image

Ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի հիմնադրած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը Նաթալի Նաճարեանին

Ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի   հիմնադրած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը Նաթալի Նաճարեանին

Քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած  «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը շնորհուած է հալէպահայ աշակերտուհի Նաթալի Նաճարեանին։ Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ Հալէպէն։

Մրցանակի յանձնումը տեղի ունեցած է 14 նոյեմբերին, Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ձեռամբ  Բերիոյ Թեմի  բարեջան առաջնորդ` Տ. Շահան արք. Սարգիսեանին։

 Նաթալի Նաճարեան 2017-2018 տարեշրջանի պաքալօրիայի պետական քննութեան ամենաբարձր նիշ արձանագրած ուսանողուհին եղած է, ոչ միայն իր վարժարանի, այլեւ Հալէպի մէջ գործող հայկական հինգ վարժարաններու մակարդակով,  հաւաքելով ՝  2853  միջին մը (2900-ի  վրայ)։

Նաթալի Նաճարեան իր հերթին շնորհակալական խօսք արտասանած է, նշելով, որ յաջողութիւնը միայն յատուկ մարդոց տրուած չէ, այլ ան բոլորին համար է, որուն կարելի է հասնիլ աշխատանքով, կամքով, համբերութեամբ եւ յոյսով:

Ան նաեւ շնորահակալութեան յատուկ խօսք ուղղած է բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, ինչպէս նաեւ Շահան սրբազանին ու իր սիրելի դպրոցին, ուսուցիչներուն, տեսչութեան ու տնօրէնութեան։ 

Յիշեցնենք, որ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակ շնորհելու նախաձեռնութիւնը եղած է քուէյթահայ մտաւորական, բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեանինը, որ արդէն չորս տարիերէ ի վեր Քուէյթի մէջ աւանդոյթ դարձած է, եւ ամէն տարի կը տրամադրուի քուէյթահայ գերազանց հայ ուսանողներու։

Սոյն մրցանակը յետ այսու պիտի ընդգրկէ նաեւ հալէպահայ լաւագոյն աշակերտը։