image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան հաստատուած սուրիահայերու միջին խաւը դժուար պայմաններով կը գոյատեւէ.Անի Ասլանեան

Երեւան հաստատուած   սուրիահայերու միջին  խաւը  դժուար   պայմաններով  կը  գոյատեւէ.Անի Ասլանեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հալէպի արդիւնաբերական պալատի տիկնանց յանձնախումբերու անդամ, հալէպահայ ճարտարապետ  Անի Մարկոսեան Ասլանեանը:

 

-Դուք կը պատկանիք սուրիահայերու այն խաւին, որ պատերազմի ամբողջ ընթացքին նախընտրեց Սուրիա մնալ, ի՞նչով պայմանաւորուած էր այդ որոշումը:


Յուսալով, որ վիճակը պիտի լաւանայ, որոշեցինք Սուրիա մնալ, սակայն երբ ապրուստի պայմանները շատ դժուարացան եւ հայկական թաղամասերն  ալ անմասն չմնացին   այդ  պատերազմէն,  մտածեցինք Հայաստան փոխադրուիլ եւ այդ ուղղութեամբ քայլ ալ առինք, եկանք Հայաստան եւ փորձեցինք գործ սկսիլ,  գործարան հիմնեցինք,  բայց ինչպէս բոլորս գիտենք՝ Հայաստանի այդ դժուար պայմաններուն պատճառով չկրցանք աշխատիլ, շուկայ մտանք, երկար ժամանակ փորձեցինք, բայց մեր դրած ներդրումը չարդարացուց ինքզինք, հետեւաբար պատերազմի այդ դժուար օրերուն նախընտրեցինք հրթիռներու տակ ապրիլ, քան թէ Հայաստանի մէջ այդ գործը շարունակել: Վերադարձանք, որովհետեւ չյաջողեցանք մեր գործին մէջ եւ միաժամանակ Սուրիան ալ հանդարտեցաւ, Սուրիոյ վիճակի լաւանալը օգնեց, որ Սուրիա մնանք:


-Եթէ հիմա նոր բարեփոխումները իրականանան Հայաստանի մէջ, կը մտածէ՞ք վերադառալ դարձեալ ներդրում ընել փորձել:


Այո, անշուշտ, փափաքը ունինք վերադառնալու, նոյնիսկ եթէ Հալէպի մէջ լաւ գործ ունենանք, միշտ հայուն երազն է, որ ինքը իր հայրենիքին մէջ գործ դնէ, ներդրում դնէ եւ բարգաւաճի հայրենիքը, հայ ժողովուրդը եւ ինքը:


-Ինչպէս գիտենք, դուք Սուրիոյ արդիւնաբերական պալատի տիկնանց յանձնախումբի անդամ էք երկար տարիներէ ի վեր, ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղուէիք նախքան պատերազմը, պատերազմը ինչքանո՞վ ազդեց ձեր գործունէութեան վրայ, աշխատանքի ոլորտը փոխուեցա՞ւ:


Հալէպը Սուրիոյ արդիւնաբերութեան սիրտն էր, մայրաքաղաքն էր, մենք պատերազմէն առաջ տարբեր ծրագիրներու վրայ կ'աշխատէինք, գործարանները բարելաւելու դասընթացքներ կ'ընէինք, գործարար տիկիններ կային, անոնց հետ կը  գործակցէինք, բայց երբ պատերազմը սկսաւ, գործարաններու մեծ մասը թալանուեցաւ եւ քանդուեցաւ: Սակայն  մեր աշխատանքը չդադրեցուցինք, այլ նոր ծրագիրներ մշակեցինք, մանաւանդ երբ քաղաքին մէջ գործի պարագաները դժուարացան, տան տիկինները եւս սկսան մտածել տան ապրուստի ապահովման մասին, մենք այդ կիները  քաջալերեցինք, սկսանք իրենց տարբեր տեսակի դասընթացքներ իրականացնել: Ջանացինք շուկաներ բանալ, առաջին քայլը եղաւ ցուցահանդէսներով, Հալէպի մէջ առաջին ցուցահանդէսը  բացինք  2014-ին, որմէ ետք  մեր  աշխատակից  տիկինները սկսան քաջալերուիլ եւ մտածել որ իրենք  ալ գործեր  ձեռնարկեն:  Գործ հիմնելու յատուկ ծրագիրներ ըրինք նահատակներու մայրերուն եւ քոյրերուն: Յատուկ ծրագիրներ ըրինք նաեւ դպրոցներու հետ: Եւ ըսեմ, որ շատ շօշափելի արդիւնքներու հասանք:


-Այս աշխատանքի մեծ մասը ինչպէս գիտենք արաբներու հետ կը կատարէիք, անոնց հետ լեզու գտնելու խնդիր չունեցա՞ք:


Ո՛չ, բնաւ, որովհետեւ մեր ժողովուրդն է, մենք հոն մեծցած ենք, նոյն ուսումը ստացած ենք, գրեթէ նոյն կենցաղը  եւ նոյն մտածելակերպը ունինք:


-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Երեւան հաստատուած սուրիահայերու վիճակը, ճիշդ ըրա՞ծ են այդ քայլը առնելով, ուրախ են, ի՞նչ կը տեսանէք ձեր շուրջը:


Երեւան հաստատուած սուրիահայերու երկու խաւ կայ, հարուստներ, որոնց համար ոչ մէկ խնդիր կայ, շատ հանգիստ են եւ ուրախ կը վայելեն հայրենիքը եւ՝ միջին խաւ: Իմ կարծիքով միջին դասակարգը, շատ դժուարութեամբ կը գոյատեւէ, աշխատանքը հազիւ կը բաւարարէ իրենց ապրուստի ծախսերը, անշուշտ երրորդ խաւ մըն ալ կար, որ նախընտրեց այլ երկիրներ երթալ:

Այդ միջին խաւը այսօր դեռ հաստատ հիմքեր չունի հայրենիքի մէջ, բայց հաւանաբար համոզուեցաւ այս պայմաններուն, կամ ետ Սուրիա դառնալու համար առաջուան  միջոցները չունին:  Անոնք  վստահ չեն, որ եթէ ետ Սուրիա վերադառնան պիտի կարենա՞ն գոյատեւել  կամ  ոչ, անոր համար ստիպուած հոս պիտի  շարունակեն  իրենց  կեանքը: Երիտասարդներ կը տեսնեմ, որոնք ստիպուած են ուսանիլ եւ աշխատիլ, բայց վստահ եմ, որ հալէպցիները տոկուն են եւ աշխատասէր:


-Գիտենք որ Հալէպի մէջ վերականգնումի շրջան սկսած է, հայ գործատէրերու խանութները վերանորոգել եւ այլն, իսկապէ՞ս այդ աշխատանքը կը տարուի:


Երբ որ վերականգնուելիք կառոյցը կարել է վերականգնել, այո՛, կայ այդ աշխատանքը, բայց երբ մեծ գործարաններ են, որ հիմնահատակ քանդուած են՝ ոչ, հնարաւորութիւն ալ չկայ այդքան մեծ վնասները վերականգնելու: Օրինակ մեր գործարանը որ «փոսթան փաշա»ի մէջ էր, շէնքը ամբողջութեամբ չկայ, գործիքները  բոլոր  գողցուած են,  ինքնաշարժները գողցուած  են,  կարելի չէ վերականգնել այդ  բոլորը: Սակայն փոքր խանութներու պարագային կայ այդ օժանդակութիւնը, անձեր կան, որոնք օգտուեցան այդ օժանդակութենէն, վերականգնեցին իրենց խանութը եւ արդէն կ'աշխատին:


-Գիտենք, որ տարբեր միութիւններու մէջ վարչական աշխատանք կը տանիք, նաեւ բարեգործականի տիկնանց յանձնախումբի անդամ էք, ի՞նչ կը պատմէք այդ գործունէութեան մասին:


Հպարտ եմ ըսելու, որ մենք որպէս Հ.Բ.Ը. Միութիւն, մեր ե՛ւ նիւթական ե՛ւ բարոյական ներդրումը բերինք Հալէպի գաղութին, մենք չդադրեցանք աշխատելէ, մեր գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ շարունակեցինք՝ դպրոց, սկաուտութիւն, մազական, մշակութային եւայլն, եւ այդ աշխատանքի արդիւնքները այսօր մէջտեղն է:

Պատերազմի ծանր օրերուն ակումբը դարձած էր մեր տունը, մեր  զաւակները երբ իրենց տուներուն մէջ չէին կրնար տաքնալ, վառելանիւթի պակասի պատճառով, ակումբը կը տաքնային, ակումբը ամէն ջանք գործադրեց  նոր սերունդի առողջ զարգացումը ապահովելու համար, ապահովեց ջերուցում, լոյս, որպէսզի մեր երեխաները կարենան այնտեղ հանգիստ պայմաններու մէջ իրենց դասերը պատրաստել, եւ կրնամ ըսել եթէ ակումբը չըլլար, մենք հաւանաբար չկարենայինք գոյատեւել, այդ պատերազմին ապահով հանգիստ տեղի մը կարիքը կը զգաս, որ ակումբն էր:


-Հակառակ տարիէ մը ի վեր հաստատուած խաղաղութեան, այսօր կարծես դարձեալ յուսահատական տրամադրութիւններ սկիզբ կ'առնեն Հալէպի մէջ, մանաւանդ Աֆրինի դէպքերէն ետք, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:


Ես իմ անձնական օրինակով խօսիմ, այդ դժուար օրերուն, Աֆրինի հարցերու ժամանակ, մենք մեր գործը մէկ քայլ առաջ տարինք, նոր մասնաճիւղ մը բացինք, այսինքն այդ դէպքերը մեզի յուսահատութեան չմատնեցին: Կրնայ ըլլալ քիչ մը կը տատամսիս, բայց պէտք է լաւատես ըլլաս եւ առաջ քալես, եւ ամենակարեւորը պիտի համբերես, որովհետեւ ամէն ինչ արագ չի լաւանար:

 

 

 Հարցազրոյցը՝  Անի Չալեանի