image

Հոլանտա հասած սուրիահայերուն մեծ մասը համոզուած չէ իր առած քայլով. Նախկին հալէպահայ Պօղոս Թէքէեան

Հոլանտա հասած սուրիահայերուն մեծ մասը համոզուած չէ իր առած քայլով. Նախկին հալէպահայ Պօղոս Թէքէեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է նախկին հալէպահայ, երկար տարիներէ ի վեր Պելճիքա եւ Հոլանտա հաստատուած Պօղոս Թէքէեանը:


-Պրն. Թէքէեան , երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակիք Պելճիքայի մէջ, պիտի ուզէինք իմանալ թէ ի՞նչ ոլորտի մէջ կը գործէք ներկայիս:

Երկար ժամանակ՝ 2006-2017 թուականներուն Հոլանտայի տարբեր քաղաքապետարաններու մէջ աշխատած եմ իբր խորհրդատու «policy maker», այսինքն  երբ  Հոլանտայի մայրաքաղաք Տէնհախէն օրէնքը կը հաստատուի եւ ընդհանուր քաղաքապետարաններուն կը բաժնուի, մենք այդ օրէնքի ռազմավարական քաղաքականութիւնը  «strategic policy» -ն  կը մշակենք, եւ  կը  հետապնդենք    անոնց աշխատանքի   գտնելու  հարցին լուծումը:

2015-2016-ին երբ զգացի, որ սուրիացիները բաւական լուրջ թիւ սկսան կազմել եւ անոնց բնակեցման լուրջ հարց կար, այդ ժամանակ սկսայ  2-3 շտապ կեդրոններու տնօրինութիւնը ընել եւ որոշեցի փախստականներու հարցերով զբաղող անձնական ընկերութիւն հիմնել:


-Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն ի վեր մեծ թիւով սուրիահայեր որպէս փախստական եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ հաստատուեցան, ի՞նչ կրնաք պատմել անոնց մասին:

Այո, բաւական սուրիահայեր եկան Հոլանտա, Պելճիքա, բայց  թիւը շատ անորոշ է,  կառավարական մարմիններ սուրիահայերու մասին  յստակ տուելաներ չեն տար  եւ ատոր  համար շատ դժուար է սուրիահայերու ճիշդ թիւը գիտնալ: Հայկական համայնքներու մօտ ալ  յստակ արձանագրութիւներ չեն եղած, թէ ովքեր մնացին ովքեր վերադարձան, բայց  շատ  կարեւոր է, որ  այդ գործը կազմակերպուի: Անշուշտ  սուրիահայ փախստականը ինքն ալ պէտք է քայլ առնէ եւ ուզէ համայնքին հետ կապի մէջ մտնել,  որպէսզի կարենանք օգտակար դառնալ, բայց շատեր կառավարութեան տուած օգնութիւններով բաւարարուած կը զգան եւ կարիք չեն զգար համայնքին դիմելու:

Իրավիճակին մասին եթէ խօսիմ, սուրիահայ գաղթականներէն շատեր դեռ անորոշ վիճակի մէջ են, համոզուած չեն եկած, իրենց մտքին մէջ դեռ Հալէպի կեանքն է, Հալէպի ջերմութիւնը կը փնտռեն, կ'ուզեն իրենց անձնական գործը ստեղծել, վաճառականութիւն ընել, հասարակ գործեր չեն ուզեր աշխատիլ, անոր համար ալ պետութեան կողմէ իրենց յատկացուցած թոշակով կը բաւարարուին: Օրինակ սուրիահայ արհեստաւոր վարպետը եթէ Հոլանատայէն վկայական չստանայ չի կրնար իր անձնական արհեստանոցը բանալ, հակառակ որ շատ աւելի լաւ մասնագէտ է քան հոլանտացի վկայեալ երիտասարդ արհեստաւորը:

Երիտասարդները բարեբախտաբար այդ հարցը չունին, անոնք բոլորն ալ լեզու սորվեցան, համալսարաններ ընդունուեցան եւ հանգիստ կրնան շարունակել իրենց կեանքը: Իմ յորդորս է Եւրոպա գտնուղ սուրիահայ փախստականներու,  որ  փորձեն միւս փախստական ժողովուրդներուն նման պետութեան տրամադրած թոշակին կառչած չմնալ, ջանք դնեն, գործերու մէջ մտնեն եւ ինքնաբաւ քաղաքացիներ դառնան, որովհետեւ Հոլանտայի մէջ արժանապատիւ ապրելու համար մէկ ձեւ կայ՝ աշխատիլ, որպէսզի բոլոր իրաւունքերը ունենաս եւ խեղճ վիճակի մէջ չյայտնուիս:

 


-Եւրոպայի համար կարեւոր եւ բաւական բարդ խնդիր էր սուրիացի փախստականներու հարցը, ի՞նչ վիճակի մէջ է այսօր անոնց ընդհանուր իրավիճակը, ի՞նչ պայմաններու տակ կ'ապրին:

Սուրիացի փախստականները Հոլանտայի մէջ «թագաւորական» կեանքով կ'ապրին,  Հոլանտայի կառավարութիւնը իրենց բոլոր քաղաքացիական իրաւունքները տուած է: Անոնք բոլորն ալ Եւրոպա հասած են ծրագրուած կերպով, բոլոր օրէնքներէն տեղեակ եւ կը փորձեն ոչ միայն օգտուիլ իրենց իրաւունքներէն, այլ օգտագործել այդ  օրէնքերը ի շահ իրենց: Օրինակ մը նշելու համար, ըսեմ, անոնք շատ լաւ գիտակցելով որ զաւակ մը Եւրոպա հասնելէն ետք կրնայ իր ծնողներն  ալ  իր մօտ բերել, նախ իրենց զաւակները կ'ուղարկեն, եւ ապա իրենք որպէս ծնողներ Հոլանտա կը  տեղափոխուին:Տակաւին չեմ  խօսիր այն պարագաներուն մասին, երբ  կարգ մը փախստականներ    «զատողութեան»   զոհ երթալու թեմայով   դատ  բացած են Հոլանտայի   կարգ մը  քաղաքացիներուն  դէմ:

Անշուշտ մէջերնին կան նաեւ  շնորհակալ, համեստ մարդիկ, որոնք կը փորձեն աշխատիլ, գործ հիմնել, բայց մեծամասնութիւնը փախստականի թոշակին վարժուելով, չուզեր գործի անցնիլ եւ այդ թոշակէն հրաժարիլ:

Հիմա Հոլանտայի մէջ այս բոլորին առաջքը առնելու համար, նոր օրինագիծեր կ'առաջադրուին, որպէսզի փախստականներուն թոշակ տալու փոխարէն աշխատանքով ապահովեն, որպէս ցանկացած փախստական կառավարութեան կողմէ տրամադրուած թոշակին չվստահի  եւ ինք ալ փորձէ ճիգեր գործադրել եւ աշխատանքի  անցնիլ:


-Ինչքանո՞վ վտանգուած կը տեսնէք Եւրոպայի ապագան, մանաւանդ որ յաճախ կը խօսուի, թէ սուրիցի եւ տարբեր երկիրներէ փախստականներ կրնան վտանգի տակ պահել Եւրոպան թէ իսլամացման, թէ մարդագրական առումով:

Իրականութեան եթէ նայինք Եւրոպայի իսլամացման վտանգը միշտ ալ  կայ  եւ շատ մեծ է, բայց այդ մէկը սուրիացի փախստականներուն հետ այնքան ալ կապ չունի: 2015-2016-ի տուեալներով  մօտ 800 հազար սուրիացի փախստական Գերմանիա հասան, 130 հազար՝ Հոլանատա, 68 հազար՝ Պելճիքա,  բայց անոնց մէջ ծայրայեղականներու քանակը շատ քիչ է, սուրիացի փախստականներու պահանջքը միայն հանգիստ ապահով կեանքն է: Սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ սուրիացի փախստականներու գործօնը չի մեծցներ իսլամցման վտանգը, քանի որ յաճախ Եւրոպայի մէջ գործող մզկիթները կը փորձեն այդ սուրիացիներուն որոշ օգնութիւններ տրամադրելով իրենց մէջ ներգրաւել եւ այդ մզկիթները ինչպէս գիտենք, կը ֆինանսաւորուին Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Միացեալ էմիրութիւններէն, որ ինչպէս բոլորիս յայտնի է, իրենց յստակ ուղղուածութիւնը ունին: