Ահաբեկչական պայթում մը գրանցուած է Լիբանանի հարաւի մայրաքաղաք համարուող Սայտա քաղաքին մէջ: Այս մասին լուրը կը յայտնէ Lebanon 24 կայքը նշելով նաեւ, որ պայթումը արդիւնք է ինքնաշարժի մը մէջ զետեղուած լարուած ականի մը:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ահաբեկչութեան թիրախն է պաղեստինցի յայտնի գործիչ Մոհամմատ Համտան, որ դէպքէն անմիջապէս ետք փոխադրուած է հիւանդանոց եւ կ'ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան: Թէեւ յայտնի դարձաւ, որ Համտանի կեանքին լուրջ վտանգ չի սպառնար, սակայն մինչեւ այս լուրին գրուիլը ստոյգ տեղեկութիւններ կը պակսին: Նշենք, «Համաս» շարժումի անդամ Համտան ուսուցիչ է Սայտայի «Իման» վարժարանին մէջ: Հաղորդուեցաւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Սայտայի «Պուսթան ալ քապիր» շրջանին մէջ եւ պայթումը տեղի ունեցած է, երբ Համուտ վերջինս բացած է իր ինքնաշարժի դուռը:
Իր կարգին Սայտայի «Ալ Քուտս» մզկիթի բանբեր Շէյխ Մահէր Համուտ նկատել տուաւ, որ այս դէպքէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է: «Ալ Ժատիտ» կայանին հաղորդմամբ, ինքնաշարժի պայթումին ընթացքին իսրայէլեան օդանաւ մը երեւցած է շրջանին մէջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Համտան կարեւոր դեր կը կատարէր Լիբանանի ներ-պաղեստինեան հարցերու առընթեր: