image

Սպանութեան ծանր դէպք Աթէնքի մէջ.Անարգ ոճիրի զոհ գացած է Մերուժան Հարթենեանը

Սպանութեան   ծանր դէպք  Աթէնքի  մէջ.Անարգ ոճիրի   զոհ   գացած է Մերուժան  Հարթենեանը

Խորապէս  ցնցուած է յունահայ   համայնքը։  Օրեր  առաջ  իր տան շէմին  սպաննուած է    գաղութի  աշխոյժ  անդամներէն՝ Մերուժան Հարթենեանը։

Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Աթէնքէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ  երկու դիմակաւոր անձեր    դարանակալ կերպով անակնկալի  մատնած են Հարթենեանը  ու    եօթ  փամփուշտներով       սպաննած են  մեր հայրենակիցը։

 

Բնիկ Էջմիածինցի եւ  վերջին տարիներուն Յունաստան  հաստատուած Մերուժանը    կը վայելէր  սէրն ու համակրանքը   Աթէնքի  հայութեան,  եկեղեցական շրջանակներուն,  ամբողջ  համայնքին։

 

Որպէս  աշխոյժ եւ բոլորին  կողմէ  սիրուած ու յարգուած  անձնաւորութիւն        Հարթենեան  2015  թուականին ընտրուած էր     Աթէնքի  թեմական խորհուրդի անդամ, իսկ  2017-ին     ընտրուած էր  թեմական խորհուրդի  ատենապետ։

 

1978  թուականի  ծնունդ  Հարթենեան  ամուսնացած էր եւ հայր էր երկու  զաւակներու։

Կը նշուի  նաեւ, որ  հանգուցեալին հոգիին համար այսօր հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է  Աթէնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ  յառաջիկայ օրերուն անոր մարմինը   պիտի փոխադրուի Հայաստան, գտնելու համար   իր յաւիտենական հանգիստը։