image
Հրատապ լուրեր:

Իւրաքանչիւրն իր ընելիքը կ'ընէ այսօր ընտրուելու, վաղն ալ իր բաժինը բերելու երկրի կառուցման. Ժիրայր Ռէիսեան

Իւրաքանչիւրն իր ընելիքը կ'ընէ այսօր ընտրուելու, վաղն ալ իր բաժինը բերելու երկրի կառուցման. Ժիրայր Ռէիսեան

Այսօր Հալէպի մէջ կ'իրականացին ՏԻՄ ընտրութիւններ: Ըստ օրէնսդրութեան՝ քաղաքացիները պէտք է իրենց ընտրութիւնը կատարեն երկու ընտրակարգով՝ ընտրելով միաժամանակ նահանգային եւ քաղաքային մարմիններ:

 

Ինչպէս արդէն յայտնած է «Արեւելք»-ը, Հալէպի ՏԻՄ ընտրութիւններուն առաջադրուած է 6 սուրիահայերու  թեկնածութիւն, որոնք, սակայն, ոչ միասնական ձեւով հանդէս կու գան: Մէկ մասը կը մասնակցի անհատական, երկու թեկնածուն՝ Բերիոյ թեմի առաջադրմամբ:

 

Ընտրութիւններէն սպասելիքներու ու յառաջիկայ ընելիքներու մասին «Արեւելք»-ը զրուցեց  Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ռէիսեանին հետ:

Սուրիան բոլորին հայրենիքն է, այդ շարքին նաեւ անոնց, որոնք երկար տարիներ ապրած ու օգտուած են այս երկրի բարիքներէն, ուրեմն առանձնացնել հայ թեկնածուները միւսներէն Ժիրայր Ռէիսեանը տեղին չի համարեր: Կ'ըսէ.

«Ես չեմ առանձնացներ հայը արաբէն կամ մէկ ուրիշէն, ընդհանուր աշխուժութիւն կայ, ընդհանուր ոգեւորութիւն կայ, եռուզեռ կայ, եւ իւրաքանչիւրն իր ընելիքը կ'ընէ այսօր ընտրուելու, վաղն ալ իր բաժինը բերելու երկրի կառուցման»:

Առաւել եւս չուզեր տարանջատել հայ թեկնածուները, հետեւաբար կը հրաժարի անդրադառնալ հարցին, թէ ինչու առանձին հանդէս կու գան 6 հայ թեկնածուները: Հայն ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին մէկ մասնիկն է, եւ ինչ որ ունի Սուրիան, բոլորինն է, կը կարծէ ան:

Իսկ Սուրիան կ'երթայ դէպի զարգացում, դէպի վերակառուցում, հետեւաբար թեկնածուներու ծրագրերն ալ այդ ուղղութեամբ են, ինչը ոգեւորած է հայ պատգամաւորին, մտահոգութիւններու մասին չի ցանկար խօսիլ:

«Այսօր Սուրիան իր յաղթական ընթացքին մէջ է, երկիրն իր վերակառուցման ընթացքը գտնելու մէջ է, իւրաքանչիւր անհատ, քաղաքացի ունի իր բաժինը, պարտականութիւնը եւ պիտի ունենայ իր ներդրումը երկրի վերաբնակեցման գործընթացին մէջ: Ինչո՞ւ կը մտածէք  մտահոգութեան մասին, երբ մարդիկ գործի ու արդիւնքի մասին կը մտածեն, մենք կը սպասենք, որ այսօր ով որ յաջողութեան հասնի, պէտք է համապատասխան արդիւնքը բերէ»,-կ'ըսէ Ռէիսեան:

 

Ան վստահ է, որ Սուրիան ոտքի պիտի կանգնի, իսկ դրականի ձգողական ուժն աւելի մեծ է, ուստի կը սպասէ, որ զարգացող երկիրն իր մօտ վերադարձնէ զաւակները, Հալէպն ալ նոր ղեկավարներու ջանքերով վերակագնուի: «Վերականգնումը իր լայն իմաստով ոչ միայն քարն է, այլեւ ընկերութիւնն է, այլեւ այն բոլոր բաժիններն են, որոնք այս երկիրն ու ժողովուրդը որպէս մէկ ամբողջութիւն կը ներկայացնեն»,-կը կարծէ սուրիահայ պատգամաւորը: