image

«Մենք այստեղէն այլ տեղ երթալու միտք չունինք». Հայրենադարձած հալէպահայ

«Մենք այստեղէն   այլ տեղ  երթալու միտք չունինք». Հայրենադարձած  հալէպահայ

Եթէ այստեղ  աշխատանքի    պայմաններ  ըլլան, ես վստահ եմ, որ մարդիկ կը վերադառնան. Տալիթա Քահքէյեան


Տալիթա Քահքէյեան Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած է  ամուսինին հետ  2014 թուականին: Arevelk.am կայքին ան պատմեց, որ այստեղ կը պատրաստէ արեւելեան խմորեղէն, սուրիական զարդեր, եւ Նալպանտեանի փողոցի վրայ գտնուող առեւտուրի կէտին մէջ կը վաճառէ անոնք: «Հայաստանի մէջ գտնուելուս չորս տարիներուն ընթացքին ես տարբեր միջոցառումներու մասնակցած եմ, եւ հիմա մեր գործը քիչ-քիչ արդէն առաջ կ'երթայ»-ըսած է ան:

Ան նշած է, որ ամուսինը հիւանդ է եւ չի կրնար աշխատել, իսկ Կարմիր խաչը այս անգամ մերժած է օգնութիւն տրամադրել: «Երբ նոր եկած էինք, Կարմիր Խաչէն օգնութիւն ստացանք, սակայն այս անգամ չենք գիտեր, թէ ինչ պատճառով մերժուած ենք եւ գիտեմ, որ շատ սուրիահայերու մերժած են: Տանը միայն ես կ'աշխատիմ, իսկ ամուսինս դեղորայքի խնդիր ունի, տան վարձը կը դժուարանանք տալ»,-ըսած է ան:

Ան պատմեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենց եօթ հոգինաոց ընտանիքէն միայն ամուսինը կ'աշխատէր եւ բոլորին կը պահէր: Ան նշեց, որ հիմա երեխաները մնացած են Սուրիա, եւ իրենք ամուսիններով Հայաստան եկած էին երկու ամսուան համար, սակայն հաշուի առնելով, որ Սուրիոյ մէջ վիճակը աւելի վատացած է, ստիպուած մնացած են:  Երեխաները եւս արդէն կը մտածեն գալ Հայաստան: 

«Մենք այստեղէն   այլ տեղ  երթալու միտք չունինք, այստեղ վարժուեցանք: Ընդհանրապէս պատերազմի հետեւանքով երկրէ երկիր տեղափոխուիլը հեշտ չէ, մենք ինչ ունինք թողեցինք Սուրիա: Ես յոյս չունիմ, որ Սուրիան այլեւս կը շտկուի , արդէն քանի տարի է պատերազմը կը շարունակուի»,-ըսած է ան:

Տալիթան հիմնական խնդիրը համարեց տուն չունենալու հարցը:  «Միայն տան հարցը կ'անհանգստացնէ: Քանի մը ամիս կը մնաս, յետոյ տանտէրը կամ կը հանէ, կամ վարձը կ'աւելցէ,  արդէն հինգ տուն տեղափոխուած ենք»,-ըսած է ան:

Սուրիահայը նշած է, որ շատ սուրիահայ ծանօթներ ունի, որոնք Հայաստանէն հեռացած են աշխատանքի բացակայութեան պատճառով: Ան նկատած է, որ հայաստանցիները եւս խնդիր ունին աշխատանքի եւ սա բոլորի խնդիրն է, ուստի անհրաժեշտ է աջակցութիւն տրամադրել, գործարաններ բանալ, որ մարդիկ աշխատին:

«Հայաստանի միակ խնդիրը այս է,  այլապէս Հայաստանը շատ լաւ  երկիր է, թէ՛ ապահովութեան առումով, թէ՛ ալ մարդկային յարաբերութիւններու առումով։ Եթէ այստեղ գործ ըլլայ, ես վստահ եմ, որ մարդիկ կը վերադառնան` Ամերիկայէն ալ, Գանատայէն ալ, Եւրոպայէն եւ ամէն տեղէ ալ»,-ըսած է ան: