image
Հրատապ լուրեր:

«Այսօր լիբանանահայերուն համար հասունցած է Հայաստան ներգաղթելու գաղափարը». Ռոստոմ Գույումճեան

«Այսօր լիբանանահայերուն համար հասունցած է Հայաստան ներգաղթելու գաղափարը». Ռոստոմ Գույումճեան

«Ինչպէ՞ս կրնան սփիւռքահայերը իրենց փորձառութիւնը գործի դնել եւ ոչ թէ կուրօրէն նետուիլ տեղ մը, որու մասին պատկերացում ու տեղեկութիւն չունին»

 

Հայաստան հաստատուելու ժամը միշտ ալ հասուն է լիբանանահայերուն մօտ, այդպէս  կը կարծէ երեք տարի առաջ հայրենադարձուած լիբանանահայ Ռոստոմ Գույումճեանը: Նախ միջավայրի ուսումնասիրութիւն, յետոյ յստակ որոշում այդ միջավայրին մէջ կայանալու վերաբերեալ. Սա եղած է Հայաստանի մէջ հաստատուելու իր ճանապարհը, իսկ թէ ինչ հնարաւորութիւններ ու մտայնութիւններ ունին լիբանանահայերը հայրենադարձութեան վերաբերեալ, ան կը պատմէ «Արեւելք»ի հետ զրոյցին ժամանակ:

 

 

«Ամէն մէկը կրնայ տարբեր պատճառներ ունենալ. Ներկայ ալիքի պատճառը հիմնական Լիբանանի մշտական  խնդիրներ ու  կուտակուած  հարցերն են։ Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւնները կրկին Հայաստանը բերին լիբանանահայու խոշորացոյցին տակ, բայց հիմա ոչ թէ Հայաստանին օժանդակելու նպատակով, այլ այն ընդունիլ իբր աւելի յուսալից, աւելի արթուն, աւելի ապրող եւ դէպի առաջ քալող Հայրենիք. Իմ Հայաստան հաստատուիլս ալ տարիներու փորձ էր եւ նպատակ, մինչեւ երեք տարի առաջ որոշեցի կրկին այդ քայլը առնել եւ տեղափոխուիլ»:

 

Մասնագիտութեամբ  համակարգչային ձեւաւորողը (Graphic designer) մինչեւ հայրենիք տեղափոխուիլը ուսումնասիրած է տեղի շուկան, ան Երեւանի մէջ գտնուելու մէկ ամսուան ընթացքին դիմած է համապատասխան ընկերութիւններու, այդ շարքին Թումօ ստեղծարար կեդրոն, ուրկէ արձագանգը չէ ուշացած:

 

«Քանի մը օրուան ընթացքին հրաւիրուեցայ հարցազրոյցի,վերադարձայ Լիբանան եւ երկու ամիս ետք տեղափոխուեցայ Հայաստան՝ իբր կրաֆիք տիզայնի դասընթացավար, մինչեւ օրս ալ այդ պաշտօնին վրայ եմ. Թումոյի գաղափարին ծանօթ էի 2008 թուականին, դասաւանդելը ու այս կեդրոնի առաքելութեան մասնակցութիւնս բերելը իմ նպատակներէս էր. Իսկ եթէ Թումոյի մշտական աշխատանքը չըլլար, պիտի փորձէի այլ ճանապարհով առաջ երթալ, եւ վստահ եմ, որ ճիշդ ժամանակին ճիշդ գաղափարներ կը ծնէին»,-կ'ըսէ Գույումճեան:

 

Ան վստահ է, որ եթէ ցանկութիւնը կայ, ապա սփիւռքահայը կրնայ միջոց գտնել, իսկ կարեւորը ապրուստն է, «Գործը եւ աշխատավարձերը»,-կ'ըսէ՝ աւելցնելով. «Արդեօք Հայաստանը գրաւի՞չ է սփիւռքահայ արհեստաւորի եւ դրամատէրի համար միեւնոյն ժամանակ: Երբ աշխատավարձի մասին խօսինք, պէտք չէ  տարբերութիւն դնենք սփիւռքահայուն եւ Հայաստանի մէջ ծնած հայուն միջեւ: Ես  չեմ ըսէր, որ   պէտք է տարբեր  աչքով նայինք,  բայց   բոլորս ալ  գիտենք, որ կան   յստակ  տարբերութիւններ, ապրելաոճի,  կենցաղի  եւ այլ հարցերու։ Այս   առումով  ալ պէտք է մասնագիտացած ուսումնասիրութիւն, որ ճիշդ աջակցութիւն ցուցաբերուի հայրենադարձ հայուն. Ես յոյս ունիմ, որ այդ աշխատանքները պիտի տարուին յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին, անոր համար պէտք է հասկնալ կարիքները: Բայց ամենակարեւորը այն է, որ սփիւռքահայը ինքն ալ գիտակցի իր առաջնահերթութիւնները, կարողութիւններն ու պատրաստակամութեան աստիճանը»,-կ'ըսէ Երեւան հաստատուած լիբանանահայը:

 

Ան կը կարծէ, որ այդ ամէնը աւելի լաւ կը գնահատեն յատկապէս գործարարները:  Տեղի պատասխանատուները պէտք է ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տան:

 

«Շատերը կ'ըսեն, թէ կ'ուզեն գործ հիմնել՝ առանց իսկական պատկերացում  ունենալու,  թէ կեանքը այստեղ ինչպիսին է: Իսկ ի՞նչ գործ ընել. ուրեմն տուեալ  անձը պէտք է առաջին օրէն օրէնքը  ճիշդ հասկնայ։ Ան կրնայ  սփիւռքի նախարարութիւն երթալ, կրնայ  կազմակերպութիւններու դիմել, ինչպիսին է ՝ Repat Armenia-ն,  գաղափար մ՚ունենալու համար, թէ ինչ կրնան ընել, ինչպէս հնարաւոր է իր փորձառութիւնը գործի դնել եւ ոչ թէ կուրօրէն նետուիլ տեղ մը, որու մասին պատկերացում ու տեղեկութիւն չունի»,- կը նշէ այդ ճանապարհը անցած լիբանանահայը:

 

«Շատերը կը կարծեն, որ եթէ ԱՄՆ տեղափոխուին, իրենց կեանքի ապագան փայլուն պիտի ըլլայ՝ անտեսելով կամ նոյնիսկ հաշուի չառնելով կեանքի բարդութիւնները, կամ եթէ երթան Սպանիա, կը կարծեն, թէ պիտի ամէն կէսօրին սիեստայի ժամանակ գինի խմեն. եւ երբ մէկը Հայաստանի մասին իր պատկերացումը չի տեսներ տուեալ վայրկեանին, պարզ է, որ այստեղ ապագայ չի տեսներ. Իսկ եթէ անձը ապագայ չի տեսներ այստեղ, կը նշանակէ, իրեն կը պակսին բաներ, որոնք կ'օգնեն մնալ Հայաստանի մէջ»,-կ'ըսէ Ռոստոմ Գույումճեանը:

 

Իսկ Հայաստանի մէջ կան զարգացման հեռանկարներ, վստահ է՝ հաշուի առնելով իր երկար տարիներու փորձը, որու ընթացքին աչքին  առջեւ տեսած է հայուն  կատարած բարեփոխումները իր երկրին  մէջ: «Պէտք է կեանքի որակը զարգանայ, որու համար պէտք է զարգացնենք մշակոյթ, քաղաքական կեանք, զբօսաշրջութիւն, ծառայողութեան բաժիններ, ժամանակակից արհեստագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ուսումնական ոլորտ, արհեստներ… նշելու համար մի քանին. Ուրեմն, եթէ ժողովուրդին ճիշդ օժանդակութիւն տրամադրուի, կրնան իրենք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերել զարգացումներուն»,-վստահ է ան:

 

 

Անդրադառնալով հայուն հայրենիքին կապող պատճառներուն ան  կը վստահեցնէ. «Մէկ-երկու տարի ապրելէ ետք կը մտնեն նոր համակարգի մէջ, եւ հիմնական կէտեր կան, որ աւելի պարզ կը դառնան, կէտեր, որոնք առաջ հպարտութիւն կը պատճառէին որեւէ սփիւռքահայու, օրինակ՝ ուսման որակ, անվճար բժշկութիւն, արուեստներ եւ արհեստներու որակ. Կէտեր,  որ մնացած են Սովետական Հայաստանի լաւ համբաւէն   եւ այդ հիմքով ի յայտ կու գայ, որ բժշկութիւնը անվճար չէ, լաւ մասնագէտները ձեռքի մատներու վրայ կը հաշուին, թէկուզ Լիբանանի համեմատ մատչելի է, բայց Հայաստանի պայմաններուն մէջ այնքան ալ աժան չէ,  եւ միակ ձեւը, որպէսզի այս մարդիկ չցանկան արտագաղթել,  լաւ կ՚ըլլայ, եթէ  պետութիւնը  անոնց  ընկերային նուազագոյն կարիքները հոգայ:

 

 

75-ամեայ Լիբանանի համեմատ Հայաստանը երիտասարդ է՝ 25 տարեկան, բայց արդէն ժամանակն է, որ Հայաստանը կարենայ իր զաւակներուն պէտքերը հոգալ, կը կարծէ Գույումճեանը, իսկ անոնք  անկարելի   բաներ  չեն, այլ տարրական ընկերային կարիքներ, ինչպիսիք են. «անվճար ուսում, անվճար  բժշկութիւն, ծերութեան արդար թոշակ եւ այլ ընկերային բարեկարգումներ կ'օգնեն Հայաստանին    պահպանել   իր   քաղաքացին եւ  անշուշտ   խթանել ու նեցուկ կանգնիլ     հայրենադարձութեանը»։