image

Որ երկիրը, որ երթաս, այդ երկրի գլխարկը պիտի հագուիս. Ռաֆֆի Գույումճեանը` Հայաստանի մէջ սուրիահայերու մնալու մասին

Որ երկիրը, որ երթաս, այդ երկրի գլխարկը պիտի հագուիս. Ռաֆֆի Գույումճեանը` Հայաստանի մէջ սուրիահայերու մնալու մասին

Բարձր ճնշման ռետինէ խողովակներու արտադրութեամբ զբաղող Ռաֆֆի Գույումճեանը «Արեւելք»-ին պատմեց, որ  Սուրիայէն Հայաստան եկած է 2012 թուականի յուլիս ամսուն: «Խնդիրներ կային՝ մինչեւ մենք մեր շուկան, յաճախորդները ունեցանք, սկիզբը դժուար էր, բայց հիմա ամէն ինչ  մտած է բնականոն  հուն։ Մեր շուկան ունինք, ամէն ինչէն գոհ ենք: Ամէն ոլորտի մէջ շատ մրցակցութիւն կայ»,-ըսաւ ան եւ նշեց, որ Հայաստանը պիզնեսի համար բարենպաստ է:

Խօսելով սուրիահայերու խնդիրներու մասին ան նշեց, որ հիմնական խնդիրը բնակարանի հարցն է, բնակարանի վարձն է: «Հալէպահայերու 80 տոկոսը իր տունը, սեփականութիւնը ունէր, վարձքեր չունէին, եկամուտը աւելի բարձր էր, իսկ այստեղ ծայրը ծայրին կը հասցնենք»,-ըսաւ ան:

Ռաֆֆի Գույումճեանը նշեց, որ Հայաստանի մէջ  շատ աջակցած են իրենց, շատ ջերմ ընդունած: «Մենք պատերազմէն եկած էինք, բոլոր տեսակի  մարդոց հանդիպեցանք, բայց մեծամասնութիւնը լաւ մարդիկ էին, բաւական օգնեցին մեզի»,-ըսաւ ան:

Հարցին, թէ ներկայիս իշխանութենէն ինչ սպասելիք ունիք, ան ըսաւ, որ ամենամեծ սպասելիքը կապուած է հարկերու, մաքսատուրքերու հետ: «Կ'ուզէինք, որ իշխանութիւնը ուշադրութեան կեդրոնը պահէր փոքր ու միջին պիզնեսի  ոլորտը, առաւել եւս   մեր պարագային, քանի որ մենք նոր սկսած ենք իրականացնել ամէն ինչ Հայաստանի մէջ: Մեր կառոյցները նոր են, կ'ուզենք, քիչ մը շունչ առնել, սկսինք նորմալ աշխատանքներ ունենալ,  ծաւալները մեծցնել, այնուհետեւ ինչ որ տեղացին հարկեր  կու տայ, այնպէս ալ մենք տանք: Կ'ուզենք մատչելի պայմաններ ըլլան, որ մենք մեր գլուխը կարենանք պահել»,-ըսած է ան:

Ան նշեց, որ իր ապագան Հայաստանի հետ կը կապէ եւ եթէ հեռանալու ըլլար, ապա վաղուց գացած  կ՚ըլլար։ «Ես 2012 թուականին եկայ, այդ ժամանակ դուրս երթալու շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կային, բայց ես իմ ազգս սիրող մարդ եմ,  կը նախընտրեմ, որ իմ երեխաները այստեղ մեծնան: Ես իմ հողս, հայրենիքս, կը սիրեմ, ինծի համար «բարի լոյս» բառը հազար հատ «good morning» կ'արժէ:  Այստեղ փողոցը երբ կը քալեմ, կարծես իմ տունս ըլլամ, իմ սրտիս մէջ ջերմ տեղ ունի Հայաստանը»,-ըսաւ ան:

Ռաֆֆի Գույումճեանը նշեց, որ ընկերներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք Հայաստանի մէջ եկամուտ չունենալու պատճառով հեռացած են Հայաստանէն եւ օրինակ բերաւ, որ եղբայրը կ'աշխատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, թէեւ ընտանիքը Հայաստան է: «Ան երկու երեխայ ունի, այդ երեխաները հօրմէն հեռու կը մեծնան, քանի որ Հայաստանի մէջ աշխատանք չկրցաւ գտնել: Հիմնական պատճառը այդ է: Ընկեր ունիմ, որ եկաւ Հայաստան գործ դրաւ, կարգաւորեց, սարքաւորումներ ներկրեց եւ կ'ուզէր այստեղ մնալ, բայց ըսաւ, որ ոչ ժողովուրդին հետ կրցաւ ընտելանալ, ոչ ալ՝ երկրի պայմաններուն, եւ հիմա Գանատա է»,-ըսաւ ան:

Ռաֆֆի Գույումճեանը նշեց, որ  այստեղ ամէն մարդ չի կրնար համակերպիլ: «Ասացուածք մը կայ` կ'ըսէ՝ որ երկիր որ երթաս, այդ երկրի գլխարկը պիտի հագուիս, ամէն մարդ այդ գլխարկը չի կրնար հագուիլ, ամէն մարդու չափին չէ: Ես յարմարցուցի, քիչ մը նեղ էր, բայց արդէն լաւ է»,-ըսաւ ան:

Ըստ անոր` Հայաստանը սպառողական երկրէ պէտք է  արտադրող երկիր դառնայ, որ մեր մթերքը օգտագործենք:  «Կը մնայ, որ մենք դուրսէն հումքը կարենանք բերել, արտադրել ու արտահանել արտադրանքը: Ես չեմ կրնար արտահանել, քանի որ  իմ արտադրածս սուղի կը նայի»,-ըսաւ ան եւ նշեց, որ եթէ քիչ մը պայմանները մատչելի ըլլան, իր արտադրանքը կրնայ դուրս արտահանել: