդական  տօնածառի լոյսերը  (Լուսանկարներ)

«Սուրիան  բոլորին է: Մենք չունինք   կրօնական  խտրականութիւն եւ միասին դարձեալ  պիտի վերակառուցենք  այս հայրենիքը» ըսած է Շահէ Մինասեան Հալէպի տօնածառի տեղադրման արարողութեան ընթացքին:

 

 Երէկ երեկոյեան ի ներկայութիւն Հալէպի նահանգապետ Տիար Հիւսէյն Տիապի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Ժիրայր Ռէիսեանի , ինչպէս նաեւ Հալէպ քաղաքի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու վառուած են Հալէպի տօնածառին լոյերը: Այս մասին հաղորդեց «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը նշելով, որ աւանդական այս տօնածառը կը  բարձրացուի Հալէպի ՀՄՄ-ի եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան միասնական ճիգերով եւ կը տեղադրուի  Հալէպի Ազիզիյէի  հայահոծ  թաղամասի հրապարակին վրայ:

 Անցնող օրերուն ՀՄՄ-ականներ եւ «Նոր Սերունդ»ականներ միասնական ճիգերով պատրաստաեցին, տեղադրեցին եւ զարդարեցին տօնածառը եւ ինչպէս վերը նշեցինք, երէկ տեղի ունեցաւ տօնածառի լոյսերու վառման պաշտօնական արարողութիւնը:

 


Միջոցառման ընթացքին արաբերէն լեզուով խօսք առած է Հալէպի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան նախագահ Շահէ  Մինասեան: Մինասեան,   նկատել տուած է, որ «մէկ տարի  առաջ երբ այս ծառը կանգնեցինք, մեր փափաքն էր, որ  աւարտին հասնի Հալէպի պատերազմը:  Այսօր այդ փափաքը  իրականացած է եւ կը յուսանք, որ մօտիկ   ապագային ալ մեր երկիրը վերջնականապէս կ'ազատագրուի ահաբեկիչներէն եւ մեր բոլոր հայրենակիցները դարձեալ Սուրիա  կը վերադառնան»: Մինասեան, որ  Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն կարեւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Հալէպի մէջ նաեւ  նշած է, որ  «Սուրիան  բոլոր  համայանքներու երկիրն է  եւ  անոր  բոլոր զաւակներուն աջակցութեամբ դարձեալ պիտի վերականգնի նախագահ  Պաշշար Ասատի առաջնորդութեամբ»:

 

Ազիզիյէ շրջանին մէջ տեղադրուած տօնածառ տեղադրելու աւանդութիւնը երկար տարիներու պատմութիւն ունի եւ  ուշագրաւ է նաեւ, որ անցեալ  տարի եւս այդ ծառի տեղադրումը դարձած էր խաղաղութեան եւ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի վերականգնումի եւ յաղթանակի  խորհրդանիշ մը:

 


 

Յիշեցնենք, որ երէկուան միջոցառումը սփռուած  է Սուրիոյ պետական ալիքին կողմէ մեծ  արձագանգ ունենալով ամբողջ  երկրին   մէջ: