Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութեան ուժերէն համարուող «Հըզպ սապհա»ի անդամներ, բողոքելով երկրի իրավիաճկին դէմ, այսօր առաւօտ փակած են Պէյրութի մէջ գտնուող Աշխատանքի նախարարութեան գլխաւոր մուտքը: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ «Հըզպ սապհա»ի այլ անդամներ նոյնպէս փակած են Ընկերային հարցերու նախարարութեան մայր մուտքը եւ անոնք նպատակ ունին այսօր շարունակել իրենց բողոքի գործողութիւնները:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ օր եւս կազմակերպութեան անդամները նոյն արարքը կատարած էին եւ փակած էին Լիբանանի ելեւմտական համակարգի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը հանդիսացող TVA-ի շէնքի մուտքը: