image

Նախարարութեան փակումով Սփիւռքը անտէր ու որբ պիտի մնայ. Սփիւռքահայ գործիչ

Նախարարութեան փակումով Սփիւռքը անտէր ու որբ պիտի մնայ. Սփիւռքահայ գործիչ

Սփիւռքի նախարարութեան փակման խօսակցութիւններու առթիւ ընդվզման ալիք բարձրացած է Սփիւռքի մէջ: Քուէյթաբնակ գործարար, արաբական շարք մը թերթերու մէջ հայութեան խնդիրներուն շուրջ յօդուածներով հանդէս եկող Կիրակոս Գույումճեանը ըսաւ, որ սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ լուրը ցնցիչ ազդեցութիւն ունեցած է. «Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ նախարարութեան փակումով Սփիւռքը որբ ու անտէր պիտի մնայ: Այս կարեւոր հարցին շուրջ  Սփիւռքի կարծիքը ոչ մէկը հաշուի չառաւ, ահա ինչու՝ շատերը վիրաւորուած են այս օրինագիծը մշակողներէն»,-«Արեւելքի» հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Կիրակոս Գույումճեանը:

Դիտարկման, որ նախարարութիւններու կրճատումը կամ այլ նախարարութիւններու հետ միաւորումը միջոցներու եւ աշխատանքներու արդիւնաւէտ ու առաւելագոյն կառավարման նպատակ ունի, Քուէյթի մէջ աշխատող հայ գործարարը պատասխանեց. «Մենք ալ կ'ուզենք, որ խնայողութիւն եւ միջոցներու նպատակային օգտագործում ըլլայ, սակայն կը կարծեմ, որ սա՛ չէ այդ հարցի լուծումը: Կարելի էր անձնակազմի թիւը կրճատել, տարածքը փոքրացնել, ծախսերը քիչցնել, բայց արդէն կայացած նախարարութիւնը, որ տասը տարի է կը գործէր եւ մեծ աշխատանքներ կ'ընէր, մէկ անգամէն փակելով արդիւնաւէտ կառավարում չեն ըներ: Շատ սփիւռքահայեր կան, որ գործով կու գային եւ միայն նախարարութիւն այցելելով իրենց գործերը կը դասաւորէին: Տարբեր հարցեր ունէին, եւ մէկ նախարարութիւնը այդ տարբեր հարցերը մէկ անգամէն կը լուծէր,  սփիւռքահայը կարիք չունէր զանազան տեղեր երթալու: Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի համար  այսպես ըսած «մէկ պատուհանի» նախարարութիւն էր: Մէկ վայրի միջոցով մենք մեր բոլոր հարցերը կը լուծէինք: Ամենատարբեր հարցերով կը դիմէին սփիւռքահայերը՝ համաժողովներէն մինչեւ պիզնես ծրագրեր, գիրքերու տպագրութիւն, առաջարկներու քննարկում եւ այլն…  Այս որոշումը ընդունողները իրենք իրենց սփիւռքի տեղը թող դնեն. ըսենք սփիւռքահայը կու գայ, մի քանի գործ ունի, մի քանի տարբեր հարցեր ունի եւ տեղեակ չէ՝ ո՞ւր պիտի երթայ, ո՞ր մէկ գերատեսչութեան դուռը պիտի զարնէ, ի՞նչ քաշքշուկներու  պիտի հանդիպի: Առաջ գիտէինք, որ Սփիւռքի նախարարութիւն երթալով, մեր բոլոր հարցերը ներկայացնելով՝ լուծում պիտի ստանանք, հիմա դուռէ դուռ պիտի իյնա՞նք, պատեպատ պիտի զարնուի՞նք»,-վրդոված է մեր զրուցակիցը, աւելցնելով, որ արդիւնաւէտութեան համար կարելի էր ծախսերը վերահսկել, թերացումները գտնել եւ անոր դէմ պայքարիլ:   

Ըստ Կիրակոս Գույումճեանին, եթէ օրինագիծը ընդունուի, Սփիւռքէն մեծ ընդվզում պիտի ըլլայ.  «Առաջին ընդվզողներէն մէկն ալ ես եմ: Բաւական ծրագիրներ կային սկսած, ես չեմ պատկերացներ, թէ ինչ պիտի ըլլայ այդ ծրագիրներու ապագան:

Իբրեւ գործարար կրնամ ըսել, որ սփիւռքահայ գործարարներուն մօտ Հայաստանի հանդէպ անվստահութիւն պիտի առաջանայ: Շատերը իրենց պիզնես ծրագիրները նախարարութեան միջոցով կ'իրականացնէին: Ճիշդ է՝ նախարարութիւնը այդ գործառոյթը չունի, բայց կրնար վերահսկել սփիւռքահայուն քայլերը, աջակցիլ, ուղղութիւն ցոյց տալ, օրէնքներուն ծանօթացնել: Եւ եթէ ներդրողը որեւէ խնդրի հանդիպէր, ապա գիտէր, որ նորէն նախարարութեան պիտի դիմէ, իր հարցերը լուծողը նախարարութիւնն էր:  Հիմա այն որ ներդրում պիտի ընէ, չի գիտեր՝ ո՞ւր պիտի դիմի, ուրկէ՞ պիտի սկսի»,-ըսաւ ան, վստահեցնելով, որ նախարարութիւնը արդէն գտեր էր սփիւռքահայու հետ աշխատելու ճանապարհը, կրցեր էր հասկնալ սփիւռքի հոգեբանութիւնը:  

Մեր զրուցակիցը չի պատկերացներ նաեւ, թէ ի՞նչ ճակատագրի պիտի արժանանան «Արի տուն» եւ սփիւռքահայ երեխաներու ու երիտասարդներու համար իրականացուով այլ ծրագիրները, բժիշկներու, գործարարներու, ճարտարապետներու, լրագրողներու եւ նախարարութեան կազմակերպած այլ համաժողովները. «Շատ մարդիկ ծրագիրներ կ'իրականացնէին այդ համաժողովներու շրջագիծէն ներս: Միւս կողմէն ալ նախարարի այցերը՝ սփիւռքահայ համայնքներ, նոյնպէս կ'ոգեւորէին գաղութները: Սփիւռքի համար սփիւռքի նախարարութիւնը մեր կառավարութիւնն էր,  կառավարութեան կշիռ ունէր մեզի համար: Այս նախարարութիւնը հոգեւոր իմաստով սփիւռքի  հովանաւորն էր, իսկ Սուրիոյ պատերազմէն ետք նաեւ ֆիզիքապէս հովանաւոր եղաւ հազարաւոր սուրիահայերու համար: Պէտք չէ ուրանալ այն մեծ օգնութիւնը, որ նախարարութիւնը ցուցաբերեց սուրիահայերուն»,-ըսաւ մեր զրուցակիցը, իր տարակուսանքը յայտնելով նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան՝ մէկ այլ նախարարութեան հետ միաւորման առթիւ.

«Աշխարհին մենք մեր մշակոյթէն բացի ուրիշ ոչինչով կրնանք ներկայանալ: Փոխանակ աւելի մեծցնեն մշակութային դաշտի զարգացումը, պիւտճէն աւելցնեն,  կը կրճատեն»,-ըսաւ Կիրակոս Գույումճեանը, յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կը վերանայի օրինագիծը եւ համահայկական շահը ներառող որոշում կ'ընդունի: