image
Հրատապ լուրեր:

Աւետիսի բուժման անհրաժեշտ գումարը արդէն ապահովուած է. Սերոբ Սրապեան

Աւետիսի բուժման անհրաժեշտ գումարը արդէն ապահովուած է. Սերոբ Սրապեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Ամերիկա հաստատուած  երիտասարդ Սերոբ  Սրապեանը։ Նշենք, որ Սերոբ, ինչպէս տասնեակ այլ երիտասարդներ կազմակերպական աշխոյժ մասնակցութիւն  բերած է Աւետիս Գրիգորեանի բուժման  համար ընթացք առած դրամահաւաք-արշաւներուն։


-Սերոբ, ինչպէ՞ս լսեցիր փոքրիկն Աւետիս Գրիգորեանի մասին։


Նախ ըսեմ, որ Աւետիսը, երբ աւելի փոքր էր նոյն հիւանդութենէն կը տառապէր, սակայն բուժում ստանալէ ետք, լաւացած էր, բայց ըստ երեւոյթին, դժբախտաբար, դարձեալ հիւանդացած է, քաղցկեղը վերանորոգուած է եւ պէտք է   անյապաղ   վիրաբուժութեան  ենթարկուի։

Ինծի Աւետիսի օգնութեան հարցով դիմեց անոր մայրը: Ուրեմն, մօտ 2 ամիս առաջ ֆէյսպուքի միջոցով դրամահաւաք մը ըրած էի Լիբանանի մէջ մեր ՀՄԸՄ-ական քոյրերէն  մէկուն համար, որ նոյնպէս քաղցկեղէ կը տառապէր եւ բուժման կարիք ունէր: Այդ ժամանակ ես Լիբանանէն հեռու ըլլալով, մտածեցի թէ ինչ ձեւով կրնամ իմ նպաստս բերել եւ ֆէյսպուքի միջոցաւ դրամահաւաք կազմակերպելու միտքը յղացայ:

Այդ մասին իմանալով, Աւետիսին մայրը իմ հետս կապուեցաւ եւ խնդրեց, որ իր տղուն համար ալ նման դրամահաւաք մը կազմակերպեմ եւ անշուշտ կարելի չէր մերժել նման խնդրանք մը:

Աւետիսին մայրը ինծի դիմած էր, երբ Ամերիկայէն եւ Գանատայէն  շատեր կապուած էին իր հետ, ըսելով, որ կ'ուզեն օգտակար դառնալ, բայց դրամատան միջոցաւ Լիբանան փոխանցում ընելը դժուար է, հետեւաբար առաջարկած էին ֆէյսպուքի միջոցաւ կազմակերպել եւ որպէս այդ գործին մէջ արդէն փորձ ունեցող, առաջարկած էին իրեն իմ հետս կապուիլ եւ այդպէս ալ եղաւ:

Անշուշտ, ինչպէս ըսի, չէի կրնար մերժել նման առաջարկ մը, մանաւանդ երբ հարցը երեխայի մը օգնութեան կը վերաբերի:  Բացի այդ, ըլլայ երեխայ, թէ մեծահասակ, նման պարագայի մը ամօթ է, երբ մարդ մարդու չհասնի, բոլորս մարդ ենք, բոլորս իրար պէտք է օգնենք:

 

-Այսօր նաեւ գրած ես, որ Աւետեսի  վիրաբուժական գործողութեան եւ անհրաժեշտ բուժման  համար ամբողջական գումարը հաւաքուած է, ճի՞շդ է այդ տեղեկութիւնը:


Այսօր առտու գրածիս մասին Աւետիսին մօրմէն լսած էի: Այստեղ նաեւ կ'ուզեմ շեշտել, որ իմ կապս միշտ եւ միայն Աւետիսին մօր հետ եղած է, իրմէ տեղեկացած եմ օգնութիւններու ընթացքին մասին եւ ամէն օր տեղեակ պահած եմ, թէ իմ քովս ինչ նորութիւններ կան դրամահաւաքի հետ կապուած:

Ուրեմն, վերջերս լիբանանեան MTV կայանը ուզելով իր օժանդակութիւնը բերել, իր ծրագրերէն մէկուն հրաւիրած էր Աւետիսը  եւ  ժողովուրդին ծանօթացուցած անոր հիւանդութեան մասին, յայտարարելով, որ Աւետիսին համար յատուկ դրամահաւաք մը պիտի սկսի կայանը:

Վերջերս Աւետիսին մօրմէն տեղեկացայ, որ օրեր առաջ Լիբանանեան MTV կայանէն կապուած են իր հետ եւ ըսած, որ կ'ուզեն այցելել իրենց: Գալով Աւետիսենց տուն, անոնք ըսած են, ձեզի ուրախ լուր մը ունինք, Աւետիսին բուժման համար անհրաժեշտ գումարը ամբողջութեամբ գոյացած է: Շատ մեծ եղած էր Աւետիսին եւ անոր ծնողին յուզմունքը:

Երբ տեղեկացայ այդ մասին, շատ ուրախացայ անշուշտ եւ ֆէյսպուքով բոլորին տեղեկացուցի եւ դրամահաւքը դադրեցուցի:

Անշուշտ պէտք է ըսեմ, որ ամբողջական գումարը գոյացած էր օգնութեան համար եղած բոլոր  միջոցներով, մէջը ըլլալով նաեւ ֆէսպուքեան դրամաաւաքի գումարը:

 

-Բացի Ֆէյսպուքի դրամահաւաքէն եւ MTV կայանի օժանդակութենէն, ուրիշ միջոցներ ալ եղա՞ն գումարը հաւաքելու համար: Ինչպէ՞ս եղաւ ժողովուրդին արձագանգը:


Վստահաբար իմ կազմակերպած ֆէյսպուքի դրամահաւաքը միակ միջոցը չէր Աւետիսին օգնելու: Տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր միջոցներով նպաստներ եղան:  Առաջին հերթին Աւետիսին ծնողքը դիմած էին Լիբանանի մէջ գործող եւ քաղցկեղէ տառապող երեխաներուն օգնող բարեսիրական կազմակերպութեան մը, որ Աւետիսին համար յատուկ հաշուեհամար բացած էին: Գանատայի մէջ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ, որուն հասոյթը  նուիրուեցաւ Աւետիսին, Լիբանանի մէջ փոքր պիզնեսի տէր շատ մարդիկ իրենց մէկ օրուայ շահը նոյնպէս յատկացուցին Աւետիսին, բացի այդ, հեռախօսային հաղորդագրութեան միջոցաւ դրամահաւաք եղաւ, ուր իւրաքանչիւր հաղորդագրութիւն ուղարկող 1 տոլարով իր աջակցութիւնը կը բերեր Աւետիսին:  Ինչպէս վերը նշեցի, լիբանանեան MTV կայանը իր հերթին հանրութեան իրազեկ դարձուց Աւետիսի պատմութեան եւ նախաձեռնութիւն ստանձնեց դրամահաւաքի հարցով:

Չմոռնանք նաեւ, որ շատեր անձամբ  այցելեցին Աւետիսին հիւանդանոց թէ տունը եւ իրենց օգնութիւնը առաջարկեցին, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Պրն. Աւետիս Կիտանեանն   ու  ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ   Յակոբ Բագրատունին, որոնք  ըսին, որ միշտ Աւետիսին կողքը պիտի ըլլան  եւ կարելի եղած   բոլոր օժանդակութիւնները  պիտի տրամադրեն։


Ինչ կը վերաբերի ժողովուրդի արձագանգին, ես իսկապէս շատ զգացուած եւ ուրախ եմ: Ոչ ոք անտարբեր չանցաւ օգնութեան կոչին կողքով, եթէ ոչ նիւթական օգնութեամբ, ապա գոնէ այդ մասին տարածելով, շատեր իրենց մասնակցութիւնը բերին: Խոստովանիմ, որ ես այսքան բուռն արձագանգ չէի ակնկալեր,  բայց ըստ երեւոյթին այդպէս եղաւ, ես կը կարծեմ,  կոչի՝  փոքր երեխայի կեանքի փրկութեան վերաբերելու հանգամանքը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ այդ առումով, ամէն մարդ  ուզեց աւելի նուիրատուութիւն ընել, աւելի ճիգ թափել, որ ապահովուի գործողութեան գումարը։ 


-Ի՞նչ պիտի ըլլայ Աւետիսին բուժման համար յաջորդ փուլերը: Ի՞նչ պիտի կատարուի իր հետ, Լիբանանի՞ մէջ պիտի շարունակուի բուժումը:


Յաջորդ քայլը Աւետիսին գործողութիւնն է: Գումարը արդէն ամբողջութեամբ հաւաքուած է: Գործողութիւնը պիտի ըլլայ Իտալիոյ մէջ: Մօտ օրէն Աւետիսը իր ընտանիքին հետ պիտի երթայ Իտալիա, ուր պիտի իրականացուի գործողութիւնը: Վեց ամիսէն, մէկ տարի անոնք պէտք է մնան Իտալիա, որպէսզի գործողութենէն ետք բուժումը այնտեղ շարունակուի, քիմիոթերափի եւայլն:

Յոյսով ենք, որ շատ յաջող անցնի գործողութիւնը: Ես կ'աղօթեմ եւ բոլորէն կը խնդրեմ աղօթեն Աւետիսին համար, որ յաջող անցնի գործողութիւնը: Յոյսով եմ, որ մէկ տարիէն բոլորովին լաւացած կ'ըլլայ եւ իր բնականոն կեանքին կը դառնայ Աւետիսը:

 

Յիշեցնենք, որ ինչպէս «Արեւելք» նախապէս հաղորդած էր,   լիբանանահայ  պատանի 13-ամեայ Աւետիս Գրիգորեանը   արեան քաղցկեղէ  կը տառապի: Ան արդէն  իսկ սկսած է   ստանալ  համապատասխան  բուժումներ։  

Աւետիսի  գործողութեան   ծախսերը  կը հասնին     150  հազար  ԱՄՆ  տոլարի, անոր հարազատները   սկսած են   դրամական օժանդակութիւններ հաւաքելու  արշաւի։