image

Հայաստանի իշխանութիւնները հինը քննադատել-քանդելէն անդին, պէտք է նորը կառուցելու նային. Տօքթ.Ներսէս Սարգիսեան

Հայաստանի իշխանութիւնները հինը քննադատել-քանդելէն անդին, պէտք  է նորը կառուցելու նային. Տօքթ.Ներսէս Սարգիսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի   տնօրէն՝ Տօքթ. Ներսէս  Սարգիսեանը։

 

«Քուէյթի Ազգային Վարժարանը գաղութի հայատրոփ սիրտն է».

 

 

- Որո՞նք են Քուէյթի Ազգային Վարժարանի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները։

Սփիւռքի մէջ գործող մեր կրթական հաստատութիւններուն նման, Քուէյթի Ազգային Վարժարանը նոյնպէս կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ հիմնականը ազգային հայեցի դաստիարակութեան ապահովման կողքին,արդիական ուսումնակրթական չափորոշիչներու հետ քայլ պահելու հրամայականն է։ Այսօր, կրթական հաստատութիւնները առհասարակ կը գործեն նաեւ շահադիտական սկզբունքներով, մեր պարագային մենք կը գոյատեւենք համեստ կրթաթոշակներով եւ համայնքի զաւակներու նիւթական ներդրումներու շնորհիւ, ժամանակն է, որ ունենանք տնտեսական ծրագիրներ, որոնք պիտի օժանդակեն այս հաստատութեան գոյատեւման եւ զարգացման։

 

- Հայապահպանութեան տեսակէտէն ի՞նչ մեքանիզմներ կան։ Ի՞նչ աշխատանքներ կը ձեռնարկէք հայապահպանութիւնը ամրագրելու եւ երիտասարդութիւնը հայկական շունչով դաստիարակելու առումով։

Հայագիտական առարկաները վարժարանէն ներս կը դասաւանդուին մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական՝ Հայոց լեզու, Գրականութիւն, Հայոց Պատմութիւն եւ Հայ Դատ, ինչպէս նաեւ Կրօնի դասանիւթը մինչեւ Միջնակարգ։

Բաւական փորձեր կատարուեցան սոյն նիւթերը աւելի մատչելի եւ արդիական ձեւերով ներկայացնելու ուղղութեամբ։ Վերատեսութեան ենթարկեցինք Հայոց Պատմութեան դասագրքերը, օգտուելով Սփիւռքի մէջ գործող դպրոցներու փորձերէն, զանոնք պատշաճեցնելով մեր տեղական պայմաններուն եւ դպրոցական ծրագրին։

Քուէյթի Ազգային Վարժարանը նաեւ գաղութի հայատրոփ սիրտն է, մեր շէնքին մէջ կը գործեն գաղութի բոլոր միութիւնները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Հ.Օ.Մ․-ը, Համազգայինը, Պատանեկանն ու Երիտասարդական միութիւնները։ Այս իմաստով դպրոցը հայկականութեամբ շնչող եւ ապրող գաղութի օճախն է։

 

- Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով, մեծ թիւով սուրիահայեր Ծոցի տարբեր երկիրներ ապաստանեցան, դուք ալ անոնցմէ էիք։ Արդեօք դժուար եղա՞ւ Ձեզի համար ընտելացումը Քուէյթին ։ Ի՞նչ կ'ըսէք այս առումով։

Մեր պարագային ապաստանելու իմաստով չէ որ եկանք Քուէյթ, այլ մեզի առաջարկուեցաւ աշխատանք, որուն ընդառաջեցինք։

Այստեղ դժուարութիւն չունեցանք, նկատ ունենալով, որ Քուէյթի գաղութը չի տարբերիր Միջին Արեւելքի միւս գաղութներէն, իր կազմակերպչական  ձեւաչափերով եւ մտայնութիւններով, անկախ անկէ, որ կան մտայնութիւններ եւ աւանդութիւններ, որոնք յատուկ են այս գաղութին։ Կարելի է ըսել որ մեր գաղութները միշտ ազդուած են իրենց ապրած երկրի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններէն, այս իմաստով Քուէյթը բացառութիւն մը չէ։

 

- Սուրիահայերէն տեղեա՞կ էք։ Արդեօք մե՞ծ է թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք եկան եւ Քուէյթ ապաստանեցան։

Սուրիական տագնապին հետեւանքով Քուէյթ ապաստանած  սուրիահայ ընտանիքներու  թիւը շատ քիչ է։ Պատճառը այստեղ կեցութեան իրաւունքի հետ կապուած դժուարութիւններն են։

 

- Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Քուէյթի հայութեան ապագան։ Ի՞նչ ապագայ կրնայ ունենալ այդ գաղութը։

Քուէյթի գաղութը կարելի է ներկայացնել որպէս Սփիւռքին Սփիւռքը, անցեալ դարու 50-ական եւ 60-ական թուականներէն՝ Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն հայեր հաստատուած են այստեղ, բացառապէս աշխատանքի նպատակով, յետագային ունեցած են եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ եւ կազմակերպուած գաղութ։

Գաղութի գոյութիւնը եւ ապագան պայմանաւորուած է երկրին եւ շրջանին տնտեսական, քաղաքական, ընկերային զարգացումներով, օրինակ այս վերջին  շրջանին Քուէյթի մէջ տնտեսական դժուարութիւններուն որպէս հետեւանք, ակներեւ դարձաւ կարգ մը հայ ընտանիքներու այլ երկիրներ տեղափոխուելու երեւոյթը, ինչը ազդած է նաեւ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտութեան թիւին վրայ։

 

 

 

Դաշնակցութիւնը  այս տագնապէն աւելի  ուժեղ  դուրս պիտի գայ

 

 

- Բոլորս կը հետեւինք Հայաստանի զարգացումներուն, յատկապէս Ապրիլեան դէպքերէն ետք, Հայաստանը ձեւով մը աւելի մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ , մանաւանդ սփիւռքի այն հատուածներուն կողմէ, որոնք չէին հետեւէր Հայաստանի լուրերուն։ Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը։ Դուք Ձեր շրջապատին մէջ զգացի՞ք այդ մէկը։  

Քուէյթի հայ գաղութը միշտ ապրած է, կ'ապրի եւ կը հետաքրքրուի Հայաստանի առօրեայով։ Ապրիլեան ժողովրդային շարժումը գաղութի զաւակներուն մէջ  առթած է զգուշաւոր ոգեւորութեան, լաւատեսութեան եւ մտահոգութեան խառն զգացումներ։

 

- Ի՞նչ յոյսեր ունիք Հայաստանի այս Իշխանութիւններէն։ Կը կարծէ՞ք որ այս իշխանութիւնները կրնան իրականացնել Ձեր ակնկալիքները։

Մենք սրտանց կը փափաքինք  եւ պատրաստ ենք օժանդակելու, որպէսզի այս իշխանութիւնները յաջողին,  յանուն մեր հայերնիքի եւ ազգի բարօրութեան ու զարգացման, եւ կ'ակնկալենք, որ նաեւ մեր տեսակէտները լսելի դառնան իրենց կողմէ։

 

- Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցան թէժ պայքարներէ ետք, ինչպէ՞ս  կը մեկնաբանէք արդիւնքները։

 Ընտրութիւնները կ՚արտայայտէին ժողովուրդի կամքը։

Առաջին հայեացքով ակներեւ է ընդդիմութեան բացակայութիւնը խորհրդարանէն ներս, որ քաղաքական իմաստով առողջ վիճակ մը չն,  ինչը Հայաստանի Իշխանութիւնները կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութիւններու դիմաց։

 

- Դաշնակցութիւնը այսօր  լուրջ խնդիրներու առջեւ  է, այն իմաստով, որ երկար ժամանակ մը կը գործակցէր նախկին իշխանութիւններուն հետ եւ այսօր, ըստ երեւոյթին, յարաբերութիւնները նոյն մակարդակին վրայ չեն, քաղաքացիական պայմանագիրի եւ վարչպետ Փաշինեանի հետ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս իրավիճակը։ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ դուրս գալ այս իրավիճակէն, տրուած ըլլալով, որ այսօր այս աւանդական կուսակցութիւնը տարբեր պատճառներով  յաճախ քննադատութիւններու կ'արժանանայ։

Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է ամբողջական պատասխանատուութեան սկզբունքով։ Կուսակցութեան  համար ժողովրդականութիւն շահիլը եւ իշխանութիւնը նպատակ չեն եղած։

Դաշնակցութեան համար երկրի կայունութիւնը, սահմաններու ամրութիւնը եւ Արցախը եղած են գերագոյն խնդիր եւ կարմիր գիծ, եւ նոյն այս սկզբունքով առաջնորդուած ենք, թէ՛ որպէս իշխանութիւն եւ թէ՛ որպէս ընդդիմութիւն։

Այդ քաղաքական դիրքորոշումները եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները կամ ձախողութիւնները ժողովուրդին կողմէ հիմա դրական կամ ժխտական ընկալումներ կ'ունենան , այդ մէկը բնական է։ Բնական է նաեւ մեր քաղաքական դիրքորոշումներուն համար քննադատութիւններ լսելը։ Անբնական եւ անընդունելի են սակայն հակադաշնակցական «հիսթերիա»ի վերազարթօնքը։ Այն ուժերը, որոնք ներքաշուած են այս «հիսթերիա»ի մէջ, անկասկած որ չեն գործեր մեր ազգային շահերուն ի նպաստ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը այն ազգային ուժն է, որ արժէք է հայութեան համար եւ իր դերակատարութիւնը անփոխարինելի է։Ան ազգային գաղափարախօսութիւնը դաւանող եւ այդ գաղափարով գործող քաղաքական հիմնական ուժն  է հայկական իրականութեան մէջ, եւ այն  քաղաքական ուժերը, որոնք կը թերագնահատեն այս իրականութիւնը, կա՛մ կ՚ընթանան անլրջութեամբ եւ կամ կը գործադրեն արտաքին ապազգային ծրագիրներ։

Բոլոր անոնց, որոնք դաշնակցութեան համար «Կարապի երգ»ը կ՚երգեն, կ՚ըսեմ, որ Դաշնակցութիւնը ունի բարձր ներուժ, ներքին որոշումներով ռազմավարութիւններ մշակելու եւ գոյատեւելու մեքանիզմներ, որոնք կ'երաշխաւորեն այսօրուան ստեղծուած կացութենէն  աւելի    ուժեղ   դուրս գալը. բան մը, որ պիտի նպաստէ համայն հայութեան կայունութեան։

 

5.- Այս իշխանութեան գլխաւոր գործը ի՞նչ պէտք է ըլլայ՝ Հայաստանի հզօրացումը ապահովելու որպէս նախաքայլ։

Այս իշխանութիւնները հինը քննադատելէն եւ քանդելէն աւելի, նորը կառուցելու գործին է որ պէտք է լծուին։ Պէտք է գիտակցին, որ իրենք իշխանութիւն են այլեւս եւ իշխանութիւն ըլլալը յաւելեալ պատասխանատուութիւն, բծախնդրութիւն կ'ենթադրէ։

Նորը կառուցելու աշխատանքին համար անոնք կրնան  մեզի վստահիլ եւ օգտուիլ նաեւ մեր հնարաւորութիւններէն ու ամբողջական զօրակցութենէն։