image

Գերմանիոյ կառավարութիւնը մտահոգուած մաֆիաներու հարցով, անոնց մէջ կան նաեւ հայեր. Տօքթ. Ռաֆֆի Պէտիկեան

Գերմանիոյ    կառավարութիւնը  մտահոգուած    մաֆիաներու   հարցով, անոնց  մէջ  կան նաեւ հայեր. Տօքթ.  Ռաֆֆի  Պէտիկեան

Գերմանիոյ մէջ հայկական զինուած խմբաւորումներու կամ այլ կերպ ըսած, մաֆիայի մասին լուրերը ժամանակ առ ժամանակ արդիական կը դառնան, երբ դարձեալ կ'աշխուժանան այս երկրին մէջ ապրող մաֆիոզ խմբաւորումները: Անոնք կը զբաղին տարբեր գործունէութեամբ՝ սկսած ինքնաշարժերու վաճառքէն մինչեւ կեղծ դրամական միջոցներու շրջանառութիւն: Իսկ թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալեն, այդպէս ալ մինչեւ վերջ չի բացայայտուիր գաղտնի գործելակերպի պատճառով:

Գերմանիոյ մէջ բնակող հայ բժիշկ, Եւրոպայի հայկական համագումարի վարչութեան անդամ եւ Գերմանիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Պետիկեանը «Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ կը հաստատէ նման խմբաւորումներու գոյութիւնը: Թէեւ անձնապէս չէ հանդիպած անոնց, աւելին, իրեն համար անհանդուրժելի է նման ուժերու գոյութիւնը, սակայն փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ:

«Բարեբախտաբար իրենց չեմ հանդիպած, այստեղ միայն հայերը չեն, բոլոր օտար ազգերն իրենց մաֆիաներն ունին, Գերմանիոյ պետութիւնն ալ շատ մտահոգ է: Օրինակ, թրքական մաֆիան ալ, բոլորն ալ ունին, ալպանացիներն ունին, քիւրտերը ունին, բոլոր օտար ազգերը, եւ Գերմանիան ինքը կը տեսնէ, որ իրեն վնաս է, եւ որպէս ուժեղ պետութիւն՝ որոշած է այս բոլորի առաջն առնիլ, կը կարծեմ, որ կը յաջողի: Օրինակ՝ վրացական մաֆիան, այստեղ բոլոր տուներու թալաններն իրենց ձեռքն է, եւ հայկականն ալ, լսեր եմ, որ կայ, բայց բարեբախտաբար, աչքովս չեմ տեսած, առիթ չեմ ունեցած իրենց հանդիպելու»,-կը ներկայացնէ Պետիկեանը:

Անոնց թիւին մասին տեղեկութիւններ չունի, բայց որոշ լուրեր հասած են նաեւ իրեն Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու հետ անոնց առնչութեան մասին:

 

«Հայ համայնքին չի կրնար վտանգ սպառնալ, որովհետեւ հայ համայնքը այս մարդոց հետ կապ չունի, բայց անշուշտ վնաս կը հասցնէ Հայաստանի հեղինակութեան: Ընդհանրապէս աշխարհի մէջ հայերու անունը՝ իբրեւ սփիւռքահայեր, բարձր է: Մենք բոլորս մեր լաւագոյնն ըրած ենք, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անունը դրական ըլլայ, եւ կ'ուզենք, որ երբ որ հայերու մասին խօսին, հայ ժողովուրդի անունը տան, խօսին Արամ խաչատուրեանի մասին, խօսին Յասմիկ Պապեանի մասին, Տիգրան Պետրոսեանի եւ բոլոր այդ ազնիւ հայերու մասին, որոնք աշխարահի մէջ ճանչցուած են որպէս լաւ արուեստագէտներ, անոնք են, որ հայ ժողովուրդը կը ներկայացնեն, ոչ թէ այս գող-աւազակները»,-կ'ըսէ Եւրոպայի հայկական համագումարի Գերմանիոյ ներկայացուցիչը: