image

Բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը, «ԳՈՀԱՐ»-ի վերջին նորութիւնները, հոլովակներն ու նկարները` մէկ հարթակի վրայ

Բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը, «ԳՈՀԱՐ»-ի վերջին նորութիւնները, հոլովակներն ու նկարները` մէկ հարթակի վրայ

Արդէն քանի ամիս է, որ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր հանդիսատեսին եւ ունկնդիրներուն ներկայացուցած է իր նոր եւ սպասուած նորութեամբ՝ երաժշտական յաւելուածով։ Այս մասին «Արեւելք» -ին յայտնեցին «ԳՈՀԱՐ»-ի  յատուկ ծրագիրներու բաժանմունքէն: Այսպիսով բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը, «ԳՈՀԱՐ»-ի վերջին նորութիւնները, հոլովակներն ու նկարները հասանելի են բոլորին մէկ հարթակի վրայ։

«Յաւելուածին մէջ կրնաք վայելել ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք նուագախմբի եւ երգչախումբի 5 ալպոմները իրենց շուրջ 300 երգերով։ Յաւելուածի առաւելութիւններէն գլխաւորը թերեւս այն է, որ բոլոր երգերը լսելուն զուգահեռ ունկնդիրները հնարաւորութիւն ունին նաեւ ընթերցելու երգերու բառերը, այն ալ երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ անգլերէն։ԳՈՀԱՐ յաւելուածը իսկական երաժշտական հանրագիտարան է հայ երգը եւ մշակոյթը գնահատողներուն համար։ Օգտատէրերը նաեւ անմիջապէս յաւելուածի միջէն կրնան այցելել «ԳՈՀԱՐ»-ի բոլոր կայքերն ու պաշտօնական էջերը, ինչպէս նաեւ ցանկացած ժամանակ կապ հաստատել «ԳՈՀԱՐ»-ի հետ։ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով կը շարունակէ իր աշխատանքը հայ երգի եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ եւ այս նոր յաւելուածը ատոր վառ ապացոյցներէն մէկն է։ Նշենք նաեւ, որ յաւելուածը անվճար է եւ բոլորը կրնան այն ներբեռնել App Store-էն կամ Play Market-էն։

«ԳՈՀԱՐ»-էն յայտնեցին նաեւ, որ յաւելուածի պահանջարկը կը գնահատեն բաւականին լաւ, վստահութիւն յայտնելով, որ APP-ին  մասին    հետաքրքրութիւնը  աաւելի  պիտի  աճի։ «Քանի որ ԳՈՀԱՐ-ի երկրպագուներու աշխարհագրութիւնը բաւականին լայն է եւ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ, ուստի իւրաքանչիւր բաժնի   համար կը մշակուի տեղեկատուածութեան տարածման յատուկ միջոց եւ գովազդային արշաւ։ Սա կը համարենք ժամանակի հետ կապուած ընթացակարգ, այլ ոչ թէ խնդիր։ ԳՈՀԱՐ-ի ծրագիրները բնականաբար շատ են եւ բոլորը ուղղուած են հայ մշակոյթի պահպանմանն ու տարածման։ Մեր առաքելութիւնն է ամբողջ աշխարհով սփռուած հայութեան հասանելի դարձնել հայ երգն ու երաժշտութիւնը։ Շուտով կը լրանայ ԳՈՀԱՐ-ի 20-ամեակը եւ հնարաւոր է հանդէս գանք նոր ծրագիրներով, որոնց մասին խօսիլը քիչ մը շուտ է։ Բոլոր նորութիւններուն մեր երկրպագուները կրնան հետեւիլ մեր ֆէյսպուքի եւ ինսթակրամի պաշտօնական էջերով, ինչպէս նաեւ կայքերուն  եւ  յաւելուածին միջոցով: Պարբերաբար կ'իրականացնենք նաեւ յաւելուածի թարմացումներ եւ նոր հնարաւորութիւններ կ'ընձեռենք օգտատէրերուն։»,-յայտնեցին ՝ «ԳՈՀԱՐ»-էն: