image
Հրատապ լուրեր:

Գիւմրիի մէջ արտադրուող ճինզը պիտի արտահանուի նաեւ Եւրոպա. Կառավարութիւնը աջակցած է ընկերութեան

Գիւմրիի մէջ արտադրուող ճինզը պիտի արտահանուի նաեւ Եւրոպա. Կառավարութիւնը աջակցած է ընկերութեան

Ճինզէ հագուստի նկատմամբ պահանջարկը 4 տարի առաջ գրաւած է գիւմրեցի արտադրողներու ուշադրութիւնը: Մանուածեղէնի արտադրութեամբ զբաղուող «Ռ. Զաքարեան» ՍՊԸ-ն շուկայի ուսումնասիրութեան հետեւանքով որոշած է այս ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարել: Դժուարութիւնները սպասելի էին, բայց ակնկալուող արդիւնքները՝ առաւել ոգեւորող: Ուստի որոշած են ու ձեռք բերած վերջին սերունդի բարձրակարգ իտալա-գերմանական սարքաւորումներ: Այսօր ձեռնարկութիւնը կ'իրականացնէ բոլոր երեք արտադրական փուլերը, մինչեւ կտրուածք, կար, լուացում եւ վերջնական մշակում: Այս մասին «Արեւելք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է ընկերութեան առեւտրային տնօրէն Լիլիթ Զաքարեանը:

 

 

«Նախագիծը մշակուել է 4 տարի առաջ, անցել է երկարատեւ ուսումնասիրման փուլեր` մեքենասարքաւորումների ուսումնասիրում, շուկայի ուսումնասիրում եւ այլն: Գտել ենք լաւագոյն եւ յուսալի տարբերակը: Ամբողջ աշխատանքները եւ ծախսերը իրականացրել ենք ինչպէս սեփական, այնպէս էլ վարկային միջոցների հաշուին:  Իրացման շուկաները մեծ են: Մեր հիմնական թիրախային շուկաներն են ԵԱՏՄ երկրները եւ Եւրոպական շուկաները»,-պատմեց Լիլիթ Զաքարեանը:

Արտադրութեան մէջ ներգրաւուած են իտալացի բարձրակարգ մասնագէտներ, որոնք կ'ապահովեն եւրոպական որակ: Մեր զրուցակիցը կը վստահեցնէ, որ շուկային մէջ իրենց գիները մրցունակ են: Բայց արտադրութեան ընթացքին ծախսեր աւելցած են, ուստի որոշած են դիմել կառավարութեան աջակցութեան:

Վերջերս կառավարութեան որոշմամբ «Ռ. Զաքարեան» ՍՊԸ-ին արտօնութիւն տրուած է՝ իրաւունք տալով աւելցած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարիով յետաձգել: Լիլիթ Զաքարեանը պատեց, թէ ինչու եւ ինչպէս որոշեցին դիմել.

«Նախնական ծրագրի մէջ ներկայացուած գումարի չափը ընթացիկ գործերում աւելացաւ: Լրացուցիչ վարկային միջոցներ ներգրաւելու փոխարէն փորձեցինք դիմել կառավարութեանը:Կառավարութիւնը մեզ ընդառաջեց եւ տրամադրեց ԱԱՀ-ի յետաձգում 3 տարով, որը նշանակում է որ այդ գումարի չափով մենք ստացանք 3 տարով անտոկոս վարկ: Սա մեծ աջակցութիւն է  նորաստեղծ ընկերութիւնների համար»,-կը կարծէ ան:

Իսկ կառավարութեան որոշման մէջ ըսուած է նաեւ, որ ընկերութիւնը այսպիսով հնարաւորութիւն պիտի ունենայ նաեւ կատարել 1,42 միլիառ դրամի չափով ներդրում՝ բարձրորակ հումք ձեռք բերելու համար, ինչի հետեւանքով ընկերութեան մէջ երեք տարուան ընթացքին կը ստեղծուի 58 նոր աշխատատեղ` 105 հազար ՀՀ դրամ միջին աշխատավարձով:

Ընկերութեան առեւտրային տնօրէնը պատմեց նաեւ այն միջոցներու խնայողութեան մասին, որոնք պիտի ունենան տրուած արտօնութեան շնորհիւ:

«Կը խնայենք այնքան գումար, որքան պիտի վճարէինք վարկի տոկոս վճարելու դէպքում: Բացի դրանից, այդ գումարը կարող ենք ներդնել արտադրութեան զարգացման, աշխատավարձերի եւ այլ ծախսերի համար»:

Բայց ընկերութիւնը իր հնարաւորութիւնները ընդլայնելու համար կառավարութենէն այլ ակնկալիքներ եւս ունի: Աշխատուժի ներգրաւման բարենպաստ պայմաններու կարիք ունին: Կը մանրամասնէ.

«Քանի որ մեր երկրում բացակայում են այս ոլորտի մասնագէտները, ստիպուած ենք եղել ներգրաւել այլ երկրից մասնագէտներ, ինչը պահաջում է անհամեմատ մեծ ծախսեր ընկերութեան համար, ուստի եթէ կառավարութեան կողմից լինի մի ծրագիր, որը կը նպաստի արտօնեալ պայմաններում ներգրաւել դրսից բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտների, դա կը խրախուսի արտադրութեան զարգացմանը եւ միջազգային չափանիշերին համապատասխան արտադրութիւն ստանալուն: Լսել եմ, որ կառավարութիւնը ստեղծում է նոր ուսումնական ծրագրեր, բայց դրանք երկարատեւ ժամանակ են պահանջում: Պատրաստ ենք աջակցել կառավարութեանը մեր ձեռք բերած փորձով»: