image

Գոհ չեղողը վաղուց կը հեռանար Գանատայէն. Մոնթրէալ հաստատուած հալէպահայ

Գոհ չեղողը վաղուց կը հեռանար Գանատայէն. Մոնթրէալ հաստատուած հալէպահայ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Գանատա   արտագաղթած  Յակոբ Քէշիշեանը

 

 

-  Ձեր ունեցած տուեալներով  ինչքա՞ն  է պատերազմին  հետեւանքով Գանատա  հաստատուած սուրիահայերուն թիւը:

Ես Մոնթրէալ կը բնակիմ, գիտեմ որ այստեղ 5000 սուրիահայեր կան, բայց Գանտա հասած բոլոր սուրիահայերու թիւին  մասին  յստակ տուեալներ  չունիմ: Ըսեմ նաեւ, որ  Թորոնթօ, Վանքուվըր  եւ այլ քաղաքներու մէջ ալ սուրիահայեր  կան, որոնց  մեծամասնութիւնը Հալէպէն եկած են անշուշտ:


-Ի՞նչպիսի  պայմաններու մէջ կ'ապրին անոնք, կրնա՞ք պատմել:

Իւրաքանչիւրն ունի իր պայմաններն ու դժուարութիւնները: Օրինակ ես ընտանիքի տէր եմ, իմ զաւակներս մեծ են՝ 20 տարեկանէն վեր են, Հալէպի մէջ համալսարանական էին եւ շուտով զինուորութեան հարց պիտի ունենային, մենք անպայման դուրս պէտք է գայինք,ստիպուած եղանք: Հալէպ բոլորս վարպետ էինք, հոս անշուշտ անգործ մարդ չկայ, բայց բաղդատած Հալէպի՝ աւելի  յոգնեցուցիչ է   կեանքը, բայց ատի հարց չէ, հանգիստ կ'ապրինք, ուրախ ենք, որովհետեւ ապագայի մասին չենք մտածեր, հոս պետութիւնը ամէն ինչ կը հոգայ, այս է: Ան որ տուն, ընտանիք ունի պէտք է աշխատի:


-Սուրիահայերը գո՞հ են այսինքն:

Գոհ չեղողը չի մնար արդէն, այո ընդհանուր առմամբ գոհ ենք, բաւական թիւ մը ետ վերադարձաւ սկզբնական շրջանին, բայց երբ որ մէկը գիտէ ուր կ'երթայ, նախապէս ծրագրած կ'ըլլայ, պատրաստուած կու գայ, այդ դժուարութիւններուն չի հանդիպիր, իսկ մէկը որ գաղափար չունի ընդհանրապէս Ամերիկայի Գանատային կեանքին մասին, կու գայ «ապտակը կ'ուտէ», յետոյ ալ պարտքով-բանով ետ կը վերադառնայ Լիբանան կամ Սուրիա:


-Ի՞նչ են այդ բաները, որ մարդ պէտք է գիտնայ ձեր կարծիքով, կամ դուք գիտէի՞ք առհասարակ:

Այստեղի կեանքը մեր Միջին Արեւելքի կեանքին չի նմանաիր, հոս վազվռտուք է, այսինքն Հալէպ եթէ վարպետ էիր, ուզած ժամերուդ կ'աշխատէիր, հոս ստիպուած ես շաբթուան մէջ նուազագոյն 40  ժամ աշխատիլ, մանաւանդ որ սուրիահայերու մեծամասնութիւնը այստեղ գործաւորեր են, անշուշտ եթէ գործի պահանջով յաւելեալ ժամ ալ աշխատի, աւելի լաւ կ'ըլլայ իրեն համար, որպէս եկամուտ:

Երկորդ բանը որ պէտք է գիտնան, այստեղի տուրքերու օրէնքն է, այստեղ ամէն մարդ ինչ աշխատած է յստակ հաշիւ պէտք է ներկայացնէ ամէն ամիս, խաղեր չըլլար ընես:


-Իսկ ընդհանրապէս ձեր նման նոր հաստատուածները աշխատանքի արտօնութեան խնդիր ունի՞ն այնտեղ:

Ոչ, այդ հարցը նախքան   իրենց գալը արդէն լուծուած կ'ըլլայ: Բոլոր եկողները, նախքան օդանաւ բարձրանալը արդէն թուղթ կ'ունենան, հասնելնէն  ետք 2-3 օր վերջ իր անձնական թիւը կ'առնէ, այդ թիւը եթէ առնէ, արդէն տեղացիի մը նման աշխատանքի իրաւունք կ'ունենայ, յետոյ արդէն երկու շաբաթ վերջ, որոշ պետական գործողութիւններ կան պէտք է ընեն, բժշկական թուղթ եւայլն, այդ գործընթացը վերջանալէ ետք՝ մէկ ամիս վերջ արդէն մշտական բնակիչի (permanent resident) քարտե կ'առնէ եւ ոչ մէկ հարց կ'ունենայ աշխատանքի կամ ուսման: 


-Դուք ի՞նչ միջոցներով Գանատա հասաք:

Մենք «Հայ Տուն»ի միջոցաւ եկանք, դիմեցինք իրենց,   եւ  ապա    Գանատա   գալու   արտօնութիւն  ստացանք: Անշուշտ երաշխաւոր ալ պէտք էր, մեր երաշխաւորը գանատացի հայ մըն է, նախկին հալէպցի, մեզի չէր ճանչնար, բայց երբ լսեց մեր պարագան, երկու տղայ զաւակ զինուրութեան տարիքի, որոնք ոչ Լիբանան ոչ ալ՝ ապագայի առումով՝ Հայաստան կրնան մնալ, առանց երկմտութեան երաշխաւոր եղաւ:

Ըլլայ երաշխաւորը, ըլլայ «Հայ Տուն»ի ծառայութիւնը մեր ընտանիքին համար փրկութիւն էր: Գիտէք շատ խօսակցութիւններ եղան, թէ «Հայ Տուն»ի գործով Հալէպը կը պարպուի եւայլն, բայց այդպէս չէ,  այստեղ ամէն մարդ իր ազատ կամքով կու գայ, ոչ մէկը կրնայ ստիպել միւսին, անոնք պարզապէս օգնութեան ձեռք մեկնեցին եւ ես երախտապարտ եմ իրենց, իմ զաւակներուս ապագան փրկեցին:

 


-Իսկ Հայաստանի մասին, ըսիք հոն ալ չէք կրնար մնալ, ինչո՞ւ, կրնաք բացատրել:

Երբ Հալէպի պայմանները շատ վատթարացան, ես երկու տղաքս դուրս հանելու նպատակով Հայաստան ղրկեցի, ես կը շարունակէի Հալէպ մնալ: Բայց դժբախտաբար Հայաստանն ալ ապագայ չխոստացաւ: Ճիշդ է մեր հայրենիքն է, շատ գեղեցիկ է, հաճելի է հոն ապրիլը, բայց երիտասարդ մը երբ պիտի ուսանի եւ աշխատի իր ապագան շտկելու համար, շատ դժուար է: Եթէ իմ զաւակներս 200-300 տոլար ամսականով հազիւ իրնց ապրուստի ծախսը պիտի հանեն, ինչպէ՞ս ապագայ պիտի շտկեն: Անոր կողքին, աշխատելու համար, դժուր պայամններու մէջ պիտի ուսանին: Չմոռնանք, որ բոլոր դպրոցական տղաքը, որ Հայաստան եկան, դեռ արհեստ բան մը չունէին իրենց ձեռքը եւ ստիպուած վաճառող կամ մատուցող աշխատեցան, անոր կողքին շատ ատեն գործատէրերու կողմէ շահագործուեցան, այս դրութիւնն ալ անցաւ մեր գլուխէն, չուզեցի զաւակներս  այդպիսի պայմաններու մէջ աշխատին, ինչպէս կ'ըսեն այդ տզրուկները որ մարմինիդ կը փակին արիւնդ կը ծծեն, հետեւաբար Գանատան մեզի համար փրկութիւն էր:


-Այսինքն ինչպէս ըսիք, դուք երախտապա՞րտ էք «Հայ Տուն»ին,

Պարզ է որ երախտապարտ պէտք է ըլլանք: Մեր վիճակը այնպէս էր, որ կարծես անձ մը շիշի նեղ անցքին մէջ մնացեր է, մէկը եկաւ հանեց իրենց այդ անցքէն, ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երախտապարտ պէ՞տք չէ ըլլայ:


-Ի՞նչ կ'աշխատէիք Հալէպի մէջ:

Ես Հալէպի մէջ մի քանի գործ կ'աշխատէի: Երկար տարիներէ կը զբաղուէի ելեկտրոնական ձայնային գործիքներ շինելով եւ վերանորգումով, երկրորդ գործը որ կ'ընէի բաւական շուտ՝ 80-ականները սկսած էի՝ լուսանկարչական գործիքներ (քամերա) կը նորոգէի,  քիչ մը յատուկ գործ էր, քիչ մասնագէտներ կային, անոր համար բաւական յաճախորդներ ունեցայ, նոյնիսկ Լիբանանէն, Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն՝ Տէր Զօրէն,  Գամիշլիէն, Դամասկոսէն եւայլն:

Երբ պայմանները փոխուեցան, այս զարգացած հեռախօսները ելան, որոնք արդէն իրենց մէջ քամերա ունին, աս գործս կաղաց, հետեւաբար անոր հետ միատեղ սկսայ բանակին պատկանող հաստատութեան մէջ աշխատիլ՝ «Իսքան Ասքարի», հոն մեծ գործարաններու մէջ ելեկտրական սարքաւորումները կը պատրաստէի:


-Իսկ ներկայիս ի՞նչ գործով կը զբաղուիք:

Ներկայիս հիմա բոլորովի տարբեր է աշխատած գործս, իտալացիի մը մօտ ուտեստեղէնի բաժին մէջ  կ'աշխատիմ, զէյթի շիշեր կը փաթեթաւորենք: Հոս ալ ուրիշ բաներու ծանօթացանք, զէյթի տեսակներ, որոնց մասին գաղափար չունէինք, մեր երկրին մէջ չկար, հոս կայ: Գոհ ենք , փառք Աստուծոյ , մօտաւոր երկու տարի է կ'աշխատիմ:


-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ ապագայ կը սպասէ Հալէպին:

Նախ ըսեմ, որ այնտեղ ոչ մէկ ազգական ունիմ այլեւս: Մնացած են շատ փոքրաթիւ ընկերներ: Հալէպի ապագան յոյսով ենք, որ վերջաւորութեան լաւ ըլլայ,  բայց հիմա քիչ մը մութ է, Աֆրինի  հարցը բաւական մտահոգիչ է,  չենք գիտեր ինչ կայ ատոր տակը, ինչ համաձայնութիւններ եղած են, մարդ չի գիտեր  ու ամէն օր,  ամէն վայրկեան կը հետեւինք լուրերուն: