image
Հրատապ լուրեր:

Այստեղ պիտի բարգաւաճի «Տահէշ» 2018 թուականին. Newsweek

Այստեղ պիտի բարգաւաճի «Տահէշ» 2018 թուականին. Newsweek

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կրած պարտութենէն ետք, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները դէպի տարբեր ուղղութիւններ տարածուելով կը փորձեն նոր հենակէտեր ստեղծել:

Ամերիկեան «News Week» ամսագիրը նշած է, որ ըստ Իրանի Հետախուզութեան նախարար Մահմուտ Ալուիի ենթադրութեան, Միջին Արեւելքի մէջ կրած պարտութենէն ետք «Տահէշ»ի յաջորդ թիրախը Միջին Ասիան պիտի ըլլայ:

Նախարարին համոզմամբ, Միջին Արեւելքը լքած ահաբեկչական խմբաւորումը զգալի չափով զինամթերք ունի, հետեւաբար անոր զինեալները պիտի փորձեն Ասիոյ կեդրոնը հիմնել իրենց յաջորդ ռազմակէտը, ուր արդէն իսկ գոյութիւն հաստատած էին նախորդ տարիներու ընթացքին:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ Աֆղանիստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիմած է իրանեան կողմին, ռազմական օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքով: