image

Սփիւռքի նախարարը Հալէպի մէջ. Լուսանկարներ

Սփիւռքի նախարարը Հալէպի մէջ. Լուսանկարներ

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի շրջանագիծէն ներս Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը  Դամասկոսի ազգային առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փօլատեանի եւ Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի պատգամաւոր Նորա Արիսեանի հետ: Նախարարը Դամասկոսի հայկական եկեղեցւոյ մէջ հանդիպած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցած են  սփիւռքի նախարարին յղել իրենց մտահոգող հարցերը:

Երէկ նախարարը Դամասկոսէն մեկնած է Հալէպ եւ հանդիպում ունեցած է Հալէպի նահանգապետ Հուսէյին Տիապի հետ: Այնուհետեւ ան շրջած է Հալէպի Նոր գիւղ հայկական թաղամասին մէջ, հանդիպած եւ զրուցած է այնտեղ բնակող սուրիահայերուն հետ, ծանօթացած անոնց առօրեային:

 
Նախարարն առանձին հանդիպում ունեցած է նաեւ Հալէպի հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են Հայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը, Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արժանապատիւ Տէր Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցապետ Կարօ Եուզպաշեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կուսակցապետ Աւետիս Խոշաֆեանը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ատենապետ Կարօ Շուշանեանը, ՀԲԸՄ Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանը, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Հռիփ Կանանեանը, Սուրիոյ Խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեանը, «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պողիկեանը:

 


 

 

 

 

 


 

 

 

Երեկոյան  նախարար Մխիթար Հայրապետեանը Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառմանը եւ ելոյթ ունեցած: Հանդիսութեան կը մասնակցէին սուրիահայ համայնքի շուրջ 450 ներկայացուցիչներ: