image

Ահազանգ Ամմանէն. Յորդանանի միակ հայկական վարժարանը կը փակէ իր դռները

Ահազանգ Ամմանէն. Յորդանանի միակ հայկական վարժարանը կը փակէ իր դռները

Մտահոգիչ լուրեր կը հասնին Յորդանանէն: Ամմանի կեդրոնական հատուածին մէջ եղող միակ հայկական՝ Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանը պիտի փակէ իր դռները: Տեղեկութիւնը թարմ է ու այդ մասին քիչ առաջ գրառում մը կատարած է համայնքի աշխոյժ անդամներէն, թերթիս բարեկամ՝ Մարալ Ներսէսեանը:

Ձեռնպահ մնալով հանդերձ դպրոցի փակման որոշումին մասին վերջնական գնահատականներ տալէ եւ  կիսելով Մարալ Ներսէսեանի մտահոգութիւնը, որ իւրաքանչիւր յանձնառու հայորդիի մտահոգութիւնն է ստորեւ կը հրապարակենք անոր գրառումը  իր ամբողջութեամբ:

 

Կը սիրենք  յուսալ,  որ տակաւին ժամանակ եւ առիթ կայ լուծելու այս հարցը այդպիսով խնայելով երկար  տարիներու  կենսագրութիւն ունեցող գաղութին ե՛ւ արժանապատուութիւնը եւ մանաւանդ կանխելով նորահաս սերունդներ  կերտելու յանձնառութեամբ ճամբայ ելած հայկական լոյսի կեդրոնի մը վերջնական շիջումը:

 

«Արեւելք»

 

Այսօր, Յուլիս 20, 2018, Յորդանանի Հայ համայնքը իր ամենադժուար պահը կ՚անցընէ, իր գոյութիւնը վտանգող, ազգային միակ հայկական դպրոցի փակման որոշումով։
Հայրենիքէն դուրս մեր գոյութիւնը արդէն իսկ վտանգուած է, աննախադէպ խառն ամուսութիւններով, միութենական խնդիրներով լի, իսկ հիմա առանց համայնքային հիմնասիւնի «դպրոցի», մեր փոքր Հայ համայնքը արմատական սպառնալիքի ազդեցութիւն կրող իրողութեան առջեւ կը գտնուի, որուն հեռանկարը արդէն մշուշոտ է։ Որպէս Յորդանանահայ համայնքի ուսումնասիրութեամբ աշխատանք տանող, կ՚արձագանգեմ այս  փուլը  որպէս գագաթնային օրհասական ճգնաժամ։ Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան մանկապարտէզը եւ 6 դասարաններով նախակրթական վարժարանը դասաւանդած եւ դաստիարակած է 56 տարիներ շարունակ (55 հունձք) հայաշունչ կրթութեամբ։

Հայոց դպրոցի աշակերտներու թիւը որ կը նուազէր տարուէ տարի, Սուրիահայերու գաղթով ունեցաւ իր ամենազգալի առաջին հարուածը։

 

Դպրոցը տարեկան ներդրումներ կը ստանար «քանակի հերթականութեամբ»՝ «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»էն (որ կասեցուած էր 2 տարի առաջ), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն եւ Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութենէն։

 

4 տարի է արդէն CARITAS-ի խնդրանքով մեր դպրոցը ընդունած էր նաեւ ոչ-հայ՝ արաբ-քրիստոնեայ իրաքցիներ, որոնք մինչ օրս կը յաճախէին։

 

Փակուելու որոշումին հետ, նաեւ որոշում առնուեցաւ տարածքը վարձու տալ արաբական դպրոցի, պայմանով որ նոյն դպրոցը յաճախող հայ աշակերտները հայերէն լեզուի դասընթացքներ ստանան։

 

Տեսուչը կը հանդիսանար Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն նշանակուած եկեղեցական, որ եղած է նաեւ Յորդանանահայ համայնքի առաջնորդը։