image

Պաղտատէն Երեւան ճամբորդող հանրակառքի վարորդը կալանքի տակ.Իրաքեան աղբիւր

Պաղտատէն Երեւան   ճամբորդող  հանրակառքի վարորդը կալանքի տակ.Իրաքեան աղբիւր

Օրերս   ցամաքի   ճամբով   Պաղտատէն Երեւան   հասնիլ փորձող առաջին հանրակառքի    ճամբորդութիւնը  խափանուած  է։ Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ  իրաքեան «Ալ Հատաս»   կայանը նշելով, որ Իրան-Հայաստան  սահմանային հատուածին վրայ     Պաղտատէն  հասնող հանրակառքի  վարորդը  ձերբակալուած է ՀՀ իրաւապահ  մարմիններուն կողմէ։

 Աղբիւրը նաեւ կը  հաղորդէ, որ    իրաքցի վարորդը իր հետ ունեցած է   արգիլուած նիւթեր, որուն համար ալ     ուղղաթիռով    փոխադրուած է  Երեւան։

 

 Տրուած ըլլալով, որ       եղածը   Պաղտատ-Երեւան  գիծի  առաջին   ճամբորդութիւնն էր, հանրակառքին մէջ ուղեւորներ չեն եղած։

 

 

 Վարորդի  ճակատագրին մասին  տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։

 

 Նշենք, որ լուրը   տրուած է իրաքեան «Ալ Հատաս»  կայանին կողմէ։