image

Ռամատանեան մթնոլորտն ու ազատագրուած Դամասկոսը

Ռամատանեան մթնոլորտն ու ազատագրուած Դամասկոսը

Օրեր առաջ ամբողջութեամբ ազատագրուած մայրաքաղաք Դամասկոսը ռամատանեան ցնծութեան եւ պատերազմի թողած աւերածութեան միջեւ հակասական հոգեվիճակ կ'ապրի:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, աշխուժացած են մանաւանդ քաղաքի շուկաները, հակառակ զգալի սղաճին:

Քաղաքի բնակիչներն այլեւս փրկուած են վերջին օրերուն ազատագրուած տարածքներէն արձակուող հրթիռներէն, որ նաեւ իր դրական ազդեցութիւնն ունեցած է շարք մը ծառայութիւններու բարելաւման, եւ քաղաքին նոր շունչ հաղորդած:

Պատերազմական գործողութիւններու աւարտին առթիւ մեծ թիւով բնակիչներ փողոց դուրս գալով անցորդներուն քաղցրեղէն եւ վարդեր բաժնած են:

Միաժամանակ քաղաքի շուկաները լեցուած են նաեւ թէժ շրջաններու մէջ գտնուող բնակարաններէն գողցուած ապրանքներով:

Իր հերթին, կառավարութիւնը սկսած է վերստին բանալ այն ճանապահները, որոնք շատ երկար ժամանակ փակ եղած էին: