image

Սփիւռքի մէջ հայ մնալը կը կարօտի հայրենիքի խնամքին. Յորդանանահայ Մարալ Ներսէսեան

Սփիւռքի մէջ հայ մնալը կը կարօտի հայրենիքի խնամքին. Յորդանանահայ Մարալ Ներսէսեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ յորդանանահայ համայնքի հայկական կեանքէն ներս աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցող Մարալ Ներսէսեանը:


 -Կը ծանօթացնէ՞ք ձեր մասին, ի՞նչ գործով կը զբաղիք, անձնակա՞ն, թէ՞ գաղութային:

-Մասնագիտութեամբ քիմիկոս եմ, նաեւ միջազգային առեւտուրի ոլորտին մէջ հետեւած եմ յատուկ դասընթացներու։ Մօտ տաս տարի աշխատած եմ դեղագործարաններու հետազօտութիւններու եւ զարգացման ոլորտին մէջ եւ ներկայիս Եւրամիութեան գիտական հետազօտութիւններու եւ թեխնոլոքիական զարգացման եւ նորարարութեան ծրագրերու մէջ կը գործեմ:

Այցելելով Եւրոպայի հետազօտութիւններու, պիզնեսի զարգացման կեդրոններու, համալսարաններու առաջատար կեդրոններէն շատերը՝ համակարգած եմ Յորդանանի համար ստեղծուած Թեխնոլոքիայի փոխանցման համացանցը։

Ներկայացուցած եմ Յորդանանի ուժանիւթի ոլորտը տարբեր երկրներու մէջ։ Մասնագիտացած եմ ԵՄ-ի ամենամեծ հետազօտական ծրագրի՝ Հորիզոն 2020-ի մէջ, մնալով միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու ցանցերու մէջ:

Կը ձգտիմ իմ գիտելիքները եւ կապերը ներդնել յօգուտ իմ երկիր Հայաստանին։

Հիմա այս աշխատանքներուն կից կ՚ուսումնասիրեմ Հայոց Պատմութիւնը։

Հայ համայնքի դաշտի մէջ՝ մեր ընտանեկան հայապաշտ մթնոլորտին համահունչ, Հայ ազգին նուիրուելու մօտեցումը եղած է իմ կենսակերպը։

Ծառայած եմ որպէս Ամմանի ՌԱԿ – Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փոխ Ատենադպիր եւ թղթակից, Մշակութային ներկայացուցիչ Ազգային Մարզական Միութեան, կազմակերպած եմ երկիրը այցելած հայ մշակոյթի տարբեր խումբերու ելոյթներ, զանազան Մշակութային միջոցառումներ, յոբելեանական երեկոներ, ինչպէս Արամ Խաչատուրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Քերսամ Ահարոնեանի, բանախօսած եմ Վահան Թէքէյեանի նուիրուած երեկոյին։ Նաեւ Արեւմտահայերէն լեզու դասաւանդած եմ:

Եղած եմ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովի անդամ, որու ընթացքին բանախօսած եմ «Երեք աւանդական հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ծագումը» թեմայի շուրջ։ Կազմակերպած եմ Միջ-մշակութային համա-երիտասարդական հզօրացման ծրագրեր եւ համագաղութային ճամբարներ, Մերձաւոր Արեւելքի շրջանակներէ ներս, հայ ոգին պահպանելու եւ հզօրացնելու նպատակով։

Մասնակցած եմ տարբեր համահայկական համաժողովներու։ Հանդիսացած եմ միջնորդ-օղակ Երեւանի եւ Ամմանի՝ երկու քաղաքապետարաններու միջեւ հանդիպումներուն, սկսեալ Երեւան-Ամման երկկողմ համաձայնագրէն։

Իսկ ներկայիս հայապահպանման աշխատանքիս մեծ մասը տրամադրած եմ Յորդանանի «Վարդավառ» Հայկական Երգչախումբին։

 


 

-Համացանցէն տեղեկացանք, որ Ձեր նշած «Վարդավառ» երգչախումբը իր երրորդ շրջանի համար նոր արձանագրութիւններ սկսած է: Հակիրճ ձեւով կը պատմէ՞ք մեզի ձեր երգչախումբի մասին: Ե՞րբ հիմնադրուած է, ո՞վ է ղեավարը եւ ընդհանրապէս ի՞նչ երգեր կը կատարէք: 

 

-Յորդանանի «Վարդավառ» երգչախումբը հիմնադրուած է յունուար 2016-ին, համահիմնադիրներ Վարդան եւ Վարդուհի Ներսէսեաններու կողմէ։

Երկսեռ է եւ քառաձայն: Երգացանկը բազմաժանր է: Նպատակը` հայոց անաղարտ երգի պահպանումն ու տարածումն է: Ղեկավարը Վարդուհի Թորոյան -Ներսէսեանն է:

Մեր առաջին համերգը նուիրուած էր Մեծն Կոմիտասին, նուագակցութեամբ Յորդանանի պետական քոնսերվատորիայի քամերային անսամպլի՝ հովանաորուած էր Իշխանուհի Րիմ Ալիի կողմէ:

Երկրորդ շրջանի ելոյթին, երգչախումբը հնչեցուց Վարդուհի Թորոյան-Ներսէսեանի ստեղծագործութիւնները։

Երգչախումբի հիմնական նպատակը հայապահպանումը ըլլալով, երգչախումբը հիմնական հայերէն երգեր երգեց, բայց առ ի յարգանք Յորդանանի, համերգներուն մէջ ընդգրկուած կ'ըլլան  նաեւ արաբերէն կատարումներ։

Վերջերս, «Վարդավառ»ը միացեալ համերգ ունեցաւ Յորդանանի առաջատար արաբական «Տոզան ուա Աութար» երգչախումբին, նաեւ «Հարմոնի օֆ Լայֆ» վոքալ անսամպլի հետ, ունեցաւ փայլուն յաջողութիւն եւ բարձր պահեց ոչ միայն իր անունը այլեւ հայու անունը օտարներու մէջ։

 


 

-Ինչպէս գիտենք «Վարդավառ»ը հայրենիքի մէջ եւս համերգներով հանդէս եկած է: Ի՞նչ համերգներ եղած են, ո՞վ եղած է  կազմակերպողը, յաջողութիւն ունեցա՞ծ է:

 

-Այո, հայրենիքի մէջ եւս համերգներ ունեցած ենք, սեպտեմբեր 2017-ին «Վարդավառ»ը մասնակցութիւնը բերած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին: Անհատ կատարողներու շարքին էր նաեւ «Վարդավառի» հիմնադիր ղեկավար՝ Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանը: Կոմիտաս Վարդապետի տարեդարձի օրը, «Վարդավառ»ը նաեւ փոքրիկ ելոյթով հանդէս եկաւ  Կոմիտասի անուան պանթէոնի՝ Հանճարի գերեզմանին մօտ։

Երգչախումբը նաեւ շատ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը ունեցաւ հայրենիքի մէջ, «Վարդավառ» երգչախումբի համա-հիմնադիրները նպատակ ունենաով օժանդակել Արցախին, բարեգործական համերգ եւ գեղանկարներու ցուցահանդէս վաճառք կազմակերպեցին՝ «Վարդավառը եւ հայաստանեան ընկերները երգում են Վարդուհի Թորոյեան–Ներսէսեանի երգերը» խորագրով, որուն մասնակիցները, գիտակցելով միջոցառման նպատակը, սիրով միացան սուրբ գործին։

Համերգի հասոյթը տրամադրուեցաւ Շուշիի Արուեստի դպրոցին համար ժողովրդական նուագարաններու ձեռք բերումին:

 

-Յորդանանի մէջ Ձեր համերգները Հայաստանի մէջ ներկայացուածներէն կը տարբերի՞ն, եթէ այո, ապա ինչո՞վ:

 

-Եթէ Յորդանանի մէջ մեր համերգներու նպատակն է հայ երգի պահպանումը ու տարածումը ապա Հայաստանի մէջ կը փորձենք հայ երգով մեր ներդրումը ունենալ հայ մշակոյթի պահպանման կարեւոր գործին։

 

 

-Գաղութին մէջ ուրիշ երգչախումբեր կը գործե՞ն, եթէ այո, ապա ինչով կը տարբերին անոնք իրարմէ: 

 

-Այո, տարբեր ժամանակներու ընթացքին կազմուած են տարբեր երգչախումբեր, պատկանելով տարբեր միութիւններու կամ Հայոց դպրոցին, բայց «Վարդավառ» երգչախումբը առաջին եւ եզակին է Յորդանանի պատմութեան մէջ, որ համախմբեց բոլոր Հայ համայնքը մէկ խումբով, որուն անդամ են միութենական եւ ոչ միութենական անհատներ եւ այս մէկը աննախադէպ երեւոյթ էր մեր համայնքին մէջ։

Ամմանի Մարմնամարզական միութիւն (Ա.Մ.Մ. ) ակումբը ունեցած է «Երեւան» Երգչախումբ, ունենալով տարբեր ղեկավարներ, ի դէպ Վարդուհի Թորոյան-Ներսէսեանի ղեկավարութեամբ «Երեւան» երգչախումբը մասնակցած է 2015-ի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին։  Ա.Մ.Մ. ակումբը նաեւ ունեցած է «Սպիտակ» պարախումբը:  ՀՕՄ-ը նոյնպէս ունի «Արազ» պարախումբը,որ ներկայիս աշխոյժ է:

 


 

-Գիտենք որ Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով սուրիացիներ ապաստան գտան Յորդանան: Ի՞նչ կը պատմէք այդ մասին, հիմա Հալէպի մէջ իրավիճակը համեմատաբար լաւանալէն ետք վերադառնալու միտք ունի՞ն:

 

-Վերջին տարիներուն մեծ թիւով սուրիահայեր եւ իրաքահայեր հասան Յորդանան, հիմնականը Ամման, բայց ոչ հաստատուելու նպատաակով, այլ ժամանակաւոր, ուրկէ  ՄԱԿ-ի միջոցաւ կը փորձեն տեղափոխուիլ աւելի հեռաւոր ափեր, ընդհանուր առմամբ Գանատա եւ Աւստրալիա։

Սուրիահայերու եւ մասամբ իրաքահայերու հեռաւոր ափեր երթալու այս հնարաւորութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Յորդանանէն մարդկային արտահոսքի վրայ: Նախքան պատերազմը, երկար տարիներէ ի վեր Յորդանան հաստատուած սուրիահայերը եւս առիթը օգտագործելով դիմեցին որպէս փախստական եւ յաջողեցան երկիրէն դուրս գալ։

Այս մէկը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ մեր երգչախումբին վրայ,  «Վարդավառ»ի 3 անդամներ այս ճանապարհով երկրէն հեռացան։

 

-Դուք որպէս յորդանանահայ համայնքի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ, ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր գաղութի ապագան ե՛ւ ապահովական ե՛ւ հայապահպանման առումով: Սուրիահայութեան հետ պատահածը յորդանանահայութեան մտածելակերպի մէջ փոփոխութիւն մտցո՞ւց:

 

-Ներկայիս արդէն բոլոր միութիւններուն մէջ զգալի է սուրիահայ-իրաքահայ ընտանիքներու բացակայութիւնը, որոնցմէ շատեր բաւական աշխոյժ դեր կը կատարէին համայնքէն ներս։

Իմ կարծիքով, համայնքի փրկութեան միակ ելքը Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդումն է, հայը պիտի ճանչնայ իր երկիրը, ազգը, պատմութիւնը որպէսզի իր մէջ զարթնի ազգի պահպանման եւ պաշտպանման ոգին։

Հեռաւորութիւնները, Սուրիահայ-Իրաքահայ ընտանիքներու գաղթը, Հայոց դպրոցի աշակերտութեան թիւի նուազումը, Համա-գաղութային ճամպարներու եւ ձեռնարկներու պակասը, բոլորը պատճառ դարձան հայկական ոգիի պահպանման նուազումին, որ իր հերթին հանգեցուց խառն ամուսնութիւններու, ինչը ձուլման գլխաւոր պատճառն է: Սակայն միւս կողմէն եղան յորդանանահայ երիտասարդներ, որոնք իրենց ընտանիքը կազմեցին հայաստանցի հայուհիներու հետ, ինչպէս տեղի ունեցաւ մեր ընտանիքի պարագային եւ այս երեւոյթի բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը կ'ունենայ գաղութի հայկականութիւնը պահպանելու առումով, մանաւանդ որ հայաստանէն եկող հարսերը դպրոցէն, միութիւններէն եւ այլ բնագաւառներէ ներս իրենց մասնագիտութեան համաձայն պաշտօններ կը վարեն։

Այս մէկը եւս փաստ է եւ իմ համոզումս առաւել կ'ամրապնդէ, որ ներկայ եւ ապագայ սերունդներու ճակատագիրը, անոնց հայ մնալը կը կարօտի Հայրենիքի խնամքին, իմ անձնական տեսակէտով՝ սփիւռքը պէտք է իր կապերը ամրապնդէ մեր Հայրենիք Հայաստանի հետ, որովհետեւ հոն կը գտնուի մեր ծառի արմատները եւ եթէ մենք արմատէն մեր կապը թուլացնենք, բնականաբար որպէս հայ կորստեան դատապարտուած պիտի ըլլանք: