image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպի դէմ կատարուած հրթիռարձակումները ահաբեկիչներու պարտութեան նշանն են» Շահէ Մինասեան

«Հալէպի դէմ  կատարուած հրթիռարձակումները  ահաբեկիչներու  պարտութեան   նշանն են» Շահէ Մինասեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Հալէպի նահանգային խորհուրդի  հայ անդամ   Շահէ Մինասեանը:

 

-Գիտենք, որ երէկ, երբ հրթիռարձակումներու ենթարկուեցաւ Հալէպի քաղաքային խորհուրդի «Քասըր Ալ Պալատի»ի շէնքը, դուք կը գտնուէիք այնտեղ, ժողովի սրահներէ մկուն մէջ: Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէ՞ս լսեցիք եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դուրս եկաք շէնքէն:

Երէկ, Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամները իրենց քառօրեայ որոշուած ժողովներուն առաջին նիստը կը գումարէին: Ժամը 10:00-ին  տեղի ունեցաւ նիստի բացումը եւ սովորականին պէս  կը շարունակուէր, երբ յանկարծ, մօտաւորապէս ժամը 1:30-ի կողմերը , շատ զօրաւոր պայթումի ձայն մը լսեցինք, բան մը, որ  մեզի մեծ անակնկալի բերաւ, որովհետեւ երկար շրջանէ ի վեր այսպիսի պայթումներ չէին լսուեր: Անշուշտ շէնքի ապահովութեան պատասխանատու ուժերը շատ արագ եկան ժողովի դահլիճ եւ խնդրեցին, որ սրահէն դուրս չելլենք, մինչեւ որ իրավիճակը վերահսկելի դառնայ: Մօտ 45 վայրկեան անց, արդէն մեզի տեղեկութիւն տրուեցաւ, որ պայթումին թիրախն էր  «Քասըր Ալ-Պալատի»ն, ուր կը գտնուէինք։ Շէնքը վնասուած էր, բայց ուրախալին այն էր, որ զոհեր չկային, թեթեւակի վիրաւորուածներն ալ արդէն նահանգային խորհուրդի ատենապետի հեռաձայնային կապերով,  արագօրէն շտապ օգնութեան մարմիններու կողմէ  տեղափոխուեցան հիւանդանոցներ:

Այսպիսով, մօտ մէկ ժամ ետք, սովորական վիճակ տիրեց եւ այն որ կ'ուզէր շէնքէն դուրս գալ, կրցաւ հանգիստ դուրս ելլել:

 

-Տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ հրթիռները արձակուած են՝ նպատակ ունենալով թիրախ դարձնել ժողովի մէջ գտնուող Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամներու հերթական ժողովը, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ տեղեկութիւնը:

Գիտէք, որ այս շէնքի՝ «Քասըր Ալ-պալատի»ին մէջ կը գործեն Հալէպի քաղաքապետին եւ նահանգապետին գրասենեակները, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ քաղաքային հարցերով զբաղուող բոլոր միւս գրասենեակները, հետեւաբար կարելի է այդպէս հասկնալ, սակայն ստոյգ տեղեկութիւններ չունինք: Բայց, ինչպէս գիտէք, Հալէպի մէջ  2012-էն մինչեւ 2016-ի վերջերը՝ մինչեւ Հալէպի ազատագրումը, այսպիսի յարձակումներ պատահած  են  նոյն այս շէնքին վրայ, բայց այդ մէկը երբեք չէր ազդած ոչ նահանգապետի, ոչ ալ նահանգային խորհուրդի անդամներու աշխատանքներուն վրայ, այլ ընդհակառակը, շատ աւելի դժուար պայմաններու մէջ խորհուրդի անդամները իրենց գործերը տարած  են  եւ այսօր ալ նոյնպէս պիտի տանին, ինչքան ալ ահաբեկիչները  ջանան այդ մէկը խանգարել:

 

-Երէկ  հրթիռներ նաեւ նետուեցան Հալէպի քաղաքային բնակչութեան շրջաններուն վրայ, յատկապէս ահաբեկիչներու «Հայ Ալ-Ռաշիտին» շրջանի դիմացը գտնուող «Հալապ Ժատիտա» շրջանին վրայ, ուր տասնեակ զոհեր գրանցուեցան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօրուայ եղած դէպքը:

Շիտակ է, ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ գտնուուղ Ռաշիտին շրջանէն արձակուած էին այդ հրթիռները, որ «Հալապ Ժատիտա»ի շրջանին մօտ է եւ պատերազմական գօտի կը նկատուի: Եթէ ուզեմ եղելութիւնը գնահատել, կրնամ ըսել, որ այսօր այս հրթիռներուն պատճառը, իմ կարծիքով, ահաբեկիչներու պարտութեան նշաններն են, քանի որ սուրիական զօրքը այսօր տարբեր ճակատներու վրայ յաղթանակներ կը տանի եւ, ցաւօք սրտի, թրքական կառավարութեան համար ալ Սուրիոյ դէմ միակ զէնքը այլեւս ահաբեկիչներն են, որոնք իր հրամանով է, որ կը շարժին:

Հոս ըսեմ, որ այն շրջանները, ուր հրթիռներ ինկան, մեր հայաբնակ շրջաններէն բաւական հեռու են, բայց, մեզի համար Հալէպի բոլոր բնակչութեան ապահովութիւնը կարեւոր է:

 

-Ահաբեկիչներու մասին, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, արդեօք բանակը կը պատրաստուի նոր ռազմական գործողութեան մը, ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Ահաբեկիչներու հարցով, կրնամ ըսել, որ  երէկ եւ այլ  առիթներով նետուած  հրթիռները անոնց պարտութեան նշաններ են եւ անոնք այլեւս ընելիք բան չունին: Ինչ կը վերաբերի սուրիական զօրքին, ես կը կարծեմ սուրիական զօրքը շատ լաւ գիտէ թէ երբ եւ ինչպէս ճակատներ պիտի բանայ. անշուշտ ասի զինուորական հարց է, զինուորական պատասխանատուներու գիտակցութեան ձգուած է եւ իրենք կ'որոշեն ժամանակը եւ տեղը, բայց ես, ինչպէս նաեւ բոլոր սուրիացիները կը հաւատանք, որ այլեւս ահաբեկիչները  ոչ մէկ բան ունին ընելիք, բացի սուրիական զօրքին յանձնուելէ, քանի որ սուրիական զօրքը կայուն է, տիրապետած է ընդհանուր ճակատներուն վրայ եւ որեւէ մէկ ներում պիտի չտայ, այլ պիտի շարունակէ իր յաղթանակները։

 

- Գիտենք նաեւ, որ Հալէպը տնտեսական բարդ դրութեան մէջ է, արդեօք այդ մէկը կապ ունի՞ քաղաքական իրավիճակին հետ, յատկապէս, որ շատեր կ'ըսեն, որ արեւմտեան ուժեր կը փորձեն տնտեսական առումով ծունկի բերել Հալէպը, հետեւաբար նաեւ Սուրիան, ի՞նչ կըսէք այդ առումով:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսական հարցին, կրնանք ըսել, այո, այսօր Սուրիան տնտեսական ծանր պայմաններու տակ է, որովհետեւ եւրոպական երկիրները եւ մանաւանդ Ամերիկան իրենց պատիժներով ճնշումներ կը բանեցնեն Սուրիոյ վրայ եւ որուն զոհ կ'երթայ ժողովուրդը: Սուրիոյ ժողվուրդը սակայն պատրաստ է ամէն տեսակ դժուարութիւն դիմակայելու, հաւատալով, որ այս շրջանը եւս կ'աւարտի եւ որ Ամերիկան ալ այլեւս կը հասկնայ որ, ինչպէս որ զինուորական գետնի վրայ չկրցան յաղթանակ  տանիլ, նոյն պարտութիւնը պիտի տանին նաեւ տնտեսական դաշտին մէջ:

Մենք ասկէ աւելի ծանր պայմաններ անցուցինք, կը կարծեմ այս օրերն ալ շատ աւելի հանգիստ պիտի անցընենք: Ինչպէս որ մեր նախագահ Պաշշար Ասատը ըսաւ՝ մենք ոեւէ մէկուն մեր գլուխը չենք ծռեր, ոեւէ մէկուն ենթակայ չենք ըլլար, այլ կը մնանք հպարտ  սուրիացիներ, ինչքան ալ  փորձեն  մեզ ճնշումի ենթարկել:

Անշուշտ այս առիթը օգտագործելով կ'ուզեմ, որպէս Հալէպի նահանգային խորհուրդի հայ անդամ, ըսել, որ Հալէպը շատ աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենայ եւ մեր գաղութը արդէն շատ աւելի  կայուն վիճակի մէջ է այսօր, քան  ինչ էր    պատերազմի   ծանր  օրերուն: