image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ բարերարը հովանաւորած է հայաստանցի երիտասարդ ստեղծագործողներ

Սուրիահայ բարերարը հովանաւորած է հայաստանցի երիտասարդ ստեղծագործողներ

Բիւզանդ 3 հասցէին վրայ՝ «Մասուր» սրճարանի հարեւանութեամբ բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որը կը կրէ  «Ուղեղի խաղեր՝ մտքի աչքերով» խորագիրը: Ցուցահանդէսի կազմակերպիչը «ԱրթԶ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնն է, իսկ հովանաւորը՝ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ, սուրիահայ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը: Ան, հաւնելով երիտասարդ ստեղծագործողներու գաղափարը՝ անոնց տարածք տրամադրած է ցուցահանդէսի համար, ինչպէս նաեւ հովանաւորած է մրցանակային ֆոնտը:

«Ուղեղի խաղեր՝ մտքի աչքերով» ցուցահանդէս-մրցոյթին ներկայացուած էին ձեւաւորուած եւ նկարազարդուած բնորդներ (մանիւքէններ), որոնք նախօրօք բաժանուած էին խումբ մը ստեղծագործողներու՝ առաջարկելով իրենց միտքի թռիչքով ձեւաւորել: Արդէն ձեւաւորուած բնորդներէն (մանիւքէններէն) մասնագէտ ժիւրին պէտք է ընտրէր երեք լաւագոյն աշխատանքները: Ցուցահանդէս-մրցոյթի բացման «ԱրթԶ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Օսաննա Քարամեանը «Արեւելք»ին ըսաւ, որ ցուցահանդէսը իր բնոյթով նորամուծութիւն է մեր մշակութային կեանքին մէջ, ինչը շատ ոգեւորած է նաեւ երիտասարդները, անոնք գործի դրած էին անսպառ երեւակայութիւն:

Մասնակից երիտասարդները Երեւանէն եւ մարզերէն էին, թիւով՝ 35 հոգի 17-22 տարեկան ստեղծագործողներ, որոնք բնորդները ձեւաւորած էին ամենատարբեր թեմաներով՝  օգտագործելով քոլաժային, կրաֆիքական եւ այլ ժանրեր:  Մրցոյթի աւարտին ժիւրին ընտրեց  երեք լաւագոյնները: Առաջին մրցանակը (250 հազար դրամ), շնորհուեցաւ Գեղարքունիքի Ծովասար գիւղէն նկարչուհի-ձեւաորող Անի Շահպաեանին, երկրորդ մրցանակին (150 հազար դրամ) արժանացաւ երեւանցի ստեղծագործող Աշոտ Վարդանեանը, իսկ երրորդ մրցանակը ստացաւ  Արմաւիրի մարզէն Գէորգ Արշակեանը (100 հազար դրամ):  

Նշենք նաեւ, որ «ԱրթԶ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնն իր գործունէութիւնը սկսած է 2018 թուականին եւ նպատակ ունի նպաստելու արուեստի ու մշակոյթի հանրահռչակմանն ու ստեղծագործողներուն:

Ամենատարբեր ձեւաւորումներ ստացած մանեկենները  Բիւզանդ 3 հասցէի վրայ կը ցուցադրուին նաեւ 5 յունիսին:


  

Առաջին մրցանակի արժանացած Անի Շահպազեանը՝ աշխատանքի հետ

 

Երկրորդ մրցանակին արժանացած Աշոտ Վարդանեանը՝ «Տիրացում» խորագրով աշխատանքի հետ

 

Երրորդ մրցանակակիր Գէորգ Արշակեանը եւ «Ընտանիք» աշխատանքը

 

«ԱրթԶ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Օսաննա Քարամեանը կը յայտարարէ յաղթողներու անունները: 


Լուսանկարները՝ «Արեւելք»ի