image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ կեանքը ... դարձած է մեծ հարցման նշան. Լուսին Թէրզեան

Հալէպի մէջ կեանքը ... դարձած է մեծ հարցման նշան.  Լուսին Թէրզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ  Լուսին Թէրզեանը:

 

-Ներկայիս ամենօրեայ դրութեամբ ի՞նչ են Հալէպի հիմնական  դժուարութիւնները:


Կրնամ ըսել, որ Հալէպի մէջ ոչ մէկ բան դիւրաւ կը տրուի։  Ամէն ինչ դժուար  է, ինչ որ պիտի ընես, պէտք է ջանք, աշխատանք  ներդնես, եւ կամ կը հասնիս, կամ՝ ոչ:

 

-Անձնական օրինակով եթէ պատմէք, ինչպէ՞ս կ'ապահովէք տան կազը, ջուրը, ելեկտրականութիւնը: 


Վառելանիւթի՝ մազոթի պարագային, օրէնքով պետութիւնը մեզի՝ իւրաքանչիւր ընտանիքի տարեկան 400 լիթր պէտք է յատկացնէ, բայց դժբախտաբար, ահա ձմեռը վերջացաւ, եւ մենք դեռ միայն 200 լիթր ստացած ենք, տուներ կան դեռ այդ ալ չեն ստացած: Բացի այդ, այս սահմանուած քանակը շատ քիչ է, 200 լիթրը 20 օրուան մէջ կը սպառի, միաժամանակ շատ սուղ է, 200 լիթրին համար մենք մօտ 40,000 սուրիական կը վճարենք, մինչ առաջ՝ նախքան պատերազմը, 1000 լիթրը 7000 ոսկիի կը  գնէինք:

Ջուրի պարագային, փառք Աստուծոյ, ներկայիս արդէն  հարց չունինք, շատ լաւ է, բնականոն կերպով կը ստանանք, ըսելիք չունինք: Բայց ելեկտրականութեան համար յաւելեալ ծախսեր շատ ունինք. Պետութեան կողմէ տրամադրուած ելեկտրական հոսանքը շատ քիչ ժամերով կը տրուի եւ այդ  պատճառով ալ, ստիպուած կ՚ըլլանք այլընտրանքային ելեկտարկանութիւն ստանալ վճարելով յաւելեալ գումարներ։ Անցեալին, երբ «ամբեր»ով ելեկտրականութիւն ստանալու երեւոյթը նոր սկսած էր մէկ ամբերի համար կը վճարէինք  300  սուրիական ոսկի, իսկ ներկայիս կը վճարենք 1500 սուրիական ոսկի եւ անշուշտ  այս սղաճը կապ ունի մազութի բաւարար քանակի բացակայութեան հետ։

Ինչ կը վերաբերի կազի տագնապին, այդ մէկը իմ կարծիքով այս շրջանին սրած է, որովհետեւ երբ պետութիւնը ձմրան ընթացքին տուները մազոթով չի կրնար ապահովել, մարդիկ ստիպուած կ'ըլլան իրենց տուները ջերուցել օգտագործելով կազի տակառներ, եւ այդ  պատճառով է նաեւ, որ կազի տագնապ մը սկիզբ կը դնէ։ Կազի տագնապը ընդհանրապէս դեկտեմբեր ամսուն վերջաւորութեան կը սկսի, կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի վերջը, կ'ենթադրեմ, որ ասկէ վերջ բաւարար քանակութեամբ կը բաժնուի:

Անշուշտ պետութիւնը միշտ ջանք կ'ընէ այս տագնապներուն լուծումներ տալու, վերջերս իւրաքանչիւր ընտանիքի «խելացի քարտ»եր բաժնեցին, (այդ  քարտերը Դամասկոսի մէջ սկսած են օգտագործել, Հալէպի մէջ դեռ գործի չեն դրուած)։ Ինչպէս անցեալին մենք «պոն» ըսուած հնարաւորութիւն մը ունէինք, ճշդուած քանակութեամբ շատ յարմար գինով շաքար, բրինձ ստանալու, կ'ենթադրեմ, որ այս քարտերն ալ նման ծառայութիւն մը պիտի մատուցեն, եւ  շատ հաւանական է, որ այս միջոցով  կառավարութիւնը պիտի կարողանայ վառելանիւթի տագնապները լուծել։

 

-Հալէպի մէջ բնակող քառանդամ ընտանիք մը ինչքա՞ն գումարի պէտք ունի՝ սովորական կեանք մը վարելու համար:


Ներկայիս քառանդամ ընտանիք մը, միջին հաշուով, պէտք է ամիսը 250-300 հազար սուրիական ոսկիի եկամուտ ունենայ, որպէսզի կարենայ սովորական կեանք մը վարել: Բայց դժբախտաբար ներկայ պայմաններուն այս գումարը ապահովելը շատ դժուար է ե՛ւ պաշտօնեաներու եւ ազատ աշխատողներու համար: Այսօր մէկ անձի աշխատանքով անկարելի է ընտանիք պահել։ Մանաւանդ եթէ այդ տան մէջ ուսանող կայ, ծեր կայ, հիւանդ կայ, կամ վարձով տան մէջ կը բնակի: Պետական պաշտօնեան ամիսը միջին հաշուով 40-50 հազար գումար կը ստանայ: Ներկայիս մէկ տան մէջ գոնէ չորս հոգի պիտի աշխատին, որպէսզի ձեւով մը կարենան գոյատեւել։ Այս բոլորը հաշուի  առնելով կարելի է ըսել,  որ այսօր հալէպահայուն համար սովորական կեանքի ապրուստ ապահովելը բաւական «թանկ հաճոյք» մը դարձաւ։ Այո, բարեսիրական հաստատութիւններ կան, որոշ չափով կ'օժանդակեն, բայց նորէն ալ կեանքի սովորական պայմաններ ապահովելը  շատ դժուար եղաւ։

 

-Դուք բաւական դժուարութիւններէ անցաք, սակայն չհեռացաք Հաէպէն: Այսօրուայ իրավիճակը ձեզի յոյս կը ներշնչէ՞ վաղուայ՝ ապագայի հանդէպ:


Հալէպ մնալու կամ Հալէպէն ելլելու հարցը անձնական որոշումի հարց է: Իմ պարագայիս օրինակ, ես ո՛չ ամուսին, ո՛չ տղայ զաւակ ունիմ, մէկ աղջիկ մը ունիմ՝ ուսանող:

Եթէ անկեղծ ըլլամ, մանաւանդ պատերազմի ծանր օրերուն յաճախ մտածեր եմ Հալէպէն դուրս ելլելու մասին. Այդ ժամանակ ծովու ճամբով, որպէս  գաղթական կ'երթային, բայց շատ վախցայ, որ եթէ  ես այդպիսի  քայլ  մ՚առնեմ  եւ աղջկաս բան մը պատահի, ծովուն մէջ խեղդուի, ես իմ մնացած կեանքս դժբախտ եւ խղճի խայթով պիտի ապրիմ, իսկ եթէ հակառակը ըլլայ, ինծի բան մը պատահի, աղջիկս մինակ պիտի մնայ, այդ է որ, ես այս հաշիւները ընելով դուրս չելայ:

Չեմ գիտեր՝ արդեօ՞ք ասկէ վերջ լաւ պիտի ըլլանք, թէ ոչ, շատ մութ է մեզի համար ներկայիս Հալէպի ապագան. ժամանակի ընթացքին մթնոլորտին վարժուեցանք, օր մը կայ, օր մը չկայ, օր մը մեր պէտքերը կրնանք ապահովել, օր մը չենք կրնար:

Բարեսիրական հաստատութիւնները, ինչպէս ըսի, որոշ չնչին օգնութիւն մը կու տան, բայց այդ մէկը, ինչպէս թրքերէն առածը կ'ըսէ «Դուրսէն եկածը տեղին չի գար, նոյնիսկ եթէ գայ, չես կրնար օգտագործել»:

Երբեմն կ'ըսեմ երանի Հալէպէն ելած ըլլայի. Եթէ ելլելու ըլլայինք ես ու աղջիկս միայն Հայաստան հաստատուելու մասին կը մտածէինք, բայց այդ պարագային ալ մեր կեանքը դարձեալ զէրոյէն պիտի սկսէինք։ Շատ մտածեցի, բայց չկրցայ, թերեւս եթէ կրցանք, յետագային, ես ու աղջիկս կը նախընտրենք հայրենիք հաստատուիլ, բայց հիմա կը սպասենք որ ան իր վկայականը առնէ, յետոյ տեսնենք՝ ինչ կ'ըլլայ։ Մենք այդ ուղղութեամբ կը մտածենք, բայց, ինչպէս կ'ըսեն՝ խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ:

Ես ասկէ աւելի չեմ  կրնար ընել, քանի որ արդէն շատ վնասներ կրեցինք, կրնամ ըսել՝ այս 8 տարուան ընթացքին 2 քիլօ ոսկիս ծախած եմ, որ ապրիմ, երկու քիլօ ոսկին քիչ բան չէ, հակառակ որ կ'աշխատիմ։ Նաեւ տուն մըն ալ ունիմ, որ վարձու տուած եմ, հոնկէ ալ քիչ մը գումար կը ստանամ, բայց  նորէն չենք հասցըներ, կեանքը շատ սուղ է, ինչքան ալ խնայենք, չենք հասցըներ։ Կեանքը մեզի համար հիմա Հալէպի մէջ հարցման նշան է, չենք կրնար այդ հարցման նշանին դէմ կենալ: