image

Փարիզի Առաջնորդարանը Ցարդ Տեղեակ Չէ Լոլա Ուզունեանի Թաղման Կարգադրութիւններուն Մասին

Փարիզի Առաջնորդարանը Ցարդ Տեղեակ Չէ  Լոլա   Ուզունեանի  Թաղման Կարգադրութիւններուն Մասին

Փարիզի Ազգային առաջնորդարանը  մինչեւ այս  պահը տեղեակ չէ Լոլա   Ուզունեանի  թաղման  հետ կապուած կարգադրութեանց կամ  թուականին մասին: Այս մասին «Արեւելք» զրուցեց    Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետին հետ:   Մեր զրուցակիցը   նաեւ յայտնեց, որ ներկայ  պահու դրութեամբ   Փարիզի  մէջ զգուշաւոր  վիճակ  կը  տիրէ,  սակայն  նկատելի է նաեւ, որ կեանքը   դանդաղօրէն սկսած է վերադառնալ իր նախկին  հունին: Նշենք, որ այս առաւօտ       Ֆրանսական մասնայատուկ ուժեր      յաջողած էին   Սան Տընի  շրջանին մէջ  գտնուող ահաբեկիչներու  եղած  բնակավայրին   շուրջ   հետախուզական աշխատանքներ  կատարել:  Տեղի ունեցած ընդհարումին   հետեւանքով սպաննուած էին երեք կասկածելիներ, որոնք կը կարծուի թէ   ISIS -ի անդամներ են: