image

Հայաստանն այսօր կը նշէ «Սահմանադրութեան օր»ը

Հայաստանն այսօր կը նշէ «Սահմանադրութեան օր»ը

5 Յուլիս 1995-ին անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէ ՀՀ Սահմանադրութեան ընդունման նպատակով: Այն ընդունուեցաւ գրեթէ միաձայն:

Սահմանադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջնականապէս հռչակուեցաւ ժողովրդավարական, ընկերային, իրաւական պետութիւն, յստակօրէն տարանջատուեցան իշխանութեան երեք ճիւղերու (օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական) գործառոյթները: Մայր օրէնքով ամրագրուեցան մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները:

Սահմանադրութիւնը փոխուած է 27 նոյեմբեր 2005-ին՝ կրկին հանրաքուէով: Սահմանադրական վերջին փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են 5 դեկտեմբեր 2015-ին, որուն համաձայն Հայաստանը կառավարման կիսանախագահական մոտելէն անցում կատարեց խորհրդարանականի:

Ի դէպ, կառավարութեան 4 յուլիս 2013-ի որոշմամբ՝ 5 յուլիսը կը նշուի ոչ միայն որպէս Սահմանադրութեան, այլեւ Պետական խորհրդանիշերու օր: Պետական խորհրդանիշերն են ՀՀ պետական դրօշը` եռագոյնը, զինանշանը եւ օրհներգը: