image
Հրատապ լուրեր:

Ձեր Թուրքիան յոյներէն, հայերէն եւ քիւրտերէն գողցուած հայրենիքն է. Քիւրտ պատգամաւոր

Ձեր Թուրքիան յոյներէն, հայերէն եւ քիւրտերէն գողցուած հայրենիքն է. Քիւրտ պատգամաւոր

 Թրքական մէճլիսին մէջ քիւրտ պատգամաւոր Ֆարհատ Անճո ելոյթ ունեցած է՝ ընդգծելով, որ «Ձեզմէ ոմանք մեզ մարդասպան կ'անուանէ:Բայց ով է քաղաքացիները սպանողը եւ ով է մարդասպանը: Ես քիւրտ եմ, պատմութիւնը իմ յաղթանակն է: Որպէս քիւրտ կ'ապրիմ իմ Քիւրտիստան հողիս վրայ: Սա դուք կ'անուանէք ձեր հողը: Սա ձեր հողը չէ, ոչ ալ Էրտողանի կուսակցութեան հողը: Հողը ձեր բոլորէդ մեծ է, այն կը պատկանի իրական մարդոց: Այստեղ եղած են յոյները եւ հայերը: Մենք քիւրտերս դեռ այստեղ ենք, ոչ մէկ հրասայլ եւ զինուորական չի կրնար մեզ հեռացնել այստեղէն: Դուք կրնաք ոչնչացնել մեզ: Նետեցէք ձեր ռումբերը, սպաննեցէք մեր երեխաները: Սպաննեցէք քաղաքացիները, բայց դուք չէք կրնար ոչնչացնել մեզ: Ես թքած ունիմ: Ճշմարտութիւնը աւելի կարեւոր է, քան կեանքը:

Ձեր Թուրքիան յոյներէն, հայերէն եւ քիւրտերէն գողցուած հայրենիքն է: Պատմութիւնը իմ վկան է: Ի՞նչ կրնաք դուք ըսել: Սպաննեցիք ինծի, ես կ'ըսեմ ճշմարտութիւնը:

Ես մահուան դէմքն եմ եւ համարձակօրէն կը մարտնչիմ իմ ազատութեան համար, ինչպէս միլիոնաւոր այլ քիւրտեր:

Ես մարդ եմ, որ կ'ապրի այս հողին վրայ հազարաւոր տարի, դուք եկաք եւ գրաւեցիք այն:

Ես կռուեցայ իմ ժողովուրդի ազատութեան համար, ինչպէս նաեւ միւս ազգերու ազատութեան համար», – ըսած է քիւրտ պատգամաւորը:

Նշենք, որ պատգամաւորի ելոյթի ժամանակ մէճլիսի թուրք պատգամաւորները սպառնացած էին նոյնիսկ սպաննել Ֆարհատ Անճոն կամ ալ    զինք  զրկել  պատգամաւորի  բոլոր իրաւասութիւններէն...։

 

Աղբիւրը `  Vesti.am