image
Հրատապ լուրեր:

Ցմահ դատապարտեալ Արսէն Արծրունիին չեն հետազօտած. Առաւօտ

Ցմահ դատապարտեալ Արսէն Արծրունիին չեն հետազօտած. Առաւօտ

12 մարտին փաստաբաններ Նարինէ Ռշտունին, Ռոպերթ Ռեւազեանն ու նոր ներգրաւուած պաշտպան Հայկ Ալումեանը տեսակցած են ՀՀ ԱՆ «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս գտնուող, ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արսէն Արծրունիին եւ տեղեկացած են, որ հետազօտութիւնները չեն եղած, բժիշկի նշանակած դեղօրայքը անոր  չեն տրամադրած:

Արսէն Արծրունիի պաշտպանը՝ ՀՀ փաստաբաններու պալատի անդամ Նարինէ Ռշտունին  Aravot.am-ին տեղեկացուցած են, որ 2 մարտին իր պաշտպանեալը հետազօտուած է «ԱՐԹՄԵԴ» բժշկական վերականգնողական կեդրոնի գլխու եւ պարանոցի ծառայութեան ղեկավար բ.գ.թ. Ա.Պատալեանի կողմէ, անոր մօտ արձանագրուած էր քլինիքական ախտորոշում՝ «վահանաձեւ գեղձի բազմահանգուցաւոր ախտահարում»:

Ըստ պաշտպանի, բժիշկը խորհուրդ տուած էր կատարել  շարք մը հետազօտութիւններ, նշանակած էր դեղօրայք՝ «Լեւոթիրոքսին» եւ «Նովա-ռելաքս»: Ն. Ռշտունին 5 մարտին դիմած է ՀՀ Արդարադատութեան նախարարին, ներկայացուցած է խորհրդակցութեան թերթիկի պատճէնը եւ խնդրած է յանձնարարել համապատասխան աշխատակիցներուն անյապաղ կազմակերպել Արսէն Արծրունիի անհրաժեշտ հետազօտութիւններու իրականացումը: 

Մանրամասները՝ ստկզբնաղբիւր կայքին մէջ