image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ.Ոգեկոչում Ապրիլեան նահատակներու

Հալէպ.Ոգեկոչում Ապրիլեան  նահատակներու

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի շրջանակէն ներս 23 ապրիլին Բերիոյ Հայոց թեմի, Բերիոյ թեմի Հայ կաթողիկէ համայնքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքներու առաջնորդներու բարձր հովանավորութեամբ Հալէպի Զուարթնոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է հսկումի արարողութիւն:

Երեք համայնքի հոգեւոր առաջնորդներու ելոյթներուն մէջ անդրադարձ կատարուած է ցեղասպանութեան պատմական կողմերուն, միջազգային ճանաչման գործընթացին` կոչ ընելով մէկտեղել ջանքերն ու առաւել աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներ տանիլ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղղութեամբ:

Ապրիլ 24-ին Հալէպի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է սուրբ պատարագ` նուիրուած անմեղ նահատակներու յիշատակին: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած է ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն, որուն մասնակցած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան անձնակազմը: Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, մեկնարկած է արեան տուչութեան աւանդական միջոցառումը` Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմերու ցուցադրմամբ: 

Նոյն օրը Հալէպի Եսայեան սրահին մէջ մեկնարկած է Հայոց Մեծ Եղեռնի 104-րդ տարելիցին նուիրուած հիմնական միջոցառումը` հալէպահայ բոլոր ազգային կառոյցներու ղեկավարներու, անդամներու, ներկայացուցիչներու, օտար հիւրերու մասնակցութեամբ: Ելոյթով հանդէս եկած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը` երախտիքի խօսք փոխանցելով Սուրիոյ կառավարութեանն ու բարեկամ ժողովուրդին` Հալէպի մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն փրկութեան ձեռք մեկնելու համար: