image

Աշխարհի առաջին քրիստոնէական պետութեան խորհրդանիշները. Հայաստանի մասին BBC-ի յօդուածը ընդգրկուած է ամենաընթերցուածներու տասնեակին մէջ

Աշխարհի առաջին քրիստոնէական պետութեան խորհրդանիշները. Հայաստանի մասին BBC-ի յօդուածը ընդգրկուած է ամենաընթերցուածներու տասնեակին մէջ

Բրիտանական BBC հեղինակաւոր կայքի ռուսական ծառայութիւնը կազմած է ընթերցողներու շրջանակէն ներս ամենատարածուած յօդուածներու տասնեակը, որոնք պատրաստած են BBC Travel եւ BBC Future բաժիններու հեղինակները 2018-ին:

Թոփ տասնեակին մէջ յայտնուած է նաեւ «Աշխարհի առաջին քրիստոնէական պետութեան խորհրդանիշներն ու առասպելները» խորագրով յօդուածը, որ կը պատմէ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական աւանդոյթներու եւ ժամանակակից Հայաստանի տարածքին գտնուող հնագոյն եկեղեցիներու մասին:

Յօդուածին մէջ կը խօսուի Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ճանչնալու պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են կարեւորագոյն կրօնական կոթողներն ու սրբավայրերը, մասնաւորապէս՝ Վայոց Ձորի Զօրաց եկեղեցին, Գեղարդ վանական համալիրը, Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին:

«Հայ առաքելական եկեղեցին հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկն է, որ կ'առանձնանայ ինչպէս բիւզանդական ուղղափառ, այնպէս ալ հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիէն: Հայաստանը փոքր երկիր է, սակայն Հայաստանի դերը աշխարհի հոգեւոր պատմութեան մէջ դժուար է գերագնահատել. 301 թուականին այն դարձած է աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը», - ըսուած է յօդուածին մէջ:

Հայաստանէն բացի ընթերցողներուն ամէնէն շատ հետաքրքրած թեմաներու շարքին ընդգրկուած են «Թիթանիք» նաւի պատմութիւնը, Ճափոնի եւ Ալիասքայի կղզիները, արեւելեան հումուսի գաղտնի բաղադրիչը, Հարաւսլավիան լրագրողի արկածները Հաւանայի մէջ: