image

Սուրիական հակամարտութիւնը մտած է նոր շրջափուլ, եւ, կարծես, ռազմական բաղադրիչը կը յանգի եզրագիծին. Արմէն Պետրոսեան

Սուրիական հակամարտութիւնը մտած է նոր շրջափուլ, եւ, կարծես, ռազմական բաղադրիչը կը յանգի  եզրագիծին. Արմէն Պետրոսեան

Թուրք զինուորականներու կողմէ  սուրիացի քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերու դիրքերը գնդակոծելու, ընդհանուր առմամբ Սուրիոյ հակամարտութեան թեմայով հարցազրոյց արաբագէտ՝  Արմէն Պետրոսեանի հետ:

 

-Ինչո՞վ կը պայմանաւորէք թուրք զինուորականներու կողմէ  սուրիացի քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերու դիրքերը գնդակոծելը, որոնք տեղակայուած են Եփրատի արեւելեան շրջանին:
Տուեալ միջադէպը նախ եւ առաջ կարելի է պայմանաւորել այն իրողութեամբ, որ Թուրքիան երկրի բարձագոյն ղեկավարութեան մակարդակով յայտարարեց, թէ կը ծրագրէ նոր ռազմագործողութիւն Սուրիոյ մէջ Եփրատէն արեւելք ինկած քրտաբնակ շրջաններու դէմ, իսկ հնարաւոր գործողութիւնը իր հերթին կարելի է պայմանաւորել յատկապէս սուրիական հակամարտութեան շրջագիծէն էն ներս տեղի ունեցող որոշ գործընթացներով` մասնաւորապէս՝ նշուած շրջաններու առնչութեամբ Թուրքիա-ԱՄՆ համաձայնութեան բացակայութեան պատճառով: Անգարայի նման գործելաոճը առաջին հերթին ճնշման եղանակ  է  Ուաշինկթընի  դէմ, որու նպատակն է քրտական տարաբնոյթ միաւորումները որոշ շրջաններէն դուրս բերելու վերաբերեալ թուրք-ամերիկեան պայմանաւորուածութիւններու կենսագործումը: Երկրորդ հանգամանքը սուրիական հակամարտութեան շրջագիծէն ներս ռուս-թրքական պայմանաւորուածութիւններու իրականացման դրական արդիւնքներն են, որու մէջ առարկայական դերակատարութիւն ունի Թուրքիան, ինչն ալ, կարծես, կ'արձակէ Թուրքիոյ ձեռքերը՝ առաւել յաւակնոտ գործելու տեսանկիւնէ: Արձանագրուած յաջողողութիւններու ֆոնին թրքական կողմը կը փորձէ ցուցաբերել յաւելեալ թշնամանք՝ արդէն սեփական շահերը առարկայացնելու, տուեալ պարագային՝ «Քրտական ինքնապաշտպանական ջոկատներու» դէմ պայքարը շարունակելու ուղղութեամբ:

-Այս պարագային ի՞նչ զարգացումներ կը տեսնէք Սուրիոյ մէջ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ինչպէս նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու առումով  մանաւանդ, որ այս ամէնով  Թուրքիան  կարծէք  ցոյց կու տայ, որ չ՚սպառնար այլ կ'անցնի յստակ գործողութիւններու։

Թուրքիան սուրիական հակամարտութեան ներգրաւուած առանցքային արտաքին դերակատարներէն է եւ ունի սեփական՝ միւսներէն տարբերող, անգամ հակասող շահեր, եւ այդ հանգամանքը, կարծես, թէ որեւէ այլ խաղցող չի վիճարկեր, աւելին՝ անոր հետ բոլորը հաշուի կը նստին: Մէկ բան ակնյայտ է՝ Թուրքիան յաճախ  թշնամական գործողութիւններով դրսեւորուող սեփական յաւակնութիւնները, այնուամենայնիւ, կը փորձէ  նախ եւ առաջ լուծել քաղաքական եղանակով: Այլ հարց է, որ չստանալով իր նախատեսած արդիւնքները՝ թրքական կողմը կ'երթայ իր նախընտրած միջոցներով խնդիրներու լուծման: Նման իրավիճակը շատ պարզ բացատրութիւն ունի, քանի որ Սուրիոյ հիւսիսայի շրջանին մէջ Թուրքիոյ որոշ նպատակներ ուղղակիօրէն կը բախուին այդ տարածքին մէջ գործող այլ դերակատարներու շահերուն, տուեալ պարագային` ԱՄՆ-ի: Այս պարագային, եթէ ԱՄՆ-ն փաստացի կը կատարէ Թուրքիոյ յորդորը կամ պահանջը, անով իսկ, ըստ էութեան, կը զրկուի Սուրիոյ տարածքին իր ամենամարտունակ դաշնակիցի՝ քրտական շարք մը կազմաւորումներու աջակցութենէն, վստահութենէն, հետեւաբար նաեւ՝ Սուրիոյ մէջ անմիջական ներկայութեան հնարաւորութենէն: Նման իրավիճակը պայմանաւորուած է սուրիական հակամարտութեան ընթացքով, անոր տրամաբանութեամբ, երբ ուղղակիօրէն կը բախուին տարբեր դերակատարներու շահերը, ինչն ալ յաւելեալ լարուածութիւն կ'առաջացնէ անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ փոխյարաբերութիւններու վրայ:

-Սուրիոյ պատերազմը տարբեր ժամանակաշրջաններու տարբեր փուլեր ապրած է, մասնաւորապէս ինչ-որ շրջան թէժացած է, ապա աւելի հանդարտած, հիմա գերտէրութիւններու շահերով եւ յարաբերութիւններու պայմանաւորուածութեամբ ի՞նչ փուլ կրնանք սպասել:

Ներկայիս սուրիական հակամարտութիւնը մտած է նոր շրջափուլ, եւ, կարծես, ռազմական բաղադրիչը կը յանգի եզրագիծին: Այս իրավիճակը շարք մը  բացատրութիւններ ունի: Ամենակարեւոր հիմնաւորումը, թերեւս, այն է, որ յատկապէս ԱՄՆ-ն եւ անոր տարածաշրջանային դաշնակիցները կը նախապատրաստուին նոր, առաւել լուրջ գործընթացի, մասնաւորապէս՝ Իրանի դէմ տարաբնոյթ գործողութիւններու սենարին: Կ'ակնկալուի, որ նախ այդ գործողութիւնները կ'ընթանան տնտեսական, քաղաքական պատժամիջոցներու հարթութեան վրայ, բայց չեն բացառուիր նաեւ այլ՝ առաւել վտանգաւոր հետեւանքներով զարգացումները. ըսել է, թէ իրանական հիմնախնդիրը կը դառնայ ամենակարեւորը տարածաշրջանային գործընթացներուն մէջ, եւ տրամաբանօրէն միւս ուղղութիւններուն վերաբերեալ կը նկատուի լարուածութեան էական թուլացում: Նաեւ ասով պայմանաւորուած է, որ յատկապէս «հակաիրանական շղթայի» դերակատարները չեն փորձեր յաւելեալ սրել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ այլ հիմնախնդիրներու շրջագիծէն ներս՝ բոլոր ջանքերը կեդրոնացնելով մէկ ընդհանուր խնդրի շուրջ:

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք, որ ՀՀ-ն կը գործուղէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբ, որոնք թէեւ զինուորականներ են, մարտական զօրախումբ չեն` ըստ նախարարի: Այս առումով կը կարծէ՞ք, որ Հայաստանը կը կարողանայ իր չէզոքութիւնը պահել եւ    հակամարտութեան մէջ , որպէս  կողմ չներգրաւուիլ:

Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնել որեւէ կերպ չի նշանակեր հակամարտութեան ներգրաւուիլ, հայ մասնագէտներու գործուղումը Սուրիա կ'ենթադրէ բացառապէս մարդասիրական գործունէութիւն, եւ այս մասին բազմիցս նշուած է ՀՀ բարձրագոյն իշխանութիւններու կողմէն. այստեղ տողատակեր փնտռելու անհրաժշտութիւն չկայ: Հայաստանը Սուրիոյ մէջ ունի փաստարկուած եւ հիմնաւորուած շահեր, եւ անոր գործողութիւնները պայմանաւորուած են այդ իրողութեամբ: Սա միանշանակօրէն ողջունելի քայլ է, եւ միակ անհանգստութիւնը, որ կրնայ առաջանալ այս գործողութեան հետ կապուած, հայ մասնագէտներու անվտանգութեան խնդիրն է, հակառակ, որ այն նահանգը ուր պիտի գործեն հայ մասնագէտները հիմնական անվտանգ է, այսինքն առկայ են բաւական բարենպաստ պայմաններ, որպէսզի հայկական առաքելութիւնը յաջողութեամբ գործէ:

-Կը կարծէք, որ ԱՄՆ-ն ըմբռնումով կը մօտենայ այդ մարդասիրական քայլին, եւ այլ ենթաթեքստեր չի տեսներ, առաւելեւս որ կան  հրապարակումներ, ըստ որոնց` Պոլթըն դժգոհութեան ալիք փոխանցած է այդ առումով:

Ես համոզուած եմ, որ Երեւանի կողմէ հիմնաւոր եւ փաստարկուած կերպով խնդրի ներկայացման պարագային, հռչակուած նպատակները որեւէ կերպ չխախտելու պարագային, ոչ մէկ խնդիր չառաջանար, եւ բոլոր արտաքին դերակատարները առնուազն ըմբռնումով կը մօտենան հարցին: Չմոռանանք, որ  Հալէպի մէջ, ուր պիտի գործէ առաքելութիւնը, դեռ առկայ է հայահոծ համայնք, սուրիական իշխանութիւններու կողմէն կ'իրականացուին համալիր ծրագիրներ՝ շրջանը բնականոն կեանքի վերադրաձնելու նպատակով, հետեւաբար որեւէ կերպ նման գործողութիւններուն մասնակցութիւնը կարեւոր է Երեւանի համար նաեւ համահայկական տեսանկիւնէ. ընդ որում, որեւէ այլ երկիր Սուրիոյ մէջ չունի նման խնդիր, եւ Հայաստանը բացառիկ է այդ տեսանկիւնէ: Այս տրամաբանութեան մէջ հայկական կողմի գործողութիւնները արդարացուած են՝ մանաւանդ, որ այդ առաքլութիւնը պիտի գործէ բացառապէս ՀՀ դրօշի ներքոյ, այսինքն լիովին ինքնուրոյն եւ այլ դերակատարներու հետ համագործակցութեան սկզբունքով: