image
Հրատապ լուրեր:

«ԳՈՀԱՐ»-ի նոր առցանց հարթակը՝ հայ երգի սիրահարներուն համար անկրկնելի նուէր (Տեսանիւթ)

«ԳՈՀԱՐ»-ի նոր առցանց հարթակը՝ հայ երգի սիրահարներուն համար անկրկնելի նուէր (Տեսանիւթ)

Արդէն քանի մը ամիս է՝ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր հանդիսատեսին եւ ունկնդիրներուն ներկայացած է  նոր եւ սպասուած նորութեամբ՝ երաժշտական յաւելուածով։ Այսպիսով, բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը, «ԳՈՀԱՐ»-ի վերջին նորութիւնները, հոլովակներն ու նկարները հասանելի են մէկ հարթակի վրայ: 

Յաւելուածին մէջ ունկնդիրը կրնայ վայելել ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի 5 ալպոմները՝ իրենց շուրջ 300 երգերով։ Յաւելուածի առաւելութիւններէն գլխաւորը թերեւս այն է, որ երգերը լսելուն զուգահեռ ունկնդիրները հնարաւորութիւն ունին նաեւ ընթերցելու երգերու բառերը՝ երկու լեզուով՝ հայերէն եւ հայերէնը՝ լատինատառով տառադարձուած։ Մասնագէտներու գնահատմամբ՝ ԳՈՀԱՐ-ի այս յաւելուածը իսկական երաժշտական հանրագիտարան է՝ հայ երգն ու մշակոյթը գնահատողներուն համար։ Օգտուողները կրնան նաեւ անմիջապէս յաւելուածի միջոցով այցելել «ԳՈՀԱՐ»-ի բոլոր կայքերն ու պաշտօնական էջերը, ինչպէս նաեւ ցանկացած պահու կապ հաստատել «ԳՈՀԱՐ»-ի հետ։ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով  կը շարունակէ  աշխատանքը՝ հայ երգի եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ, եւ նոր յաւելուածը ատոր վառ ապացոյցներէն է։

Նշենք նաեւ, որ յաւելուածը անվճար է, եւ ցանկացողները այն կրնան ներբեռնել App Store-էն կամ Play Market-էն։