image

Լիբանանի մէջ «Facebook-ի նախարարութի՞ւն» պիտի ստեղծուի

Լիբանանի մէջ «Facebook-ի նախարարութի՞ւն» պիտի ստեղծուի

Լիբանանեան «Only Lebanon» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր բարձրացուցած է ընկերային կայքերու հիմնախնդիրներու նախարարութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:

Կայքը նախ անդրադարձած է ընկերային կայքերու դրական կողմերուն, որոնցմէ է տարբեր խնդիրներու շուրջ ազատ կարծիքներ փոխանակելու հնարաւորութիւնը, սակայն այնուամենայնիւ յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ ընկերային կայքերը դարձած են այն ամպիոնը, ուրկէ իւրաքնչիւր անձ ազատօրէն արտայայտուելով շատ յաճախ անտեղի ու վիրաւորական գրառումներ կը հրապարակէ, որ եւ հետզհետէ կ'առաջնորդէ հասարակութեան մէջ բարոյական չափանիշներու խորտակման:

Յօդուածագիրն անդրադարձած է նաեւ Արաբական Աշխարհի մէջ լայն տարածում գտած այլ վտանգաւոր երեւոյթի մը, որ կը դրսեւորուի ընկերային կայքերու միջոցով երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները շանթաժի ենթարկելու մէջ, որուն հետեւանքով անոնցմէ շատեր անձնասպանութեան կը դիմեն:

Վերոնշեալ եւ այլ խնդիրներ, որոնք ընկերային կայքերու առկայութեան պայմաններու մէջ օրէ օր անկառավարելի կը դառնան, անհրաժեշտութիւն կ'առաջացնեն ընկերային կայքերու հիմնահարցերու նախարարութեան ստեղծման, կը պնդէ կայքը: