image

Սուրիահայ բժիշկը անարդար կերպով ծեծի ենթարկուած

Սուրիահայ բժիշկը անարդար կերպով  ծեծի  ենթարկուած

 

Սուրիահայ բժիշկ Արման Տ.-ն անարդար կերպով ծեծի ենթարկուած է։ Այս  մասին կը հաղորդէ «News.am»ը: Կը նշուի, որ բժիշկը կը պաշտօնավարէր «Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական կեդրոնէն ներս:
Ծեծի ենթարկուած սուրիահայ բժիշկը մահացած հիւանդի վիրահատութեան հետ որեւէ կապ չէ ունեցած։ Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է «Գրիգոր Լուսաւորիչ» ԲԿ-ի փոխտնօրէն Արտակ Մանուկեանը։ Նշենք, որ ան նախօրէին դիմած էր ոստիկանութիւն՝ տեղեկացնելով, որ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» ԲԿ-ի մէջ վիրահատութենէն ետք մահացած հիւանդի որդին, որ կ'աշխատի ֆինանսներու նախարարութեան մէջ որպէս առաջատար մասնագէտ, ծեծած էր բժիշկին։

 

«Վիրահատութիւնից յետոյ հիւանդը դուրս է եկել, քայլել է, իրեն լաւ է զգացել, ու գիշերը քնած ժամանակ մահացել է։ Դրանից յետոյ մահացած հիւանդի որդին գիշերով եկել ու միանգամից ծեծի է ենթարկել հերթապահ բժշկին, ով վիրահատութեան հետ բացարձակ կապ չի էլ ունեցել։ Բժիշկն էլ այնքան պարկեշտ է եղել, որ անգամ չի պատասխանել իրենց»։

Հերթապահ բժիշկ Արման Տ.-ն հրաժարած է դէպքի մասին խօսիլ, միայն ըսած է, որ սուրիահայ է։