image
Հրատապ լուրեր:

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան Հալէպի Հայ Ծերանոց այցելեց (Լուսանկարներ)

Վերապատուելի  Յարութիւն Սէլիմեան     Հալէպի Հայ Ծերանոց այցելեց (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան Հալէպի հայ ծերանոց այցելած է: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Հալէպի Հայ Աւետարանական «Փէթէլ» եկեղեցւոյ դիմատետրի էջը, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ շաբաթ 16 դեկտեմբեր, 2017-ին, Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան ընկերակցութեամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբին, այցելեցին Հայ Ծերանոցը:


 

Այցելուները հիւրընկալուեցան Հայ Ծերանոցի Տնօրէնութեան ու Խնամակալ Մարմնի կողմէ: Վեր. Համայնքապետը հանդիպեցաւ ծերունիներուն հետ եւ զանոնք խրախուսելով ու քաջալերելով մաղթեց խաղաղ եւ առողջ կեանք: Այս առթիւ ան բաշխեց ձմեռնային տաք ծածկոցներ բոլոր ծերունիներուն Ս. Ծննդեան ուրախ եւ երջանկաբեր առիթով:

 


Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Վերապատուելի Սէլիմեան Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպը հարուածող պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն երբեք չլքեց իր  հօտը ու ան պատերազմական ամբողջ  փուլին ընթացքին տէր ու պաշտպան կանգնեցաւ ոչ միայն աւետարանական համայնքի զաւականերում այլ ամբողջ հալէպահայութեանը: