image

Փօլ Պաղտատլեանի շնորհիւ ես վերստին հայկական երգին վերադարձայ. Մեսիա Կարապետեան

Փօլ Պաղտատլեանի շնորհիւ ես վերստին հայկական երգին վերադարձայ. Մեսիա Կարապետեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հոլանտայի հայկական համայնքի  անդամ, երգիչ՝ Մեսիա Կարապետեան:


-Գիտենք որ Մեսիա Կարապետեանը ծնած է Պաղտատ, ինչպէ՞ս հաստատուեցաք Հոլանտա:

Ծնած եմ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ։ Այդ տարիներուն Իրաք պատերազմի մէջ  էր եւ ընտանիքս պարտաւորուած  եմ հեռանալ այդ երկրէն եւ հաստատուիլ՝ Հոլանտա։ Հետեւաբար երկու տարեկանէս ի վեր Հոլանտա կ'ապրիմ: Կ՚ուզեմ նաեւ նշել, որ մենք արմատներով վանեցի ենք։

 

-Ի՞նչ միջավայրի մէջ մեծցաք Հոլանտայի մէջ, ի՞նչ կը յիշէք ձեր մանկութեան երիտասարդութեան օրերէն: Ինչպիսին էր ձեր շրջապատը:

Ես շատ երջանիկ մանկութիւն ունեցած եմ  Ալմէլո  քաղաքին մէջ եւ փոքր տարիքէս  զբաղուած եմ երգով: Հայրս՝ Սամօ Կարապետեան նոյնպէս երգիչ եւ երաժիշտ էր  եւ  ան  իմ  առաջին   ուսուցիչս  եղաւ։ Ես  շատ բաներ սորված եմ իրմէ ըլլայ երգի մասին, հայկական երաժշտութեան մասին եւ սոլֆէժի մասին:

Երբ դեռ վեց տարեկան էի, օտար երկրի՝ Հոլանտայի դպրոցներուն մէջ, դպրոցական հանդէսներուն հայերէն կ'երգէի:Հետաքրքրիրը այն է, որ տարբեր ազգութիւններէ նոյն դպրոցը յաճախող օտար երեխաներ  կը լսէին իմ երգած հայերէն երգերը եւ անոնցմէ շատերը գիտեմ որ մինչեւ հիմա կը լսեն երգերս, նաեւ երգի բառերն ալ սորված են, ատի ինծի համար մեծ հպարտութիւն է:

 


 

-Քանի՞ տարիէ ի վեր երգարուեստի  ոլորտին մէջ էք, ի՞նչ նուաճումներ կրցաք ունենալ երգարուեստի մարզին մէջ: Ուսման մակարդակ մը ունի՞ք երգարուեստի առումով: Հանրութեան հետ ի՞նչ շփում ունիք, ինչպէ՞ս կ'ընդունին հայ երգը, մանաւանդ ձեր երգերը:

Ես երգարուեստի ոլորտ  մտած եմ երգելով հայկական կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն, բայց Հոլանտայի մէջ դժբախտաբար հայկական միութիւնները նոյնը չեն, ինչպէս որ է Իրաքի, Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ։ Հոս  շատ տարբեր  է  վիճակը, եւ ես  հայկական   շրջանականերուն կողմէ   դժբախտաբար   շատ մեծ  քաջալերանքի  չարժանացայ  եւ այդ պատճառով, որոշ ժամանակ մը սկսայ անգլերէն երգել եւ Հոլանտայի շոու պիզնեսի մեծ համերգներուն  մասնակցիլ։

 


Սակայն եկաւ ժամանակ մը, երբ  Փօլ Պաղտատլեանին  ծանօթացայ «Թիաթր հոթէլ» հիւրանոցին մէջ, ուր ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերուն դաշնամուր կը նուագէի: Երբ  անոր  հետ խօսեցայ հայերէն չերգելու պատճառներուս մասին, ինծի շատ լաւ հասկցաւ եւ խորհուրդ տուաւ, որ ինչ որ ըլլայ, միշտ հայերէն երգեմ, հայերէն նուագեմ, անոր խօսքերը բոլորին արդէն ծանօթ է, որ «հայերէն երգելէն անուշ բան չկայ եւ հայ ընկերէն լաւը չկայ» եւ ես Փօլին մտածելակերպը ընդունելով, սկսայ նորէն հայերէն երգել: Ներկայիս տանս մէջ ունիմ իմ անձնական սթիւտեոն , ուր իմ ձայնագրութիւններս կը կատարեմ եւ 2007 թուականէն սկսեալ շատ մը հայկական պարահանդէսներու մասնակցեցայ, ըլլայ Գանատայի, Պրազիլի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ:

 


Հայութեան հետ իմ շփումս շատ լաւ է, մանաւանդ որ հիմա Ամսթրտամ կ'ապրիմ:  Եւրոպական    այս  ափերուն  վրայ հայու կարօտը աւելի շատ է, շատ կը գնահատեն հայ երգը, հայկական մշակոյթը:

 

-Միայն երգարուեստո՞վ կը շահիք ձեր ապրուստը, կամ այլ աշխատանք ունիք:

Ոչ, միայն երգարուեստով չեմ զբաղուիր: 2015-ին, երբ արդէն հինգ աստղանի հիւրանոցներու մէջ կը նուագէի ինը տարիներէ ի վեր, Ամսթերտամի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցայ հիւրանոցի մը բացումին եւ մինչեւ այսօր ես Հոլանտայի լաւագոյն հինգաստաղանի luxury Swiss Amsterdam հիւրանոցին մէջ կ'աշխատիմ, որպէս հիւրանոցի ղեկավար:

 

-Հոլանտայի մէջ գտնուղ հայութեան վիճակը ինչպիսի՞ն  է, ի՞նչ են հետաքրքրութիւնները:

Հոլանտայի մէջ  ամենատարբեր  երկիրներէն  հայեր կան՝ պոլսահայեր, պարսկահայեր, հայաստանցիներ, իրաքահայեր եւ վերջերս շատ սուրիահայեր ալ եկած են: Լաւ բանը այն է, որ մեր մէջ տարբերութիւն չկայ, բոլորս իրար  կը յարգենք, կը սիրենք: Կրնամ ըսել, որ հոլանտահայութեան թիւը տարիներու ընթացքին  հետզհետէ կ՚աճի, ճիշդ է, մեծ կազմակերպութիւններ չունինք, հայկական անձնական թերթեր, ռատիօներ կամ ալիքներ, բայց կը յուսանք, որ ապագային ամէն ինչ կ'ունենանք:

 


 

-Լսած ենք, որ Միջին Արեւելքէն, յատկապէս Սուրիայէն, մեծ թիւով հայեր   ստիպուած եղան   Հոլանատա  հաստատուիլ։ Բնաւ տեղեկութիւններ ունի՞ք իրենց մասին:

Այո,  Հոլանտա  հաստատուած  սուրիահայերուն թիւը  քիչ չէ։ Անոնք  որոնք որպէս փախստական եկած են այստեղ։ Բոլորն ալ  Հոլանտայի կառավարութենէն  կեցութեան իրաւունք  ստացած են, կառավարութիւնը անոնց տուն տուած է եւ ամսական յատկացում կ'ընէ, մէկ պայմանով, որ դպրոց երթան եւ Հոլանտերէն սորվին:

 Ըսեմ նաեւ, որ մօտիկ անցեալին այդպէս չէր, երբ Հոլանատա գաղթականներ կու գային, շատ դժուար կ'ըլլար, լեզուն չէին հասկնար, իսկ հիմա հոլանտական կազմակերպութիւններ գաղթականներուն հետ կ'աշխատին իրենց լեզուով՝ արաբերէն կամ հայերէն, անոնց բոլոր հարցերը կը լուծեն, մանաւանդ երբ Սուրիայէն, Իրաքէն կամ պատերազմական երկրէ եկած են, շատ աւելի հոգատար ձեւով կը դիմաւորեն  զիրենք:

Ըսեմ նաեւ, որ մեր մօտ  խնդիրներ ունեցան ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող սուրիահայերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն գաղթած բնիկ հայաստանցի հայերը, որոնք երկար տարիներէ ի վեր Հոլանտա կ'ապրին:  Այս հարցի մասին, ինչպէս գիտէք, վերջերս շատ կը խօսուի լրատուամիջոցներու  կողմէ։ Հոլանտայի կառավարութիւնը բոլոր ՀՀ քաղաքացիներէն կը պահանջէ վերադառնալ Հայաստան, ըսելով, որ Հայաստանը ապահովական առումով խնդիր ունեցող երկիր չէ:  Վերջերս այդ ընտանիքներէն մէկը եկեղեցիին մէջ պատսպարուած էր, ուրիշ ընտանիքներ 2-3 ամիսով փախուստի կը դիմեն, բայց վերջ ի վերջոյ կը ստիպուին վերադառնալ Հայաստան:

Նոյն կարգավիճակին մէջ եղող, այսինքն, ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող սուրիահայերէն շատեր Հայաստան չեն վերադառնար, այլ Հոլանտայէն Լիբանան կ'երթան եւ կը փորձեն հոնկէ Գանատա կամ ուրիշ երկիր փոխադրուիլ, իսկ շատեր ալ, որոնք այդ հնարաւորութիւնը չունին, ստիպուած Հայաստան կը վերադառնան կամ անօրէն կերպով Հոլանտա կը մնան։ Այդպիսով ամէն իրաւունքէ զրկուած կ'ըլլան՝ դրամ ստանալ, դպրոց յաճախել եւայլն, անոնց երեխաները կը մնան առանց դպրոցի: Այդ պարագաներուն յաճախ եկեղեցիները կը փորձեն օգնել, որովհետեւ այլ լուծում չունին, կառավարութեան որոշումը այս առումով յստակ է, անոնք   պարտաւոր են Հայաստան վերադառնալ։