image

Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24 -ը յիշատակի օր. Այս մասին յայտարարած է Նախագահ Մաքրոն

Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24 -ը յիշատակի օր. Այս մասին յայտարարած է Նախագահ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ապրիլի 24-ը Ֆրանսայի մէջ հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր: Այս մասին ան յայտարարած է 5 փետրուարին՝ ելոյթ ունենալով Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքի ժամանակ: Այս մասին յայտնած է ֆրանսական AFP գործակալութիւնը։

Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսան 1915 թուականէն ի վեր մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւնը կը կոչէ Ցեղասպանութիւն, «որ տեւական պայքարէն ետք արդէն օրէնքով այդպիսին ճանչցուած է 2001 թուականին»:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններու մաս է, ապա անոր յիշատակը պէտք է յարգուի մեր հանրապետութենէն ներս: Ձեզի հետ ես ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարին ժխտման ցանկացած դրսեւորման դէմ, որ կ'անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատւութիւնը»,- աւելցուցած է Մաքրոն:

Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ նախագահը չի կիեր Ֆրանսայի տեսակէտն ու այդ ծիրէն ներս իրենց արժէքները, այդուհանդերձ, Մաքրոն նշած է, որ Էրտողանը ողջ թուրք ժողովուրդը չէ։

Ֆրանսայի նախագահը խոստացած է շարունակել երկխօսութիւնը՝ ստանձնելով Թուրքիոյ նախագահը երկխօսութեան հրաւիրելու պատասխանատւութիւնը։