image

«Հողս է, ջուրս է.. Ես սովոր եմ այս կեանքին».Իշխանաձոր հաստատուած Լիբանանահայ

«Հողս է, ջուրս է.. Ես սովոր եմ այս կեանքին».Իշխանաձոր հաստատուած Լիբանանահայ

Ապրիլեան պատերազմին մասնակցած արցախաբնակ լիբանանահայ Վահէ Աշքարեանի բազմազաւակ ընտանիքը Ամանորը նոր բնակարանին մէջ տօնեց


Վահէ Աշքարեանը Լիբանանէն 8 տարի առաջ հայրենադարձած է, նախ հաստատուած է Հայաստանի մէջ, բայց ժամանակի ընթացքին հասկցած է, որ այստեղ չի կրնար գիւղատնտեսութեամբ զբաղուիլ ու հոգալ 4 զաւակներուն կարիքները: Եւ բազմազաւակ հայրը որոշած է տեղափոխուի Արցախ՝ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղ:


Համայնքը, որ բազմաթիւ սուրիահայ ու լիբանանահայ ընտանիքներ հիւրընկալած է, կը մեծնայ, գիւղին մէջ բնակարաններ կը կառուցուին Թիւֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Բոլոր հայրենադարձներուն բնակարաններ յատկացուեցան, իսկ այս տարի՝ նաեւ Աշքարեաններուն:

Նոր բնակարանին մէջ Նոր տարին միասնաբար նշելու համար  Ընտանիքը համախմբուած էր, կը պատմէ Վահէ Աշքարեանը «Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ: Զաւակներէն մէկը կ'ուսանի  գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստան» հաստատութեան մէջ, գիւղի դպրոցը փոքր է, կրթութեան համար լիարժէք պայմաններ չապահովեր, ուստի ուսման խնդիրը այսպէս լուծած են:

«Նոր բնակարանին մէջ ենք արդէն ես ու զաւակներս, Գիւմրի ուսանող աղջիկս ալ այնտեղ հանդէսը նշելէն ետք եկաւ Արցախ մեր մօտ, Նոր տարին մեր հետ նշեց: Տեսնենք՝ ինչ յարմարութիւն կ'ըլլայ, յոյսերս շատ են, գործերու մասին կը մտածենք, արտասահմանի մարդիկ կ'ուզեն հոս գործ ընել, տեսնեմ՝ ինչպէս կրնանք յարմարցնել»,-ըսաւ Աշքարեանը:

2019-ի սեմին նոր սպասումներով լեցուած է նորամուտը տօնած ընտանիքի հօր սիրտը, որ տուն ունի, բայց յաճախ կը սրտնեղի. Այն սպասումները, որ ունէր Արցախ տեղափոխուելու ժամանակ, դեռ չեն արդարացած: Ըլլալով գիւղատնտես, Լիբանանի մէջ ջերմոցային տնտեսութիւն վարելու մեծ փորձով՝ Արցախի մէջ չի կրնար հմտութիւնները կիրառել անյարմար պայմաններու պատճառով: Կամ բերքը լիարժէք չէ, կամ իրացման խնդիրներ կ'ունենայ, կամ թեխնիքայի պակաս եւ այսպէս շարունակ:

«Տուած են մէկուկէս հեքթարի չափ հող, առաջին տարին  ձմերուկ մշակեցի, չկրցայ ծախել, բանակին նուէր տուի, որ չփճանայ, երկրորդ տարին ցանեցի, ոչ վնաս, ոչ ալ շահ ունեցայ, այս տարի ընդհանրապէս բան չեմ կրցած ընել: Յարամարութիւն չկայ պարզապէս, ամէն ինչ խնդիր է, թեխնիքան խնդիր է: Շնորհակալ եմ, որ բնակարանի հարցս լուծուեցաւ, բայց կ'ուզէի, որ գործիս հարցը ըլլար, ես ջերմոցի մասնագէտ եմ աւելի, ջերմոց պիտի տային, չտուին»,-կ'ըսէ լիբանանահայը:

 

Արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ չարչարանքը իզուր կը կորի, բայց չի յուսահատիր: Վստահ է՝ Արցախը իր ու զաւակներուն վերջին հանգրուանն է: Կ'ըսէ. «Մենք պիտի պայքարինք, ես սյտեղ պիտի մնամ, պիտի չերթամ հոսկէ, յոյս ունիմ, որ բան մը ընեմ, գործս առաջ տանիմ: Շատ կը սիրեմ, տարածքս է, հոս է: Ես սովոր եմ այս կեանքին, հողս է, ջուրս, սովոր եմ, քաղաքի մէջ չեմ կրնար ապրիլ, գիւղացի մարդ եմ»:

Անկախ դժուարութիւններէն, հայրենիքը թանկ է, այն սեփական կամքով ու պատրաստակամութեամբ ապացուցած է դեռ 2016-ին, երբ Ապրիլեան պատերազմի լուրը լսելուն պէս մեկնած է Ճապրայիլ:

«Մենք մեր ամբողջ կեանքը պատերազմի մէջ մեծցած ենք, այնպէս չի, որ Փարիզէն եկած ենք կամ Ամերիկայէն, պատերազմ տեսած ժողովուրդ ենք, ծնած ենք պատերազմի մէջ ու պատերազմ տեսած ենք, ապրիլեան պատերազմին ալ մասնակցած եմ, ինչէ՞ն պիտի վախնամ»,-հպարտութեամբ ըսաւ արցախաբնակ հայրենադարձը ու վստահեցուց, որ Արցախի հողին ու ջուրին նոյնքան կապուած են իր զաւակները, որոնք պատրաստ են ամուր թիկունք դառնալ իրեն ու պայքարիլ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն դէմ: