image

Վաղը՝ 7 Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ բացումը պիտի կատարուի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին

Վաղը՝ 7  Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ բացումը  պիտի կատարուի Աստուածամօր  Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին

 

Վաղը՝ 7 ապրիլին, ժամը 10:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարի օծման եւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Ինչպէս  կը տեղեկացնեն   Արցախի  թեմի  առաջնորդարանէն,  տաճարի օծման  առաջին փուլը, որ  կը կոչուի  «լուացում»,  տեղի պիտի ունենայ  այսօր՝  6 ապրիլի   երեկոյեան: Իսկ  վաղը՝   ժամը  10:00-ին,  տեղի  պիտի ունենայ Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարի օծման արարողութիւնը: Ժամը 11:00-ին ալ Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի  ձեռամբ պիտի մատուցուի առաջին պատարագը:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Մայր տաճարի կառուցման առաջին բարերար լուսահոգի Հրանդ Վարդանեանի երկու որդիները՝ Կարէն եւ Միքայէլ Վարդանեանները. անոնց ընտանիքը ընդհանուր առմամբ նուիրաբերած է 400 միլիոն դրամ: Միջոցառման պիտի մասնակցին  նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Մայր տաճարի այլ հովանաւորներ, պետական այրեր, հիւրեր եւ այլք: